«ՖՐԱՆՍԱ ՊԱՏԵՐԱԶՄԻ ՄԷՋ»

Փա­րի­զի մէջ պա­տա­հած ան­նա­խըն­թաց ա­հա­բեկ­չու­թեան պատ­ճա­ռած ցնցու­մը յե­ղաշր­ջած է Ֆրան­սա­յի օ­րա­կար­գը։ Բո­վան­դակ երկ­րէն ներս յայ­տա­րա­րուած ե­ռօ­րեայ ազ­գա­յին սու­գը այ­սօր կը հաս­նի իր ա­ւար­տին, կեան­քը թէեւ աս­տի­ճա­նա­բար կը վե­րա­դառ­նայ բնա­կա­նոն հու­նին, սա­կայն յայտ­նի է, որ այս յար­ձակ­ման հա­շուե­յար­դա­րը տա­կա­ւին եր­կար պի­տի զբա­ղեց­նէ Ֆրան­սան։ Փա­րի­զի զա­նա­զան շրջան­նե­րուն մէջ, հա­զա­րա­ւոր­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ե­րէկ հրա­պա­րակ­նե­րու վրայ պա­հուե­ցաւ յար­գան­քի լռու­թիւն։ Ժո­ղո­վուր­դը ծա­ղիկ­ներ թո­ղուց եւ մո­մեր վա­ռեց զո­հե­րու յի­շա­տա­կին։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Ֆրան­սուա Օ­լանտ եւ պե­տա­կան ա­ւա­գա­նիէն յա­ռա­ջա­տար դէմ­քեր ալ նման սգա­հան­դէ­սի մը մաս­նակ­ցե­ցան Սոր­պո­նի հա­մալ­սա­րա­նին մէջ։

Ե­րէ­կուան կա­րե­ւո­րա­գոյն ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րէն մին էր Ֆրան­սա­յի խորհր­դա­րա­նին գու­մա­րած ժո­ղո­վը՝ Վեր­սա­յի պա­լա­տէն ներս։ Նա­խա­գահ Օ­լանտ շատ վճռա­կան ե­լոյ­թով մը հան­դէս ե­կաւ երկ­րի խորհր­դա­րա­նին առ­ջեւ։ Ծե­րա­կոյ­տի եւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի ան­դամ­նե­րու հա­մա­տեղ նիս­տին ժա­մա­նակ Օ­լանտ բա­ցա­յայ­տօ­րէն յայ­տա­րա­րեց, որ Ֆրան­սա կը գտնուի պա­տե­րազ­մի մէջ։ «Փա­րի­զի յար­ձա­կում­նե­րը ծրագ­րա­ւո­րուե­ցան Սու­րիոյ մէջ եւ կարգ մը ֆրան­սա­ցի­նե­րու օ­ժան­դա­կու­թեամբ ղե­կա­վա­րուե­ցան Պել­ժիա­յէն», ը­սաւ Ֆրան­սուա Օ­լանտ, որ տե­ղե­կա­ցուց, թէ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թեան» դէմ Սու­րիոյ մէջ Ֆրան­սա պի­տի խտաց­նէ իր գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րը։ Ֆրան­սուա Օ­լանտ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ տե­ղե­կա­ցուց, որ ար­տա­կարգ ժո­ղո­վի հրա­ւի­րած է ՄԱԿ-ի Անվ­տան­գու­թեան խոր­հուր­դը։

Ֆրան­սա­յի խորհր­դա­րա­նի նիս­տին ըն­թաց­քին Օ­լանտ ար­տա­յայ­տեց այն հա­մո­զու­մը, թէ յար­մար կը դա­տէ երկ­րի սահ­մա­նադ­րու­թեան փո­փո­խու­թեան են­թար­կուի­լը, որ­պէս­զի ար­տա­կարգ դրու­թեան ժամ­կէ­տը կա­րե­լի ըլ­լայ տաս­ներ­կու օ­րէն բարձ­րաց­նել ե­րեք ամ­սուան։ Ըստ Օ­լան­տի, ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման ըն­թաց­քին 19 ազ­գու­թիւն­նե­րէ անձ­նա­ւո­րու­թիւն մա­հա­ցած է, հե­տե­ւա­բար ա­ռանց խտրա­կա­նու­թեան ամ­բողջ Ֆրան­սան թի­րա­խը դար­ձած է այդ յար­ձակ­ման։ Օ­րէնսդ­րու­թեան մէջ փո­փո­խու­թիւն կա­տա­րե­լու նա­խա­ձեռ­նու­թեան ա­ռըն­թեր, Ֆրան­սուա Օ­լանտ տե­ղե­կա­ցուց նաեւ, որ յա­ռա­ջի­կայ եր­կու տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ի­րա­ւա­պահ մար­մին­նե­րու հա­մա­կար­գի շար­քե­րը 10 հա­զար հո­գիով պի­տի լրամ­շա­կուին՝ մին­չեւ իր նա­խա­գա­հա­կան պաշ­տօ­նա­վա­րա­կան ժամ­կէ­տին ա­ւար­տը։ Ան կա­րե­ւո­րու­թեամբ մատ­նան­շեց, որ անվ­տան­գու­թեան եւ պաշտ­պա­նու­թեան բնա­գա­ւառ­նե­րու պա­րա­գա­յին խնա­յո­ղու­թիւն­ներ պի­տի չկա­տա­րուին։ Ֆրան­սա­ցի ղե­կա­վա­րը յի­շե­ցուց, որ ֆրան­սա­կան ժո­ղովր­դա­վա­րու­թիւ­նը շատ ա­ւե­լի դժուար թշնա­մի­նե­րու դէմ պա­տե­րազ­մե­լով տա­րած է յաղ­թա­նակ­ներ։

