COP-21-ԻՆ ԸՆԴԱՌԱՋ ԲՆԱՊԱՀԱԿԱՆ ՆԵՐԿԱՅԻ ՀԱՐՑԵՐ
Նոյեմբեր 30-էն մինչեւ Դեկտեմբեր 11, Փարիզի մօտակայ Լը Պուրժէի (93 Le Bourget) մէջ տեղի պիտի ունենայ կլիմայական փոփոխութիւններու յատկացուած 21-րդ ժողովը՝ COP-21, որ կը վայելէ ՄԱԿ-ի հովանաւորութիւնը:
Այս 21-րդ ժողովը յատկացուած է ներկայի շատ կարեւոր բնապահպանական խնդիրներու։ Անդրանիկ ժողովը տեղի ունեցած էր Ժընեւ, 1979-ին. 1992-ին Ռիօ տը Ժանէյրոյի եւ 1997-ին Քիոթոյի ժողովներուն կարեւոր քաղաքական որոշումներ առնուեցան բայց զանազան պատճառներով, քաղաքական թէ տնտեսական, դժբախտաբար չգործադրուեցան կարեւոր քանի մը երկիրներու կողմէ եւ այսպէս կլիմայական խնդիրները բարդացան եւ ընդհանուր վտանգը աւելցաւ։
Կլիմայական փոփոխութիւնները եւ մասնաւորաբար երկրագունտի ընդհանուր ջերմութեան բարձրացումը կրնան շատ ծանր հետեւանքներ ունենալ մասնաւորաբար մարդոց վրայ, ինչպէս նաեւ յառաջացնել փոփոխութիւններ կենդանական եւ բուսական աշխարհներուն մէջ, պատճառել երաշտ՝ որոշ շրջաններու մէջ, ձիւներու եւ սառնակոյտերու հալք՝ պատճառ դառնալով ովկէանոսներու եւ ծովերու մակարդակի բարձրացման, որուն ուղղակի հետեւանքը կ՚ըլլայ ծովային գօտիներու ջուրով ծածկուիլը, քանդելով բազմաթիւ նաւահանգիստներ եւ ծովամերձ գիւղեր եւ քաղաքներ։ Ըստ մասնագէտներու, եթէ ծովերուն մակարդակը 3 մեթր բարձրանայ, հարկ կ՚ըլլայ շուրջ 500-600 միլիոն բնակիչ տեղահան ընել իրենց ապրած վայրերէն, ասոր համար կը բաւէ որ կենսոլորտին ջերմութիւնը միայն 2 աստիճան բարձրանայ։
Երկրագունտը, իր պատմութեան ընթացքին, բազմաթիւ անգամներ ունեցած է ջերմութեան բարձրացում եւ նուազում, բայց անոնք եղած են բնական ձեւով, մինչ ներկայիս, ջերմութեան բարձրացման իսկական պատճառը ինք՝ մարդ արարածն է, որ իր կեանքի պայմանները բարելաւելու համար անփութօրէն կը վատնէ եւ կ՚ապականէ թէ՛ իր շնչած օդը, թէ՛ իր խմած ջուրը, թէ ալ այն հողը որ կ՚ապահովէ իր առօրեայ սնունդը։
Դարուս ամենէն հրատապ խնդիրներէն մէկը մեզ շրջապատող միջավայրին ապականութիւնն է, որուն հետեւանքներէն մէկը երկրագունտին ջերմութեան բարձրացումն է։ Ուստի ամէն բան պէտք է ընել մասնաւորաբար կենսոլորտին ապականութիւնը կրճատելու եւ նոյնիսկ անհետացնելու համար։ Կարելի՛ է լուծել այս հարցը, բայց բաւական բարդ եւ դժուարին խնդիր է, մասնաւորաբար տնտեսական պատճառներով: Գիտական եւ թեքնիկ միջոցները քաջ ծանօթ են, բայց անոնց գործադրումը միջազգային կնճռոտ կացութիւններ կրնայ ստեղծել եւ շատ աւելի սուղի նստիլ։
Ապականութիւն ըսելով՝ մենք կը հասկնանք մեր միջավայրին աղտոտիլը, մասնաւորաբար արուեստական քիմիական բաղադրութիւններով եւ զանազան տարբեր արտադրութիւններով, որոնց դէմ բնութիւնը դժուար կրնայ պայքարիլ, չըսելու համար՝ անկարող է. չի կրնար զանոնք անհետացնել, փոխելով անոնց բնութիւնը, ինչպէս որ պարագան է բնական բաղադրութիւններուն։ Երբ ապականութիւնը հասնի բարձր մակարդակի եւ քիմիական ապականութիւնը աւելնայ, շրջակայ բնութիւնը անկարող կ՚ըլլայ զանոնք անհետացնելու եւ կը թունաւորուի, բոյսերը կը ցամքին, փոքր անասունները եւ միջատները կը մեռնին եւ կամաց-կամաց կեանքը կ՚անհետանայ։
