ԱՌԱՍՊԵԼԱԿԱՆ ՎԱՐՊԵՏ ՏԻԳՐԱՆ ՄԱՆՍՈՒՐԵԱՆԻ «ՌԵՔՈՒԻԷՄ»Ը ԽՈՐ ՏՊԱՒՈՐՈՒԹԻՒՆ ԳՈՐԾԵՑ ԳԵՐՄԱՆԱՑԻ ԵՐԱԺՇՏԱՍԷՐՆԵՐՈՒՆ ՎՐԱՅ
Աննա Գէորգեանի մասնաւոր թղթակցութիւնը Ֆրանքֆուրթէն.-
Հայկական երաժշտութեան առասպելական վարպետներէն, աշխարհահռչակ երգահան Տիգրան Մանսուրեան անցեալ շաբաթավերջին առարկայ դարձաւ գերմանացի երաժշտասէրներու ջերմ համակրանքին։ Շաբաթ եւ Կիրակի, Ֆրանքֆուրթի շրջանէն ներս իր գործերը նուագուեցան հանդիսաւոր երեկոյթներու ընթացքին, Տիգրան Մանսուրեանի ներկայութեամբ։
Առաջին համերգը տեղի ունեցաւ Նոյեմբերի 21-ին, Ֆրանքֆուրթ Մայնի յարակից Պատ Ֆիլպելեր քաղաքի Հայլիկ-Կայսթ եկեղեցւոյ մէջ։ Երեկոյթի յայտագրի առաջին բաժնին մէջ հնչեցին դասական երաժշտութեան յայտնի անուններէն ստեղծագործութիւններ։ Համերգի երկրորդ բաժնին մէջ մեկնաբանուեցաւ Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիէմ»ը՝ սոփրանոյի, պարիթոնի, երկսեռ երգչախումբի եւ սենեկային նուագախումբի համար յօրինուած։ Այս գործը Պատ Ֆիլպելերի սենեկային նուագախումբին կողմէ արտակարգ յաջողութեամբ նուագուեցաւ՝ Քլաուս Պաուըրի ղեկավարութեամբ։ «Ցվիշեն Թիոնէ» երկսեռ երգչախումբը հանդէս եկաւ՝ Հերպերթ Հելֆրիխի ղեկավարութեամբ։ Որպէս մենակատար հանդէս եկան սոփրանօ Անի Եորենց եւ պարիթոն Գուրգէն Բաւէեան, որոնք Երեւանի «Կոմիտաս» պետական երաժշտանոցին մէջ ուսանած ըլլալով ներկայիս կ՚ապրին Գերմանիա։ Հարկ է նշել, որ Տիգրան Մանսուրեան «Ռեքուիէմ»ը յօրինած է Միւնիխի Սենեկային նուագախումբին եւ Պերլինի RIAS սենեկային երգչախումբին առաջարկով։ Այս գործը ձօնուած է 1915-ի նահատակներու յիշատակին։ Համաշխարհային առաջին ունկնդրութիւնը 2011 թուականին տեղի ունեցած էր Գերմանիոյ մէջ։ Աւելի վերջ Մանսուրեանի այս գործը նուագուած էր աշխարհի զանազան երկիրներուն մէջ. ինչպէս՝ ԱՄՆ, Լեհաստան, Հարաւային Քորէա, Ռուսաստան, Մեքսիկա եւ Հայաստան։ Հարկ է նշել, որ Դեկտեմբերի 17-ին Երեւանի մէջ դարձեալ պիտի հնչէ Մանսուրեանի «Ռեքուիէմ»ը։
Մեծանուն վարպետին այս գործը խորքին մէջ հոգեհանգստեան պատարագ մըն է, մարդկային կորուստի շուրջ ծաւալած ծայրայեղ ու լարուած տրամա մը։ Ան ունի կանոնական լատիներէն գրութիւն ու կը բաղկանայ հիմնական ութ-ինն մասէ։ Զանազան ժամանակներու ընթացքին գրուած ռեքուեմները կրնան ունենալ որոշ ծրագրային կամ կառուցուածքային շեշտադրումներ, բայց բովանդակային իմաստով ան գրեթէ կ՚ըլլայ անփոփոխ՝ մարմնաւորելով կորուստ, սուգ ու վիշտ։ Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիէմ»ը գրուած է այդ ոճի կանոններու խստագոյն պահպանմամբ՝ աւանդական լատիներէն գրութեամբ եւ ութ հիմնական մասով։ Իւրաքանչիւր ցեղասպանութիւն կը համարուի համամարդկային ցաւ մը, իսկ Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիէմ»ի պարագային ընդգծուած է հայ մարդու ցաւը, կորուստն ու վիշտը։ Յայտնի երաժշտահանը մարդկային այդ ապրումները «երգելու ժամանակ» թէ՛ զուսպ է եւ թէ անկաշկանդ։ Աղօթող մարդը ազատ է իր ցաւին մէջ. ան երբեմն բուռն է, երբեմն խոնարհ, իր թախիծը լուսեղէն է, յոյսը՝ կամային։ Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիէմ»ը լատիներէն գրութեամբ, հայկական ժողովրդական ու հոգեւոր երգի ներշնչմամբ, մարդկային հոգեբանութեան զանազան արտայայտութիւններով հիւսուածք մը ունի։ Պատ Ֆիլպելերի սենեկային նուագախումբի, երգչախումբի եւ մենակատարներու մեկնաբանութիւնը իսկապէս զգայաշունչ էր, նրբագեղ եւ գորովալից։
Տիգրան Մանսուրեանի «Ռեքուիէմ»ի կատարումէն առաջ ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Պատ Ֆիլպելերի քաղաքապետ Թոմաս Շթիոր, որ եւս ներկայ էր ձեռնարկին։ Ան ուրախութիւն յայտնեց սոյն համերգի իրականացման առընչութեամբ, մինչ հոծ թիւով ունկնդիրներ հետեւեցան այս եզակի երաժշտական ձեռնարկին։ Բոլոր երաժշտասէրները առանձնայատուկ հաճոյքով ու համակրանքով ընկալեցին Մանսուրեանի ստեղծագործութիւնը։
Տիգրան Մանսուրեանի ներկայութեամբ Գերմանիոյ մէջ կազմակերպուած համերգներուն երկրորդն ալ տեղի ունեցաւ Կիրակի, Նոյեմբերի 22-ին Ֆրանքֆուրթ-Պրոյնկեսհայմի Ֆեսթեպուրկ եկեղեցւոյ երդիքին տակ, ուր եւս «Ռեքուիէմ»ը խոր տպաւորութիւն գործեց բոլոր ներկաներուն վրայ։