ԱՄՈՒՐ ԴԻՐՔՈՐՈՇՈՒՄ…

Մեծն քսա­նեա­կի խմբա­կին (G-20) Ան­թա­լիոյ գա­գա­թա­ժո­ղո­վը այս օ­րե­րուն ոչ միայն Թուր­քիոյ, այլ ամ­բողջ աշ­խար­հի օ­րա­կար­գին վրայ կը ներ­կա­յաց­նէ ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւն։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղա­նի տան­տի­րու­թեամբ կազ­մա­կեր­պուած այս գա­գա­թա­ժո­ղո­վը հա­մախմ­բեց աշ­խար­հի գրե­թէ բո­լոր յա­ռա­ջա­տար եր­կիր­նե­րուն ղե­կա­վար­ներն ու մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը։ Փա­րի­զի ա­հա­բեկ­չու­թեան հե­տե­ւան­քով միայն ա­կա­մայ բա­ցա­կա­յե­ցաւ Ֆրան­սա­յի Նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ, ո­րու փո­խա­րէն Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Լո­րան Ֆա­պիուս մաս­նակ­ցե­ցաւ G-20-ի գա­գա­թին։ Ան­թա­լիոյ այս հա­ւա­քը, միեւ­նոյն ժա­մա­նակ, ու­րոյն հար­թա­կի մը վե­րա­ծուե­ցաւ՝ Փա­րի­զի ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին բո­ղոքն ու վճռա­կա­մու­թիւ­նը բա­նա­ձե­ւե­լու հա­մար։ Երբ հա­մայն աշ­խար­հի օ­րա­կար­գը յե­ղաշր­ջած է պա­տա­հած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը, մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քին յա­ռա­ջա­տար ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րը ար­տա­յայ­տե­ցին ի­րենց ա­մուր դիր­քո­րո­շու­մը ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ՝ երբ հա­կուած են հա­սա­րա­կաց ճա­կատ մը ձե­ւա­ւո­րե­լու մա­նա­ւանդ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» խմբա­ւոր­ման դէմ հա­րուած­ներ յա­րու­ցե­լու նպա­տա­կով։

Ընդ­հա­նուր ժո­ղով­նե­րուն եւ օ­րա­կար­գա­յին քննար­կում­նե­րուն ա­ռըն­թեր մաս­նա­կից ղե­կա­վար­նե­րը Ան­թա­լիոյ մէջ ու­նե­ցան նաեւ երկ­կող­մա­նի հան­դի­պում­ներ։ Էր­տո­ղանն ալ այս շրջագ­ծով տե­սակ­ցե­ցաւ հոծ թի­ւով պաշ­տօ­նա­կից­նե­րուն հետ։ Բո­լոր քննար­կում­նե­րուն ըն­թաց­քին օ­րա­կար­գի վրայ ե­կաւ ա­հա­բեկ­չու­թեան դէմ պայ­քա­րը։ Գա­գա­թա­ժո­ղո­վի ե­լոյ­թին ըն­թաց­քին ալ Էր­տո­ղան շեշ­տեց, թէ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կա­րե­լի է կան­խել աշ­խար­հի ու­նե­ւոր­նե­րու զո­հո­ղու­թիւ­նով։