Նկատի ունենալով, որ բոլոր բոյսերը եւ կենդանիները օդ կը շնչեն ապրելու համար, կենսոլորտի ապականութիւնը ամենէն վտանգաւորն է, մասնաւորաբար մարդոց համար։ Մարդկային բոլոր զբաղումները եւ նամանաւանդ արդիւնաբերական եւ ճարտարարուեստական արտադրութիւնները մեծ քանակութեամբ թունաւոր բաղադրութիւններ կ՚արձակեն օդին մէջ, հսկայական ապականութիւն մը ստեղծելով, որուն հետեւանքները կ՚ըլլան մարդկային հիւանդութիւնները եւ կլիմայի փոփոխութիւնները։
Վտանգաւոր կազային գլխաւոր բաղադրութիւնները որոնք կ՚ապականեն մթնոլորտը հետեւեալներն են. բնածխային կազը (gaz carbonique, CO2), մէթանը (méthane, բնական կազ), բորակածինի թթու (oxyde d’azote) եւ այլ՝ ֆլիւօր պարունակող բաղադրութիւններ (dérivés fluorés)։
Կենսոլորտին կարեւորագոյն աղտոտութիւնը բնածխային կազն է, որ շատ մեծ քանակով կը թափանցէ օդին մէջ եւ զայն կ՚ապականէ։ Հակառակ թունաւոր չըլլալուն, ան կը կլանէ արեւի ճառագայթները եւ կենսոլորտը աւելի կը տաքնայ (effet de serre)։ Մնացեալ աղտոտ կազերն ալ, միեւնոյն ձեւով կը պատճառեն ջերմութեան բարձրացում, միաժամանակ ազդելով մարդոց առողջութեան վրայ։
Ամէն անգամ որ ածուխ պարունակող բաղադրութիւն մը այրի, անպայման եւ բնականաբար, ըստ քիմիական օրէնքներուն, բնածխային կազ կ՚արտադրէ։ Ատիկա պարագան է հանքածուխէ, քարիւղէ, փայտէ պատրաստուած բոլոր նիւթերուն, որոնք կը գործածուին հսկայական քանակով, աշխարհի չորս կողմը։ Ելեկտրականութիւն արտադրող բոլոր ջերմակեդրոնները (centrales thermoélectriques) որոնք կը գործածեն հանքածուխ, քարիւղ կամ բնական կազ, բոլոր ինքնաշարժները որոնք քարիւղ կամ կազ կը սպառեն, բոլոր բնակատեղիներու ոչ-ելեկտրականութեամբ ջեռուցումը եւ տարբեր բազմաթիւ գործողութիւններ մեծ քանակով բնածխային կազ կ՚արտադրեն եւ կ՚արձակեն մեր շնչած օդին մէջ։ Բնածխային կազ արտադրող եւ մթնոլորտը ապականող կարեւորագոյն հաստատութիւններն են ելեկտրականութիւն արտադրող ջերմակայանները, ինքնաշարժները եւ միւս ոչ-ելեկտրական փոխադրամիջոցները, քիմիական, քարիւղաքիմիական եւ մետաղաշինական հսկայ գործատուները։ Երկրագործութիւնը եւ միւս արտադրական կեդրոնները նուազ քանակով թունաւոր կազեր կ՚արձակեն օդին մէջ։
Հակառակ բարդ գործ մը ըլլալուն, կարելի է յաջողութեամբ պայքարիլ ապականութեան դէմ եւ նոյնիսկ զայն անհետացնել։ Միջոցները բազմաթիւ են եւ քաջ ծանօթ՝ մասնագէտներուն:
Օրինակ՝
-Պակսեցնել քարիւղի գործածութեան քանակը, գործածելով տարբեր՝ ոչ-ածխային վառելանիւթեր, ինչպէս ջրածինը (hydrogène) կամ տարբեր բաղադրութիւններ:
-Ելեկտրականութիւն արտադրել տարբեր միջոցներով, առանց գործածելու քարիւղ, բնական կազ կամ հանքածուխ, ինչպէս օրինակ՝ արեւային ելեկտրականութիւն եւ նոյնիսկ հիւլէական, հակառակ անոր ներկայացուցած վտանգներուն:
