ՀԱԼԷՊԻ ՍՐԲՈՑ ՔԱՌԱՍՆԻՑ ՄԱՆԿԱՆՑ ԵԿԵՂԵՑԻՆ ՅԱՄԱՌՕՐԷՆ ԲԱՑ ԿԸ ՊԱՀԷ ԻՐ ԴՌՆԵՐԸ ՀԱՒԱՏԱՑԵԱԼՆԵՐՈՒՆ ՀԱՄԱՐ
«Արեւելք» կայքէջի վրայ կը կարդանք.-
Հալէպահայութեան համար պատմական եւ ոգեղէն արժէք ունեցող Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին հակառակ ծանր աւերածութեան կը շարունակէ մնալ կանգուն: «Արեւելք» այս մասին տեղեկութիւն ստացաւ Հալէպի իր աղբիւրներէն: Մեր աղբիւրը նաեւ յայտնեց, որ ներկայ պահու դրութեամբ եկեղեցիի շրջակայքը կարելի է հասնիլ Սահաթ Ֆարհաթ շրջանէն կամ ինչպէս հալէպցիներուն համար ընդունուած է ըսել եկեղեցւոյ հոգետունէն: Կը հաղորդուի նաեւ, որ դէպի եկեղեցի տանող գլխաւոր Սապըհ Պահրաթի ճամբան կը շարունակէ մնալ փակ: Մեր աղբիւրը նաեւ մտահոգութիւն յայտնեց, որ ընդդիմադիր զինեալներու կողմէ եկեղեցիին ուղղութեամբ արձակուած պայթուցիկ տակառները մեծ աւերածութիւն գործած են եւ աւերակուած բաժինները կլիմայական պայմաններու բերումով ամէն օր յաւելեալ մաշումի կ՚ենթարկուին: 15-րդ դարուն հիմնադրուած Հայ Առաքելական Սրբոց Քառասնից Մանկանց եկեղեցին սուրիահայութեան ու յատկապէս հալէպահայութեան համար ազգային, ոգեղէն եւ մշակութային խորհրդանիշ է, որուն պահպանումը էական խորհուրդ կը ներկայացնէ ոեւէ հայու համար:
Նշենք, որ լուսանկարները տրամադրուած են «Արեւելք»ի Հալէպի աղբիւրներուն կողմէ: