ԱԼԹԸՄԷՐՄԷՐԻ ՏԻԿՆԱՆՑ ԽՆԱՄԱԿԱԼՈՒԹԻՒՆԸ ԱՅՑԵԼԵՑ ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆ
Պատրիարքական Ընդհանուր Փոխանորդ Տ. Արամ Արք. Աթէշեան երէկ Գումգաբուի մէջ ընդունեց Ալթըմէրմէրի Գլխադիր Ս. Յակոբ եկեղեցւոյ տիկնանց խնամակալութիւնը, որու անդամուհիներուն հետ էր նաեւ Տ. Զաքէոս Ծ. Վրդ. Օհանեան։ Եկեղեցւոյ մատաղօրհնութիւնը այս տարի կը զուգադիպի Դեկտեմբերի 13-ին եւ այս հանգրուանին ընդառաջ խնամակալութիւնը փափաքած էր այցելել Պատրիարքարան՝ տեղեկութիւններ փոխանցելու համար տարուած աշխատանքին ու ներկայ կացութեան շուրջ։ Զրոյցի տեւողութեան օրակարգի վրայ եկաւ եկեղեցւոյ յարակից սրահը ընդլայնելու խնդիրը։
Նորին Սրբազնութիւնը գնահատեց տիկնանց խնամակալութեան աշխատանքը՝ փոխանցելով իր օրհնութիւնն ու յաջողութեան մաղթանքը։