ՆԱԽԱԳԱՀ ՍԱՐԳՍԵԱՆԻ ՄԱՍՆԱԿՑՈՒԹԵԱՄԲ ԵՐԵՒԱՆԻ ՄԷՋ ՆՇՈՒԵՑԱՒ ՖԻԶԻՔԱՄԱԹԵՄԱԹԻԿԱԿԱՆ ՅԱՏՈՒԿ ԴՊՐՈՑԻ ՀԻՄՆԱԴՐՈՒԹԵԱՆ 50-ԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Երէկ, Երեւանի մէջ տեղի ունեցաւ Հայաստանի կրթական կեանքին տեսակէտէ յատկանշական յոբելենական արարողութիւն մը։ Այսպէս, Հանրապետութեան նախագահ Սերժ Սարգսեանի մասնակցութեամբ նշուեցաւ Երեւանի Պետական համալսարանին առընթեր «Արտաշէս Շահինեան» Ֆիզիքամաթեմաթիկական յատուկ դպրոցի հիմնադրութեան 50-ամեակը։ Ձեռնարկը տեղի ունեցաւ Օփերայի համալիրէն ներս, մասնակցութեամբ հոծ թիւով հանդիսականներու։
Յայտագրին տեւողութեան ելոյթներով հանդէս եկան Սերժ Սարգսեան, Հայաստանի Կրթութեան ու գիտութեան նախարար Արմէն Աշոտեան, հաստատութեան տնօրէն Հայկազ Նաւասարդեան, եւ այլք։ Կատարուեցան պարգեւատրումներ, մինչ գործադրուեցաւ գեղարուեստական յայտագիր մը։
Յոբելեանին կապակցութեամբ տեղի ունեցաւ նաեւ այս առթիւ մասնաւորապէս թողարկուած ծրարներուն կնքման արարողութիւնը։ Այդ ծրարներուն վրայ պատկերուած են Ֆիզիքամաթեմաթիկական յատուկ դպրոցին շէնքը եւ անոր 50-ամեակին խորհրդանշանը։