ՓԱՐԻԶԻ ՑՆՑՈՒՄԷՆ ՎԵՐՋ ԾԱՒԱԼՈՒՆ ՀԱՐՑԱՔՆՆՈՒԹԻՒՆ

Փա­րի­զի մէջ Ուր­բաթ ե­րե­կո­յեան ապ­րուած ա­հա­ւոր ա­հա­բեկ­չու­թե­նէն վերջ Ֆրան­սա­յի մէջ կը տի­րէ ազ­գա­յին սու­գի մթնո­լորտ։ Մինչ ար­տա­կարգ դրու­թիւ­նը կը շա­րու­նա­կուի ամ­բողջ երկ­րէն ներս, Փա­րի­զի փո­ղոց­նե­րը լե­ցուն են բո­ղո­քի, դի­մադ­րու­թեան ու ո­գե­կոչ­ման դրսե­ւո­րում­նե­րով։ Այս ա­ռու­մով շատ խորհր­դան­շա­կան էր ե­րէկ ե­րե­կո­յեան ժա­մե­րուն Նոթ­րը Տամ Մայր Տա­ճա­րին մէջ տե­ղի ու­նե­ցած սու­գի ա­րա­րո­ղու­թիւ­նը, ո­րուն նա­խա­գա­հեց Փա­րի­զի վի­ճա­կա­ւո­րը՝ Կար­տի­նալ Վենթ­րուա։

Բնա­կա­նա­բար, ամ­բողջ Ֆրան­սա­յի եւ մի­ջազ­գա­յին ըն­տա­նի­քի ու­շադ­րու­թիւ­նը կեդ­րո­նա­ցած է Է­լի­զէի պա­լա­տին վրայ։ Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ շատ բարդ ի­րա­վի­ճա­կի մը մէջ հսկո­ղու­թեան տակ կը պա­հէ կա­ցու­թիւ­նը։ Ան շա­բա­թա­վեր­ջին ի­րա­կա­նա­ցուց շարք մը քա­ղա­քա­կան խորհր­դակ­ցու­թիւն­ներ՝ խորհր­դա­րա­նէ ներս ներ­կա­յա­ցուած կամ խորհր­դա­րա­նէ դուրս մնա­ցած կու­սակ­ցու­թիւն­նե­րու բարձ­րաս­տի­ճան ներ­կա­յա­ցու­ցիչ­նե­րուն հետ։ Այս շրջագ­ծով Է­լի­զէի պա­լա­տը փու­թա­ցին նաեւ երկ­րի նախ­կին նա­խա­գա­հը՝ Նի­քո­լա Սար­քո­զի եւ «Ազ­գա­յին ճա­կատ» ծայ­րա­յեղ ա­ջա­կող­մեան կու­սակ­ցու­թեան ղե­կա­վար Մա­րին Լը Փէն։ Օ­լանտ կը փոր­ձէ այս բո­լոր խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ մօ­տա­ւոր ա­պա­գա­յի ռազ­մա­վա­րու­թիւ­նը յստա­կաց­նել բազ­մա­թիւ ուղ­ղու­թիւն­նե­րով։ Այ­սօր ալ ֆրան­սա­ցի ղե­կա­վա­րը ե­լոյ­թով մը հան­դէս կու գայ Վեր­սա­յի մէջ, Ֆրան­սա­յի խորհր­դա­րա­նի լիա­գու­մար նիս­տին ըն­թաց­քին։ Հարկ է նշել, որ այդ երկ­րի նա­խըն­թաց­նե­րով խորհր­դա­րա­նը կը բաղ­կա­նայ Ծե­րա­կոյ­տի եւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի հա­մա­տեղ կազ­մէն եւ ժո­ղով­նե­րը կը գու­մա­րէ Վեր­սա­յի պա­լա­տի հա­մա­լի­րէն ներս։

