Երեքին ալ բարի երթ… - Գ -

Խորհր­դա­րան մուտք գոր­ծել յա­ջո­ղած թրքա­հայ ե­րեք ե­րես­փո­խան­նե­րուն վե­րա­բե­րեալ մեր ներ­կայ յօ­դուա­ծա­շար­քի այ­սօ­րուան բաժ­նին մէջ կը մէջ­բե­րենք նոյ­նինքն ի­րենց ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը։ Ե­րես­փո­խան­նե­րու երդ­ման ա­րա­րո­ղու­թեան շար­ժա­ռի­թով զրու­ցե­ցինք Մար­գար Է­սաեա­նի (ԱՔ կու­սակ­ցու­թիւն) եւ Սե­լի­նա Տո­ղա­նի (ՃՀՓ) հետ։ Ա­նոնք ամ­փոփ ձե­ւով մե­զի բա­ցատ­րե­ցին յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին վե­րա­բե­րեալ ի­րենց սպա­սում­նե­րը։ Ստո­րեւ կը ներ­կա­յաց­նենք Մար­գար Է­սաեա­նի եւ Սե­լի­նա Տո­ղա­նի խօս­քե­րը։

ԷՍԱԵԱՆ ՋԱՆՔԵՐ ԿԸ ՆԱԽԱՏԵՍԷ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՊԱՐԱԳԱՅԻՆ

«Յա­ռա­ջի­կայ շրջա­նին մեր կու­սակ­ցու­թեան գլխա­ւոր ա­ռաջ­նա­հեր­թու­թիւ­նը պի­տի ըլ­լայ նոր սահ­մա­նադ­րու­թեան մը պատ­րաս­տուի­լը։ Սա պի­տի ըլ­լայ ա­ռա­ջին ժո­ղովր­դա­կան սահ­մա­նադ­րու­թիւ­նը։ Կը նա­խա­տե­սուի յա­ռաջ տա­նիլ բա­րե­փո­խում­նե­րու գոր­ծըն­թա­ցը։ Ընդ­հա­նուր ի­րադ­րու­թիւ­նը յար­մար է՝ Եւ­րո­միու­թեան ան­դա­մակ­ցու­թեան գոր­ծըն­թա­ցին շրջագ­ծով ե­րեք գլուխ­նե­րու պա­րա­գա­յին բա­նակ­ցու­թիւն­նե­րու բա­ցուի­լը։ Այս նպա­տա­կին կ՚ու­զենք հաս­նիլ կարճ ժա­մա­նա­կի ըն­թաց­քին։ Քիւրտ եւ ա­լե­ւի ար­մատ­նե­րով քա­ղա­քա­ցի­նե­րու ի­րա­ւունք­նե­րու պա­րա­գա­յին մնա­ցեալ բա­րե­փո­խում­նե­րու ամ­բող­ջա­կա­նա­ցումն ալ կը նկա­տուի ա­ռաջ­նա­հերթ։ Այս բո­լո­րը նոր շրջա­նի ա­ռա­ջին եր­կու տա­րի­նե­րուն ըն­թաց­քին ի­րա­կա­նաց­նել կը նա­խա­տե­սենք։ Այ­լեւս երկ­խօ­սը պի­տի ըլ­լայ ինքն իսկ քիւրտ ժո­ղո­վուր­դը։ Այս բո­լո­րի են­թա­գե­տի­նը պի­տի ստեղ­ծուի, նե­րա­ռեալ օ­րէնսդ­րա­կան փո­փո­խու­թիւն­նե­րը»։

Մար­գար Է­սաեա­նին հարց տուինք նաեւ, թէ ի՞նչ հե­ռան­կար­ներ կրնան ըլ­լալ Թուր­քիա-Հա­յաս­տան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին։ Այս մա­սին ան ը­սաւ.

