Հրդեհ
Սուրիոյ ճգնաժամը այնպիսի ընթացքով մը կը խորանայ, որ համայն աշխարհի տեսանկիւնէն կը վերածուի լուրջ սպառնալիքի մը։ Ահաբեկչութեան դէմ պայքարի մթնոլորտին մէջ՝ միջազգային եւ տարածքաշրջանային դերակատարներուն դիրքորոշումներուն մէջ կը յառաջանան հակասութիւններ, առաջնահերթութիւններուն մէջ կը յառաջանան բախումներ եւ այս բոլորին հետեւանքով ճգնաժամի մը մէջ կը յառաջանան ուրիշ ճգնաժամեր։ Տագնապը փակ շրջանի մը կը վերածուի։
Թուրքիա-Ռուսաստան յարաբերութիւններուն մէջ երէկուան դրութեամբ ստեղծուեցաւ ծանրակշիռ, ահազանգային վիճակ մը։ Երկար կարելի է խորհրդածել պատճառներուն, հանգամանքներուն եւ հարցի այլ բազում երեսակներուն շուրջ։ Յամենայնդէպս, իրողութիւնը այն է, որ հրդեհը կը մեծնայ, բոցերը կը տարածուին։ Տարածքաշրջան մը, որու օրակարգը կը բնորոշուի հուրով եւ սուրով։ Որո՞ւ պէտք էր հիմա Անգարա-Մոսկուա այս լարուածութիւնը։ Այս մասին մտածելու ժամանակ պէտք է միշտ նկատի ունենալ նաեւ հետեւեալ հարցումը։ Այդ լարուածութիւնը կը նպաստէ՞ հակաահաբեկչական պայքարին։
Թուրքիա եւ Ռուսաստան մե՛ծ պետութիւններու նման հասունութեամբ պէտք է վարուին առկայ վիճակին մէջ ու պէտք չէ անտեսեն հասարակաց թշնամին։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ
Օրակարգի նիւթերը
- 11/25/2024