Ֆրան­սա­կան պատ­կան իշ­խա­նու­թիւն­նե­րը դէպ­քին վե­րա­բե­րեալ յա­ռաջ կը տա­նին նաեւ լայ­նա­ծա­ւալ հար­ցաքն­նու­թիւն մը։ Պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րը սպան­նուած կամ մա­հա­ցած ա­հա­բե­կիչ­նե­րու վե­րա­բե­րեալ տե­ղե­կու­թիւն­ներ կը հրա­պա­րա­կեն, մինչ այդ ար­դէն ա­հա­զան­գա­յին թա­փով կ՚ո­րո­նեն Ապ­տիւլ­սե­լամ Սա­լա­հը, որ Ֆրան­սա­յի Հան­րա­պե­տու­թեան 26-ա­մեայ քա­ղա­քա­ցի մըն է։ Հար­ցաքն­նու­թեան շրջագ­ծով ստու­գուած է, որ ան Պրիւք­սէ­լէն ղե­կա­վա­րած է այս ա­հա­բեկ­չա­կան սար­սա­փե­լի յար­ձա­կու­մը։ Սոյն տուեա­լի յայտ­նի դառ­նա­լուն զու­գա­հեռ Ֆրան­սա­յի եւ Պել­ժիոյ ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րը շարժ­ման ան­ցան ան­մի­ջա­պէս։ Ֆրան­սա­յէն պա­տուի­րա­կու­թիւն մը շա­բա­թա­վեր­ջին մեկ­նե­ցաւ Պրիւք­սէլ, իսկ Ֆրան­սա­յի Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Պեռ­նար Քազ­նէօվ Փա­րի­զի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց իր պել­ժիա­ցի պաշ­տօ­նա­կի­ցը։ Տուեալ­ներ կան, որ դէպ­քի պա­տա­հած գի­շե­րուան յա­ջորդ ա­ռա­ւօ­տը ան Ֆրան­սա­յի սահ­ման­նե­րէն դուրս գա­լով ան­ցած է Պել­ժիա։ Դա­տա­խա­զու­թեան եւ Ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րա­րու­թեան կող­մէ պար­բե­րա­բար Ֆրան­սա­յի մէջ հան­րա­յին կար­ծի­քը կը լու­սա­բա­նուի հար­ցաքն­նու­թեան ըն­թաց­քին շուրջ։ Մինչ այդ, Ֆրան­սա­յի օ­րէնսդ­րու­թեամբ հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հը ի­րա­ւա­սու­թիւն ու­նի երկ­րէն ներս ար­տա­կարգ դրու­թիւն հաս­տա­տե­լու տաս­ներ­կու օ­րուան ժամ­կէ­տով։ Հի­մա Ֆրան­սա­յի մէջ օ­րա­կար­գի վրայ ե­կած է այդ ժամ­կէ­տը ե­րեք ամ­սուան բարձ­րաց­նե­լու վար­կա­ծը։ Քա­ղա­քա­կան խորհր­դակ­ցու­թիւն­նե­րու լոյ­սին տակ, կը նա­խա­տե­սուի՝ որ կա­ռա­վա­րու­թիւ­նը վա­ղը հա­մա­պա­տաս­խան աշ­խա­տանք­նե­րը պի­տի քննար­կէ իր հեր­թա­կան ժո­ղո­վին ըն­թաց­քին։

Միւս կող­մէ, Ֆրան­սա­յի ռազ­մաօ­դա­յին զօր­քե­րը ե­րէկ գի­շե­րուան դրու­թեամբ սկսան ա­հա­ւոր հա­րուած­ներ հասց­նել «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւոր­ման դէմ, որ ստանձ­նեց Փա­րի­զի յար­ձա­կում­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւ­նը։ Ֆրան­սա­կան տաս­ներ­կու ռազ­մաօ­դա­նա­ւեր ե­րէկ ե­րե­կո­յեան Յոր­դա­նա­նէն եւ Ա­րա­բա­կան Միա­ցեալ Է­մի­րու­թիւն­նե­րէն թռիչք առ­նե­լով սաս­տիկ ձե­ւով ռմբա­կո­ծե­ցին Ռաք­քա քա­ղա­քը։ Այս վեր­ջի­նը Ի­ՇԻՊ-ի գործ­նա­կան մայ­րա­քա­ղա­քը կը հա­մա­րուի Սու­րիա­յէ ներս։ Ֆրան­սա­կան ռազ­մաօ­դա­նա­ւե­րը այս գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն ըն­թաց­քին ռմբա­կո­ծե­ցին քսան թի­րախ­ներ, նե­րա­ռեալ՝ Ի­ՇԻՊ-ի հրա­մա­նա­տա­րա­կան կեդ­րո­նը, մար­զում­նե­րու խա­րիս­խը եւ զի­նա­նո­ցը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 16, 2015