ՆՈՐ ԿԱՌԱՎԱՐՈՒԹԻՒՆԸ

Հան­րա­պե­տու­թեան նա­խա­գահ Րէ­ճէպ Թայյիպ Էր­տո­ղան ե­րէկ վա­ւե­րա­ցուց Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան 64-րդ կա­ռա­վա­րու­թեան կազ­մը, գլխա­ւո­րու­թեամբ Վար­չա­պետ Ահ­մէտ Տա­վու­տօղ­լուի։ 27 հո­գիէ բաղ­կա­ցեալ կա­ռա­վա­րու­թեան մէջ կը գտնուի հինգ փոխ-վար­չա­պետ. յան­ձինն՝ Եալ­չըն Աք­տո­ղա­նի, Նու­ման Քուր­թուլ­մու­շի, Թուղ­րուլ Թիւր­քէ­շի, Մեհ­մէտ Շիմ­շէ­քի եւ Լիւթ­ֆի Էլ­վա­նի։ Սա ԱՔ կու­սակ­ցու­թեան կող­մէ կազ­մուած ու­թե­րորդ կա­ռա­վա­րու­թիւնն է, ո­րու շար­քե­րէն ներս Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­ղած է ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար, Էֆ­քան Ա­լա՝ ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար, Պե­քիր Պոզ­տաղ՝ ար­դա­րա­դա­տու­թեան նա­խա­րար, Նա­ճի Աղ­պալ՝ ելմ­տա­կան նա­խա­րար եւ Մա­հիր Իւ­նալ՝ մշա­կոյ­թի նա­խա­րար։

Նա­խա­րա­րաց խոր­հուր­դի կազ­մէն ներս մնա­ցեալ պաշ­տօն­նե­րը բաժ­նուած են ըստ հե­տե­ւեա­լի.

Սե­մա Րա­մա­զա­նօղ­լու (ըն­տա­նի­քի եւ ըն­կե­րա­յին քա­ղա­քա­կա­նու­թիւն­նե­րու նա­խա­րար), Վոլ­քան Պոզ­քըր (Եւ­րո­միու­թեան գծով նա­խա­րար), Ֆիք­րի Ը­շըք (գի­տու­թեան, ճար­տա­րա­րուես­տի եւ փոր­ձա­գի­տու­թեան նա­խա­րար), Սիւ­լէյ­ման Սոյ­լու (աշ­խա­տան­քի նա­խա­րար), Ֆաթ­մա Կիւլ­տե­մէթ Սա­րը (բնա­պահ­պա­նու­թեան ու քա­ղա­քա­շի­նու­թեան նա­խա­րար), Մուս­թա­ֆա Է­լի­թաշ (տնտե­սու­թեան նա­խա­րար), Պե­րաթ Ալ­պայ­րաք (ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար), Ա­քիֆ Չա­ղա­թայ Գը­լըճ (ե­րի­տա­սար­դու­թեան ու մարմ­նա­մար­զի նա­խա­րար), Ֆա­րուք Չե­լիք (գիւ­ղատն­տե­սու­թեան նա­խա­րար), Պիւ­լէնտ Թիւ­ֆէնք­ճի (մաք-սայ­ին նա­խա­րար), Ճեւ­տէթ Եըլ­մազ (զար­գաց­ման նա­խա­րար), Նա­պի Ավ­ճը (ազ­գա­յին կրթու­թեան նա­խա­րար), Իս­մեթ Եըլ­մազ (ազ­գա­յին պաշտ­պա­նու­թեան նա­խա­րար), Վէյ­սէլ Է­րօղ­լու (ան­տառ­նե­րու եւ ջրա­յին մի­ջոց­նե­րու նա­խա­րար), Մեհ­մէտ Մի­ւէզ­զի­նօղ­լու (ա­ռող­ջա­պա­հու­թեան նա­խա­րար) եւ Պի­նա­լի Եըլ­տը­րըմ (հա­ղոր­դակ­ցու­թեան նա­խա­րար)։

Երէկ, Էրտողան Նախագահական պալատին մէջ ընդունեց Տավուտօղլուն, որ իրեն պաշտօնապէս ներկայացուց նոր դահլիճին կազմը։ Այս տեսակցութենէն վերջ պաշտօնապէս յայտարարուեցաւ, թէ կազմուած է նոր կառավարութիւնը՝ Էրտողանի վաւերացման հիման վրայ։ Այս կապակցութեամբ համապատասխան հրապարակումը եղաւ նաեւ Պաշտօնաթերթին մէջ։

Վարչապետ Տավուտօղլու յայտնեց, որ նոր կառավարութիւնը ստանձնած է յառաջիկայ չորս տարիներուն երկիրը դէպի նոր հորիզոն մը տեղափոխելու առաքելութիւնը։ «Սա դժուար պատասխանատուութիւն մըն է, սակայն անոր կողքին կը գտնուի 85 տոկոս մասնակցութեան համեմատութեամբ ընտրութեան մը արդիւնքին տարուած յաղթանակը, իսկ անոր առջեւն է 2023-ի հեռանկարը։ Յառաջիկայ չորս տարիներուն անհրաժեշտ բոլոր քայլերը պիտի առնենք այն բոլոր նիւթերուն շուրջ, որոնց համար խոստում տուած ենք մեր ազգին», ըսաւ Տավուտօղլու, որ աւելցուց, թէ կառավարութիւնը պիտի ներկայացնէ ազգը, պիտի ծառայէ անոր եւ երկիրը պիտի պատրաստէ յառաջիկայ սերունդներուն փոխանցուելու։ Տավուտօղլու շեշտեց, թէ բոլոր նախարարները խտացեալ աշխատանքի մը մթնոլորտին մէջ պիտի գտնուին ու պիտի ձգտին մարդու իրաւանց եւ արժանապատուութեան յարիր ժողովրդավարական հասունութիւնով աշխարհին օրինակ հանդիսանալիք երկիր մը կերտելու։

Չորեքշաբթի, Նոյեմբեր 25, 2015