ՎԱԼԵՐԻ ՓԵՐՄԵԱՔՈՎԻ ԹՂԹԱԾՐԱՐԸ ԴԱՏԱՐԱՆ ՈՒՂԱՐԿՈՒԱԾ
Տարեմուտին Կիւմրիի մէջ Աւետիսեաններու ընտանիքին եօթ անդամները դաժանօրէն սպաննած ռուս զինուորական Վալերի Փերմեաքովի գործին թղթածրարը ուղարկուեցաւ դատարան։ Հայաստանի Քննչական կոմիտէն, նախաքննութեան եւ հարցաքննութեան արդիւնքին հիման վրայ՝ այս քրէական գործը մեղադրական եզրակացութեամբ ուղարկած էր այն դատախազին, որ կը վերահսկէր ընթացքին օրինականութիւնը։ Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, մեղադրական եզրակացութիւնը ներկայիս հաստատուած է եւ Վալերի Փերմեաքովի գործը ուղարկուած է դատարան՝ ըստ էութեան քննուելու համար։
Ծանօթ է, որ հայկական եւ ռուսական պատկան իշխանութիւնները երկու առանձին երեսակներով դատել որոշած էին Վալերի Փերմեաքովը։ Ռուսական զինուորական արդարադատութեան իշխանութիւնները Փերմեաքովը դատած էին՝ իր յանցագործութեան դասալքութեան երեսակով։ Իսկ հայկական դատական մարմինները Վալերի Փերմեաքովը կը դատեն գործի ոճրագործութեան երեսակով։