«ԵՒՐՕ-2016»Ը ՖՐԱՆՍԱՅԻ ՄԷՋ

13 Նո­յեմ­բե­րին Փա­րի­զի մէջ կա­տա­րուած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը ցնցեց ամ­բողջ աշ­խար­հը: Ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րէն մէ­կը տե­ղի ու­նե­ցաւ «Սթատ տը Ֆրանս» մար­զա­դաշ­տին մօ­տա­կայ­քը, այն մի­ջո­ցին, երբ տե­ղի կ՚ու­նե­նար Ֆրան­սա-Գեր­մա­նիա ֆութ­պո­լի բա­րե­կա­մա­կան մրցու­մը: 2016-ի ամ­րան, Ֆրան­սա պի­տի հիւ­րըն­կա­լէ «Եւ­րօ-2016»ի ա­խո­յե­նու­թիւ­նը: Բնա­կա­նա­բար, անվ­տան­գու­թեան տե­սան­կիւ­նէն այս հար­ցը բա­ւա­կան մտա­հո­գիչ է: Սա­կայն Ո­ՒԷ­ՖԱ-ն հաս­տա­տեց, որ այս ա­խո­յե­նու­թիւ­նը պի­տի կա­տա­րուի Ֆրան­սա­յի մէջ եւ այլ վայր փո­խադ­րուե­լու հարց գո­յու­թիւն չու­նի եր­բեք: Մրցում­ը տե­ղի պի­տի ու­նե­նայ 12 Դեկ­տեմ­բե­րին՝ Փա­րի­զի մէջ:

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2015