ՀԱՆԴԻՊՈՒՄ՝ ՊՈՒԼԿԱՐԱՀԱՅ ՀԱՄԱՅՆՔԻՆ ՀԵՏ
«Մանկական եւրոտեսիլ-2015»ի հայաստանեան պատուիրակութիւնը Պուլկարիոյ մէջ է, ուր Միքան յագեցած ծրագիր ունի՝ լեցուն տարբեր փորձերով, ձայնագրութիւններով ու բազմապիսի հանդիպումներով:
Մրցոյթի հայաստանեան ներկայացուցիչ Միքան (Միքայէլ Վարոսեան) ու պատուիրակութեան միւս անդամները հանդիպում մը ունեցած են Պուլկարիոյ մօտ Հայաստանի դեսպան Արսէն Սհոյեանի հետ: Դեսպանը յաջողութիւններ մաղթած է Հայաստանի պատուիրակութեան եւ վստահութիւն յայտնած, որ Միքան լաւագոյնս պիտի ներկայացնէ Հայաստանը «Մանկական Եւրոտեսիլ»ին եւ պիտի զբաղեցնէ պատուաւոր տեղ: Դեսպանի հետ հանդիպման յաջորդած է նաեւ հանդիպում Պուլկարիոյ հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն հետ, որ եւս շատ ջերմ մթնոլորտի մէջ անցած է:
Հայ համայնքի ներկայացուցիչները յաջողութիւն մաղթած են Հայաստանի պատուիրակին պատասխանատու ելոյթի ընթացքին եւ վստահութիւն յայտնած, որ ինչպէս նախորդ տարիներուն, այս տարի եւս Հայաստան կ՚առանձնանայ իր յիշարժան ելոյթով: Անոնք կոչ ուղղած են բոլոր սփիւռքահայերուն ըլլալու Միքայի կողքին, սատարելու անոր եւ քուէարկելու Հայաստանի օգտին:
Միքան եւ իր երեք մուսաները հայ համայնքի ներկայացուցիչներուն համար կատարած են մրցութային LOVE երգը:
Միւս կողմէ, մրցոյթը այս տարի կ՚իրականացուի Նոյեմբերի 21-ին Պուլկարիոյ մայրաքաղաքը՝ Սոֆիայի մէջ: Հայաստանեան ներկայացուցիչ Միքան ելոյթ կ՚ունենայ համերգային երկրորդ հատուածին՝ 11-րդ կարգի վրայ: