ԱՒԵՏԻՍԵԱՆՆԵՐՈՒ ԸՆՏԱՆԻՔԻՆ ԴԷՄ ՈՃՐԱԳՈՐԾՈՒԹԵԱՆ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ ՅԱՆՁՆՈՒԵՑԱՒ ԴԱՏԱԽԱԶԻՆ
Հայաստանի Քննչական կոմիտէն Աւետիսեաններու ընտանիքի սպաննութեան քրէական գործը իր մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկած է թղթածրարը վերահսկող դատախազին։ Հանրապետութեան աւագ դատախազութեան աղբիւրները պաշտօնապէս հաստատեցին այս տեղեկութիւնը։
Ինչպէս ծանօթ է, տարեմուտին Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքին եօթ անդամները զոհ գացած էին ռուս զինուորական Վալերի Փերմեաքովի տմարդի յարձակման։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն երեք օր առաջ մերժած էր Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքի դաժան սպաննութեան դրդապատճառին վերաբերեալ կարեւոր հանգամանքի մը շուրջ քննութիւն կատարելու մասին տուժող կողմի ներկայացուցիչներուն միջնորդութիւնը։ Օր մը առաջ ալ լրացած էր Վալերի Փերմեաքովի քրէական գործով քննիչի կողմէ տրուած ժամկէտը, որու ընթացքին կողմերը պէտք է ծանօթանային թղթածրարին եւ անհրաժեշտութեան պարագային ներկայացնէին միջնորդութիւնները։ Հարկ է նշել, որ միջնորդութիւններու չներկայացման պարագային՝ քրէական գործը պէտք է ուղարկուէր վերահսկող դատախազին՝ իր մեղադրական եզրակացութեամբ։