ՍԱՀՄԱՆԻՆ ՎՐԱՅ ԴԷՊՔ

Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նին վրայ այս ա­ռա­ւօտ ապ­րուե­ցաւ դէպք մը։ Թուրք զի­նեալ ու­ժե­րը վար ա­ռին սահ­մա­նը խախ­տած ռազ­մաօ­դա­նաւ մը, ո­րու օ­դա­չու­նե­րը փրկուե­ցան ան­կար­գե­լով։ Թրքա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րուն մէջ շեշ­տուե­ցաւ, թէ ճշդել կա­րե­լի չէ ե­ղած սու­րիա­կա՞ն թէ ռու­սա­կան ըլ­լա­լը։ Նախ նշուեցաւ ռու­սա­կան ըլլալը, ապա հերքուեցաւ, իսկ Մոս­կուա­յի պաշտօնական աղ­բիւր­նե­րը հա­ղոր­դե­ցին, թէ վար առ­նուած օ­դա­նա­ւը ռու­սա­կան էր։ 

Երեքշաբթի, Նոյեմբեր 24, 2015