ՄԻՋԵԿԵՂԵՑԱԿԱՆ ՀԱՒԱՔ
Ամենայն Հայոց Տ.Տ. Գարեգին Բ. Կաթողիկոսի օրհնութեամբ եւ հրամանով, երէկ, Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ աշխատանքի ձեռնարկեց Եւրոպայի Եկեղեցիներու քոնֆերանսի (ԵԵՔ) ղեկավար մարմնի եռօրեայ ժողովը։ Մայրավանքի համալիրէն ներս, Ս. Վարդան եւ Ս. Յովհաննէս Մկրտիչ մատրան մէջ կազմակերպուած էքիւմենիք աղօթքի արարողութիւնով բացուեցաւ ժողովը, գլխաւորութեամբ Հայաստանի Աստուածաշնչային ընկերութեան ընդհանուր քարտուղար Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեանի։
Այնուհետեւ Սուրբ Էջմիածնի «Վաչէ եւ Թամար Մանուկեան» Մատենադարանի երդիքին տակ տեղի ունեցաւ առաջին նիստը, որու ընթացքին Ամենայն Հայոց Վեհափառ Հայրապետին անունով ողջոյնի խօսքով մը հանդէս եկաւ Մայր Աթոռի Արտաքին յարաբերութիւններու եւ արարողակարգի բաժնի տնօրէն Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան։ Կարեւորելով ժողովականներուն մէկտեղումը համայն հայութեան հոգեւոր կեդրոն Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ, ան մասնաւորապէս խօսեցաւ պատմութեան ընթացքին հայ ժողովուրդին բաժին վիճակած դժուարութիւններուն, մարտահրաւէրներուն եւ հալածանքներուն մասին։ Նորին Սրբազնութիւնը ընդգծեց, որ հայոց ազգը քրիստոնէական հաւատքով կարողացած է յաղթահարել այդ բոլորը եւ պահպանել իր քրիստոնէական ինքնութիւնն ու արժէքները։
Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան աւելի վերջ դիտել տուաւ, թէ 20-րդ դարու երկրորդ կէսէն սկսեալ Հայաստանեայց Առաքելական Եկեղեցին կը հանդիսանայ կարեւոր մասը ժամանակակից էքիւմենիք շարժման՝ ըլլալով անդամ Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդի եւ ԵԵՔ-ի, մասնակցելով զանազան միջյարանուանական երկխօսութեան հարթակներուն եւ ծրագրերուն։ «Իսկապէս, հաւատքի հոգեւոր ճամբորդութիւնը աւելի ամբողջական ու հարստացնող կը դառնայ, երբ կ՚իրականացուի անոնց հետ, որոնք քեզի հետ կը բաժնեն ընդհանուր արժէքներ եւ հաւատք։ Իրարու համար աղօթելը՝ իբրեւ քրիստոնեաներ, պարտականութիւն է, ինչ որ նոյնպէս կրնայ նկատուիլ իբրեւ սիրոյ դրսեւորում իրարու հանդէպ։ Այս օրերուն, երբ աշխարհի զանազան անկիւններուն մէջ մեր քրիստոնեայ քոյրերն ու եղբայրները կ՚ենթարկուին ամենասարսափելի հալածանքներու այն պատճառով, թէ ո՛վ են անոնք, որո՛ւ կը հաւատան, մեզի համար պարզ կը դառնայ, որ մենք միայն մեր միութեան, քրիստոնէական համերաշխութեան եւ փոխադարձ սիրոյ միջոցաւ կրնանք դիմագրաւել այդ բոլոր դժուարութիւնները», ըսաւ Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան, որ ԵԵՔ-ի գործադիր մարմնի անդամներուն բարի գալստեան մաղթանքներ յղելու առընթեր, ժողովի աշխատանքներուն մաղթեց բարի ընթացք եւ յաջողութիւն։
