ՀԱՄԱՏԵՂ ՏԵՍԼԱԿԱՆ
Յունաստանի Վարչապետ Ալեքսիս Ցիփրաս երէկ ամենաբարձր մակարդակի վրայ հիւրընկալուեցաւ Անգարայի ղեկավարութեան կողմէ։ Առաւօտուն Իսթանպուլի մէջ Ֆենէրի Յունաց Պատրիարքարանը այցելելէ եւ Տ.Տ. Պարթոլոմէոս Ա. Պատրիարքին հետ տեսակցելէ վերջ, ան ուղեւորուեցաւ մայրաքաղաք, ուր հանդիպումներ ունեցաւ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողանի եւ Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ։ Առանձնազրոյցներուն եւ պատուիրակութիւններու բանակցութիւններուն զուգահեռ Անգարայի մէջ տեղի ունեցաւ նաեւ երկու վարչապետներուն համատեղ մամլոյ ասուլիսը։ Այս առթիւ Տավուօղլու ընդգծեց, թէ Կիպրոսի հիմնախնդրի կարգաւորման համար բացուած է հնարաւորութեան պատուհան մը, Թուրքիան եւ Յունաստանն ալ համակարծիք են այդ բանակցութիւններուն դրական նպաստ մը բերելու ուղղութեամբ։ Ըստ Տավուտօղլուի, Թուրքիա եւ Յունաստան կը տուժեն Սուրիոյ ճգնաժամէն սուրիացի գաղթականներուն նման։ Վարչապետը շեշտեց, թէ այդ խնդիրներէն ազդուած, անոնց ենթարկուած ըլլալով, Անգարա եւ Աթէնք որոշած են յառաջ տանիլ թեքնիկ աշխատանք մը։ Յունաստանի Ափերու անվտանգութեան հրամանատարը ներկայիս կը գտնուի Թուրքիոյ մէջ եւ կը քննարկէ Եգէականի մէջ ձեռք առնուելիք հաւանական նախազգուշական միջոցները։ Այս հարցին շուրջ աւելի կանոնաւոր խորհրդակցութիւններ կը նախատեսուին։ Բաց աստի, պատկան նախարարութիւններուն մասնակցութեամբ աշխատանքային խումբ մըն ալ պիտի ստեղծուի յառաջիկայ շրջանին։ Այսպէսով հնարաւոր քայլերը նախօրօք պիտի առնուին եւ երկու երկիրները մեծ ջանք պիտի գործադրեն՝ մարդկային ողբերգութիւնը կանխելու առաջադրութեամբ։
Տավուտօղլու տեղեկացուց, որ բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկած են Թուրքիոյ Եւրոմիութեան անդամակցութեան գործընթացը եւ ընդհանրապէս եւրոպական ցամաքամասի ապագային վերաբերեալ նիւթեր։ Ան Ցիփրասին շնորհակալութիւն յայտնեց՝ վերջին տարիներուն բազմաթիւ նիւթերու պարագային ստանձնած յառաջատար դերակատարութեան համար։ Տավուտօղլու յոյս յայտնեց, թէ ներկայ նուրբ հանգրուանին Յունաստան պիտի շարունակէ իր նեցուկը՝ Թուրքիոյ ԵՄ-ի անդամակցութեան գործընթացին։ Արդարեւ, եւրոպական ցամաքամասը բոլորին կը պատկանի եւ անոր ապագային վերաբերեալ Թուրքիա եւ Յունաստան պէտք է որդեգրեն հասարակաց դիրքորոշում մը։ Թուրքիոյ ԵՄ-ի անդամակցութիւնը, Յունաստանը ներառեալ, Միջերկրականի եւ հարաւ-արեւելեան Միջերկրականի ուժը պիտի աւելցնեն Եւրոպայէն ներս։ Այս շրջագծով, Անգարա եւ Աթէնք կը նախատեսեն ծաւալել լուրջ համագործակցութիւն մը։
Տավուտօղլու եւ Ցիփրաս ունեցան դռնփակ հանդիպում մը, որ տեւեց մէկուկէս ժամ։ Աշխատանքային ճաշկերոյթէն վերջ տեղի ունեցած համատեղ մամլոյ ասուլիսին ընթացքին Ալեքսիս Ցիփրասն ալ յայտարարեց, որ Թուրքիոյ եւ Յունաստանի համագործակցութիւնը կրնայ Եւրոպայի բոլոր հաւասարակշռութիւնները փոխել, ուստի պէտք է արժեւորել այս հնարաւորութիւնը։ Ան մատնանշեց, որ իր այցելութիւնը կը զուգադիպի այնպիսի ժամանակաշրջանի մը, երբ նուրբ իրադարձութիւններ կ՚ապրուին թէ՛ տարածքաշրջանին եւ թէ ամբողջ աշխարհին տեսակէտէ։
Անդրադառնալով գաղթականներու խնդրին՝ Ալեքսիս Ցիփրաս ընդգծեց, որ Եւրոպան ալ այս հարցին շուրջ պէտք է պատասխանատուութիւն ստանձնէ։ Գաղթականներու կողմէ ապօրինի գաղթի ճանապարհներու օգտագործումը կանխելու համար անոնց երաշխիք պէտք է տալ օրինական տեղակայման համար։