-Մաքրել բոլոր աղտոտ կազերը՝ նախքան զանոնք կենսոլորտ արձակելը, օրինակ նուազ վտանգաւոր բաղադրութիւններու վերածելով եւ կամ այդ կազերը կլանելով:
-Ծաւալել անտառներու մակերեսը՝ նոր ծառեր տնկելով եւ նուազ թիւով ծառեր կտրելով, նկատի առնելով որ բուսական ամբողջ աշխարհը կը ծծէ օդին մէջ գտնուող բնածխային կազը:
-Այդ կազերը օգտագործել ուրիշ շահաբեր բաղադրութիւններ պատրաստելու համար, քիմիական փոփոխամիջոցներով (transformations chimiques):
Այս արհեստագիտութիւնը յաճախ կը գործածուի, բայց դեռ անբաւարար չափով՝ առայժմ ծախսալից ըլլալով։
Ամէն պարագայի, անհրաժեշտ է լուծում մը գտնել շուտով եւ պէտք եղածը ընել՝ եթէ չենք ուզեր մօտ ապագային, այսինքն 10-20 տարի յետոյ, դէմ յանդիման գտնուիլ չափազանց բարդ կացութիւններու, հսկայական վնասներու եւ վտանգներու, մեր ապրած միջավայրին եւ համայն մարդկութեան համար:
Հակիրճ ակնարկ մը նաեւ Հայաստանի ապագային՝ այս խնդիրներու լոյսին տակ: Հոն, ապականութեան մակարդակը եթէ ոչ գոհացուցիչ, գոնէ ընդունելի եւ նուազ վտանգաւոր է քան Եւրոպայի պարագային, բացի Երեւանէն, ուր ինքնաշարժներու երթեւեկը եւ հսկայ քանի մը գործատուները (Նայիրիտ, ջերմա-ելեկտրակայան) օդի բաւական ապականութիւն կը ստեղծեն, երբ անոնք բանին անշուշտ։ Երեւանէն դուրս, կացութիւնը աւելի գոհացուցիչ է, նկատի առնելով որ խոշոր կոմպինատ գործատուները փակուած են կամ մասնակի կը բանին: Ապականութիւնը քիչ մը աւելի է մետաղային հանքագործատնային շրջաններու մէջ, ինչպէս՝ Ալավերդիի ձորին, Ախդալայի, Կապանի եւ Քաջարանի կողմերը։ Նկատի ունենալով որ Հայաստանի մէջ, ելեկտրականութիւնը ունի մեծ մասամբ հիւլէական եւ ջրային ծագում, բնածխային կազի ապականութիւնը գրեթէ աննշան է եւ անվտանգ։ Նկատի ունենալով, որ կենսոլորտի ջերմութեան յաւելումը կրնայ ապագային որոշ երաշտ եւ ջուրի պակաս պատճառել, հետեւաբար պէտք է շուտով հողերու ոռոգման ցանցը բարելաւել եւ ընդլայնել ամէնուրեք։
Քանի մը օր յետոյ գումարուելիք միջազգային այս ժողովին, որուն պիտի մասնակցին աւելի քան հարիւր երկիրներու մեծերը, պէտք է կայացուին ապականութեան դէմ պայքարի կարեւոր որոշումներ, եւ մանաւանդ՝ անոնք պէ՛տք է գործադրուին երկրագունտի բոլոր երկիրներուն կողմէ։
Ուրեմն, սպասենք միշտ յուսալով, որ մեր մեծերը քաջութիւնը ունենան կարեւոր դժուարին որոշումներ կայացնելու եւ զանոնք գործադրելու, ի խնդիր՝ մարդկութեան ապագային։
(*) Նշան Մարկոսեան, այսօր հանգստեան կոչուած, 75 տարեկան քիմիագէտ-ճարտարագէտ է։ 40 երկար տարիներ աշխատած է որպէս ճարտարագէտ-խորհրդական՝ աշխատանքային ապահովութեան եւ ճարտարարուեստական ապականութեան բնագաւառներուն մէջ որպէս մասնագէտ։ Հեղինակ է ճարտարարուեստական վտանգներու եւ շրջապատի ապականութեան նուիրուած գիտական եւ արհեստագիտական բազմաթիւ յօդուածներու եւ հատորներու։
ՆՇԱՆ ՄԱՐԿՈՍԵԱՆ
«Նոր Յառաջ»
Փարիզ