Ֆրան­սա­յի խորհր­դա­րա­նէն ներս ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած նիս­տը իս­կա­պէս պատ­մա­կան էր։ Երկ­րի դրու­թիւ­նով, պե­տու­թեան գլխա­ւո­րին օ­րէնս­դիր մարմ­նէն ներս ե­լոյթ ու­նե­նա­լը ար­գի­լուած է։ Հե­տե­ւա­բար, նա­խա­գա­հը երբ որ օ­րէնս­դիր մար­մի­նին խօսք ուղ­ղե­լու անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը զգայ՝ Վեր­սա­յի պա­լա­տին մէջ ժո­ղո­վի կը հրա­ւի­րէ խորհր­դա­րա­նը, որ Ծե­րա­կոյ­տի եւ Ազ­գա­յին ժո­ղո­վի խառն կազմն է։ Ա­ռա­ջին ան­գամ 1848 թուա­կա­նին խորհր­դա­րա­նը ժո­ղո­վի հրա­ւի­րած էր Նա­փո­լէոն Պո­նա­փարթ։ Երկ­րորդ ան­գամ 2009 թուա­կա­նին նախ­կին նա­խա­գահ Նի­քո­լա Սար­քո­զի ժո­ղո­վի հրա­ւի­րած էր խորհր­դա­րա­նը։ Ֆրան­սուա Օ­լան­տի գլխա­ւո­րու­թեամբ գու­մա­րուած ե­րէ­կուան ժո­ղո­վը պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին ե­ղաւ եր­րոր­դը։ Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գա­հի ե­լոյ­թէն վերջ ֆրան­սա­ցի խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը ինք­նա­բուխ ձե­ւով յոտն­կայս միա­բե­րան եր­գե­ցին երկ­րի ազ­գա­յին քայ­լեր­գը՝ Մար­սէյ­յէզը։

Օ­լան­տի ե­լոյ­թէն վերջ խորհր­դա­րա­նա­կան­նե­րը շա­րու­նա­կե­ցին քննար­կում­նե­րը։ Այս հանգ­րուա­նին, Հան­րա­պե­տա­կան­նե­րը ո­րոշ վե­րա­պա­հու­թիւն­ներ յայտ­նե­ցին՝ նա­խա­գա­հին կող­մէ նա­խա­տե­սուած սահ­մա­նադ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րուն շուրջ։

Միւս կող­մէ, ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձակ­ման հիմ­նա­կան կաս­կա­ծեալ­նե­րէն Ապ­տիւլ­սե­լամ Սա­լահ ե­րէկ ձեր­բա­կա­լուե­ցաւ Պել­ժիոյ մէջ։

ՄՏԱՀՈԳԻՉ ՏՈՒԵԱԼ

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջը այս ա­ռա­ւօտ տե­ղե­կա­ցուց, թէ Փա­րի­զի ա­հա­բեկ­չու­թեան զո­հե­րու շար­քին խիստ հա­ւա­նա­բար կը գտնուի նաեւ Լո­լա Ու­զու­նեան։ 17-ա­մեայ հա­յու­հիին ա­նու­նը դէպ­քի պա­տա­հած օ­րէն ի վեր կը գտնուէր շրջա­նա­ռու­թեան մէջ, սա­կայն ան կը հա­մա­րուէր կոր­սուած։ Վեր­ջին ի­րա­դար­ձու­թիւն­նե­րը, սա­կայն, դժբախ­տա­բար հա­ւա­նա­կան դար­ձու­ցած են Լո­լա Ու­զու­նեա­նի մա­հա­ցած ըլ­լա­լու վար­կա­ծը։

Վե­րո­յի­շեալ աղ­բիւ­րը, յա­մե­նայն­դէպս, վե­րա­պա­հու­թեամբ ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցած է այս սկզբնա­կան տուեա­լին, ո­րու վե­րա­բե­րեալ ստոյգ ման­րա­մաս­նու­թիւն­նե­րը ա­ռայժմ կը պակ­սին։

 

 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 17, 2015