ՄԽԻԹԱՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԷՆ ԽՈՒՄԲ ՄԸ ՍԱՆԵՐ ՎԵՐՋԵՐՍ ԱՅՑԵԼԵՑԻՆ ՊՈՐՏՕ

«Է­րաս­մուս+» նա­խա­գի­ծը, որ եւ­րո­պա­կան զա­նա­զան եր­կիր­նե­րէ վար­ժա­րան­նե­րու մաս­նակ­ցու­թեամբ ի գործ կը դրուի Եւ­րո­միու­թեան հո­վա­նա­ւո­րու­թեամբ, հեր­թա­կան ձեռ­նար­կը ի­րա­կա­նա­ցուց Ֆրան­սա­յի Պոր­տօ քա­ղա­քին մէջ։ 15-21 Նո­յեմ­բեր թուա­կան­նե­րուն տեղի ունեցած հա­ւա­քին, ի շարս այլ եր­կիր­նե­րէ ժա­մա­նած վար­ժա­րան­նե­րու, մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ Մխի­թա­րեան վար­ժա­րա­նէն պա­տուի­րա­կու­թիւն մը՝ գլխա­ւո­րու­թեամբ լիսէի բաժնի տնօ­րէ­նու­հի Ե­ւա Օ­րա­գեա­նի։ Ա­շա­կերտ­նե­րուն կ՚ու­ղեկ­ցէին նաեւ ու­սու­ցիչ­ներ Սե­սիլ Քո­ճա, Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան, վար­ժա­րա­նի խնա­մա­տար մար­մինէն Սո­նա Մոր­պօ­յա­ճը եւ Պրեն­տա Է­լա­կէօզ։

Փոր­թու­կա­լէն, Սկով­տիա­յէն, Նոր­վե­կիա­յէն, Թուր­քիա­յէն, Լիթ­վա­նիա­յէն եւ Ի­տա­լիա­յէն Պոր­տօ ժա­մա­նած պա­տուի­րա­կու­թիւն­նե­րը ջեր­մօ­րէն հիւ­րըն­կա­լուե­ցան քա­ղա­քի ա­րուար­ձան­նե­րէն Պլանք­ֆոր­տի Սէն Մի­շէլ ար­հես­տից վար­ժա­րա­նին կող­մէ։ Տրուած ըլ­լա­լով որ նա­խա­գ­ծին հիմ­նա­կան նպա­տակն է վե­րամ­շա­կու­մը՝ ա­շա­կերտ­նե­րը աշ­խա­տե­ցան այդ ուղ­ղու­թեամբ եւ ան­պէտք նկա­տուող ի­րե­րէն պատ­րաս­տե­ցին գե­ղե­ցիկ գոր­ծեր։ Աշ­խա­տանք­նե­րու եզ­րա­փա­կիչ հա­ւա­քոյ­թին մաս­նակ­ցե­ցաւ նաեւ յի­շեալ ա­րուար­ձա­նին քա­ղա­քա­պե­տը։ Այս առ­թիւ տնօ­րէ­նու­հի Ե­ւա Օ­րա­գեան ա­նուա­նի լու­սան­կա­րիչ Ա­րա Կիւ­լէ­րի մէկ պատ­կե­րա­գիր­քը նուի­րեց Սէն Մի­շէլ վար­ժա­րա­նի տես­չու­թեան։

Հիւ­րե­րը ա­ռիթն ու­նե­ցան շրջե­լու Պոր­տո­յի գե­ղա­տե­սիլ ու պատ­մա­կան վայ­րե­րը, այ­ցե­լե­լու գի­նե­գոր­ծա­րան մը՝ այ­գիով հան­դերձ, ինչ­պէս նաեւ հաս­նիլ մին­չեւ Ատ­լան­տեան ով­կիա­նո­սի ա­փը՝ տես­նե­լու Ար­քա­շո­նի ծո­վա­ծո­ցը, հա­մա­նուն ա­մա­րա­նո­ցա­յին ա­ւանն ու Քափ Ֆեր­րէի ծո­վա­քի­թը։

Այս շրջապ­տոյ­տը կա­յա­ցաւ Փա­րի­զի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած սահմռ­կե­ցու­ցիչ ա­հա­բեկ­չու­թեան ան­մի­ջա­կան վա­ղոր­դայ­նին, երբ դեռ կը շա­րու­նա­կուէր երկ­րի մէջ հռչա­կուած պաշ­տօ­նա­կան սու­գի շրջա­նը։ Մխի­թա­րեան­ցի­ներ եւս միա­ցան յար­գան­քի լռու­թեան պա­հուն՝ ի­րենց խո­նար­հու­մը բե­րե­լով ան­մեղ զո­հե­րու յի­շա­տա­կին ու ցա­ւակ­ցե­լով ֆրան­սա­ցի­նե­րու­ն։

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015