Տ. ԱՐԱՄ ԱՐՔ. ԱԹԷՇԵԱՆ ԵՐԷԿ ՆԱԽԱԳԱՀԵՑ ԵՆԻԳԻՒՂԻ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ԿԻՐԱԿՆՕՐԵԱՅ ԱՐԱՐՈՂՈՒԹԻՒՆՆԵՐՈՒՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ կիրակնօրեայ արարողութիւններուն նախագահեց Ենիգիւղի Գիւտ Տփոյ Ս. Աստուածածնի եկեղեցւոյ մէջ։ Օրուան պատարագիչն էր Տ. Պետրոս Քհնյ. Պուլտուքեան։ Ներկայ էր նաեւ Տ. Զատիկ Վրդ. Պապիկեան։ Երգեցողութիւնները կատարուեցան տեղւոյն դպիրներուն կողմէ՝ գլխաւորութեամբ Եդուարդ Վարժապետեանի։ Նորին Սրբազնութիւնը տուաւ օրուան պատգամը։
Յաւարտ արարողութեան Ենիգիւղի թաղային խորհուրդի անդամները Ընդհանուր Փոխանորդը հիւրասիրեցին յարակից սրահին մէջ։ Անմիջական զրոյցի ընթացքին Նորին Սրբազանութիւնը տեղեկութիւններ քաղեց թաղի գործունէութեան շուրջ եւ իր օրհնութիւնն ու գնահատանքը փոխանցեց թաղային խորհուրդին՝ Վոսփորի ափի այս եկեղեցւոյ կանթեղը վառ պահելու ուղղեալ բեղուն գործունէութեան համար։