ԼԵՌՆԱՅԻՆ ՂԱՐԱԲԱՂԻ ՀԻՄՆԱՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ ՓԱԿ ՔՆՆԱՐԿՈՒՄ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԷՆ ՆԵՐՍ
Հայաստանի Ազգային ժողովէն ներս երէկ տեղի ունեցաւ դռնփակ նիստ մը, որու ընթացքին Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան ելոյթով մը հանդէս եկաւ տարածքաշրջանային, միջազգային իրադարձութիւններուն եւ Երեւանի երկկողմանի յարաբերութիւններուն վերաբերեալ։ Կը հաղորդուի, որ այս քննարկումներուն ընթացքին շօշափուած է նաեւ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդիրը՝ մասնաւորապէս Եւրոխորհուրդի խորհրդարանական վեհաժողովին կողմէ վերջերս ընդունուած հակահայկական զեկոյցի առանցքին շուրջ։ Խորհրդարանի այս փակ քննարկման մասնակցեցան Արտաքին յարաբերութիւններու մշտական յանձնաժողովի եւ ԵԽԽՎ-ի աշխատանքներուն մասնակից Հայաստանի պատուիրակութեան անդամները, ինչպէս նաեւ Պաշտպանութեան, Ազգային անվանգութեան եւ ներքին հարցերու մշտական յանձնաժողովի նախագահ Կորիւն Նահապետեան, որ միեւնոյն ժամանակ կը գլխաւորէ ՆԱԹՕ-ի Խորհրդարանական վեհաժողովի աշխատանքներուն մասնակից հայկական պատուիրակութիւնը։
Դիւանագիտական աղբիւրները տեղեկացուցին, որ Եդուարդ Նալպանտեան պատասխանեց ղարաբաղեան հիմնախնդրի կարգաւորման վերաբերեալ երեսփոխաններու հարցումներուն։ Բաց աստի, հարկ է նշել, որ Հայաստանի ընդդիմադիր մամուլէն կարգ մը թերթեր գրեցին, թէ վերջին օրերուն Լեռնային Ղարաբաղի Արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան «անտեսանելի» այց մը տուած է Հայաստանի Ազգային ժողով։ Նոյն աղբիւրները պնդած են, որ Միրզոյեանն ալ քննարկումներ ունեցած է ԵԽԽՎ-ի յիշեալ զեկոյցի առանցքին շուրջ։
Միւս կողմէ, ՄԱԿ-ի մօտ Հայաստանի մշտական ներկայացուցիչ դեսպան Զօհրապ Մնացականեան յայտնեց, թէ Երեւան մշտապէս ողջունած է ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղարին աջակցութիւնը՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահութեան շրջանակներէն ներս Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի կարգաւորման ուղղութեամբ։ Կը հաղորդուի, որ Նիւ Եորքի մէջ, ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդին մօտ տեղի ունեցած «Պահպանելով միջազգային խաղաղութիւնը եւ անվտանգութիւնը՝ արտացոլելով պատմութիւնը. Անվտանգութիւն, զարգացում եւ հակամարտութիւններու արմատները» խորագրեալ բաց քննարկման մասնակցեցաւ Զօհրապ Մնացականեան, որ կարեւորեց հակամարտութիւններու վաղ փուլի մէջ կանխարգիլումը եւ անոնց կարգաւորման տարածքաշրջանային միջազգայնօրէն համաձայնեցուած բանակցային ձեւաչափը։
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մունի մասնակցութեամբ կազմակերպուած հաւաքոյթի ընթացքին Մնացականեան ընդգծեց, որ Հայաստան ունի ցաւալի փորձառութիւն՝ միջազգային միջնորդական ջանքերու միակողմանի ձեւով խեղաթիւրման ու կանոնաւոր չարաշահման առումով՝ նպատակ ունենալով տապալել տուեալ գործընթացը կամ միջազգային իրաւունքը ենթարկել կամայական մեկնաբանութեան։ Ըստ իրեն, միջազգային հանրութեան ջանքերու համախմբումը անհրաժեշտ միջոց մըն է՝ իւրաքանչիւր հակամարտութեան կանխարգիլման կամ կարգաւորման ճանապարհին։