Մինչ այդ, նոյնպէս երէկ, ԵԵՔ-ի ղեկավար մարմնի եռօրեայ նիստին մասնակիցները ընդունուեցան Վեհափառ Հայրապետին կողմէ, որու կողքին էին Տ. Եզնիկ Արք. Պետրոսեան, Տ. Նաթան Արք. Յովհաննիսեան եւ Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի Միջեկեղեցական յարաբերութիւններու բաժնի տնօրէն Տ. Շահէ Վրդ. Անանեան։ Այս առթիւ Հայր Սուրբը ժողովականները ներկայացուց Նորին Սրբութեան՝ անդրադառնալով նաեւ ԵԵՔ-ի ժողովի օրակարգին։
Ողջունելով ԵԵՔ-ի ներկայացուցիչները՝ Նորին Սրբութիւնը գոհունակութեամբ նշեց, թէ հայ ժողովուրդի համար նուիրական ներկայ տարուան մէջ, ընդառաջ իր հրաւէրին, ԵԵՔ-ի ղեկավար մարմինը Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կ՚իրականացնէ իր տարեկան ժողովը։ Այս առթիւ Նորին Սրբութիւնը մեծապէս կարեւորեց այն զօրակցութիւնը, որ միջեկեղեցական կազմակերպութիւնները՝ ԵԵՔ-ն, Եկեղեցիներու համաշխարհային խորհուրդը եւ քոյր եկեղեցիները ցուցաբերեցին հայոց եկեղեցւոյ եւ հայ ժողովուրդին ի նպաստ՝ մասնակցելով Սուրբ Էջմիածնի եւ աշխարհի հայկական զանազան համայնքներուն մօտ եւ քոյր եկեղեցիներու հոգեւոր կեդրոններէն ներս 2015-ի առթիւ կազմակերպուած ոգեկոչման արարողութիւններուն։
Զրոյցի տեւողութեան Վեհափառ Հայրապետը դատապարտեց Փարիզի մէջ Նոյեմբերի 13-ին տեղի ունեցած ահաբեկչական գործողութիւնները առ Աստուած աղօթք վերառաքելով զոհերու հոգիներու խաղաղութեան եւ անոնց հարազատներու մխիթարութեան համար։ Վեհափառ Հայրապետը մատնանշեց, որ եկեղեցիներու աշխոյժ գործակցութիւնը, միջեկեղեցական եւ միջկրօնական երկխօսութիւններու իրականացումը կրնան նպաստել նման աղիտալի երեւոյթներու յաղթահարման։
ԵԵՔ-ի գործադիր մարմնի անդամներուն անունով արտայայտուեցաւ Անկլիքան եկեղեցիէն Քրիստոֆըր Եպիսկոպոսը, որ կառոյցի նախագահն է։ Շնորհակալութիւն յայտնելով ջերմ հիւրընկալութեան համար՝ ան ընդգծեց, որ Քրիստոսի առաքեալներուն կողմէ հիմնադրուած Հայ Եկեղեցւոյ հոգեւոր կեդրոնին մէջ գտնուիլը խումբի իւրաքանչիւր անդամը աւելի կը հարստացնէ ու կ՚ամրապնդէ քրիստոնէական հաւատքին մէջ։ Ան անդրադարձաւ նաեւ անցեալ Ապրիլին Մայր Աթոռ Սուրբ Էջմիածնի մէջ կատարուած սրբադասման արարողութեան կարեւորութեան եւ խորհրդաւորութեան։
Տեսակցութեան ընթացքին Նորին Սրբութիւնը ժողովականներուն ներկայացուց Հայ Եկեղեցւոյ ներկայ գործունէութիւնը, խօսեցաւ անոր առջեւ ծառացած մարտահրաւէրներուն մասին եւ անդրադարձաւ եկեղեցական նոր սերունդի մը պատրաստութեան ուղղութեամբ ձեռնարկուած աշխատանքներուն։