«Հա­յաս­տա­նի պա­րա­գա­յին կ՚ապ­րուի քա­ղա­քա­կան խցա­նում մը։ Այս հար­ցի յաղ­թա­հա­րու­մը ան­շուշտ պի­տի զբա­ղեց­նէ օ­րա­կար­գը։ Այժ­մու վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լու երբ Ե­րե­ւան այ­ցե­լեց ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար ե­ղած ժա­մա­նակ, ես իր հետ էի։ Թուր­քիա այդ ժա­մա­նակ Ատր­պէյ­ճանն ալ ո­րոշ չա­փով հա­մո­զած էր եւ Հա­յաս­տա­նին ա­ռա­ջար­կած՝ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման հաս­նե­լու հա­մար ա­ռանց ռազ­մա­վա­րա­կան նշա­նա­կու­թեան մէկ կամ եր­կու շրջան ա­զա­տել Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի յա­րա­կից տա­րածք­նե­րէն։ Բայց այդ բո­լո­րը ար­դիւնք չտուաւ։ Հի­մա յա­րա­բե­րա­բար ա­ւե­լի հան­դարտ շրջան մը պի­տի սկսի եւ բնա­կա­նա­բար մեր ջան­քե­րը պի­տի շա­րու­նա­կուին նաեւ այս ուղ­ղու­թեամբ։ Յա­ռա­ջի­կայ չորս տա­րուան ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նին ան­պայ­ման աշ­խա­տանք պի­տի տա­րուի՝ նոր թափ մը ա­պա­հո­վե­լու հա­մար Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցին»։ 

Ի՞ՆՉ Կ՚Ը­ՍԷ ՍԵ­ԼԻ­ՆԱ ՏՈ­ՂԱՆ

Մե­զի հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին ՃՀՓ­-ա­կան Սե­լի­նա Տո­ղան ար­տա­յայ­տեց այն հա­մո­զու­մը, թէ խորհր­դա­րա­նա­կան վեր­ջին ընտ­րու­թիւն­նե­րու ար­դիւն­քին վրայ լուրջ ազ­դե­ցու­թիւն գոր­ծած է այն հան­գա­ման­քը, թէ ընտ­րող­նե­րը վա­խու մթնո­լոր­տի մը մէջ փու­թա­ցած են քուէա­տու­փի մօտ։ Ներ­կայ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւն­նե­րուն մէջ, ըստ Սե­լի­նա Տո­ղա­նի, ՃՀՓ պի­տի ջա­նայ խորհր­դա­րա­նա­կան հա­մա­կար­գը պաշտ­պա­նել՝ իր բո­լոր ձեռք­բե­րում­նե­րով։

Անդ­րա­դառ­նա­լով Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու բնա­կա­նո­նաց­ման գոր­ծըն­թա­ցի հա­ւա­նա­կան նո­րու­թիւն­նե­րուն՝ Սե­լի­նա Տո­ղան նշեց, թէ այժ­մու իշ­խա­նու­թիւն­նե­րուն ար­տա­քին քա­ղա­քա­կան դիր­քո­րո­շու­մը յայտ­նի է։ «Թուր­քիոյ ար­տա­քին քա­ղա­քա­կա­նու­թեան տես­լա­կա­նին մէջ անհ­րա­ժեշտ է փո­փո­խու­թիւն մը։ Մենք պի­տի աշ­խա­տինք փո­փո­խու­թիւն ա­պա­հո­վե­լու, դրա­կան ար­դիւնք­նե­րու հաս­նե­լու հա­մար։ Սա ի զօ­րու է նաեւ Հա­յաս­տա­նի հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու պա­րա­գա­յին։ Մեր կու­սակ­ցու­թիւ­նը կը պաշտ­պա­նէ սահ­մա­նի բա­ցուի­լը մշա­կու­թա­յին եւ ա­ռեւտ­րա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը եւ ա­մէն տե­սակ դրա­կան քայլ։ Ընդ­հա­նուր առ­մամբ, պի­տի փոր­ձենք հաս­նիլ բո­լոր հա­րե­ւան­նե­րու հետ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու շրջագ­ծով դիր­քո­րոշ­ման փո­փո­խու­թեան», ը­սաւ Սե­լի­նա Տո­ղան։

Վա­ղը պի­տի ամ­փո­փենք մեր այս յօ­դուա­ծա­շար­քը։

ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 20, 2015