Բոցերը…
Թուրքիա-Ռուսաստան անակնկալ լարուածութիւնը յղի է մտահոգիչ բարդութիւններու, եթէ ժամ առաջ չյաղթահարուի ստեղծուած մթնոլորտը։ Սուրիոյ եւ Իրաքի մէջ բոյն դրած ահաբեկչութիւնը այնպիսի կացութիւն մը յառաջացուցած է, որ ոչ միայն սպառնալիքի տակ է Մերձաւոր ու Միջին Արեւելքը, այլ նաեւ անորոշութիւն մը ստեղծուած է ընդհանրապէս միջազգային բեմահարթակին վրայ։ Պղտորութիւնը անխուսափելի կը դարձնէ բազում հարցականներ եւ այս վերջիններուն վրայ եկած է աւելնալ Անգարա-Մոսկուա առանցքի լարուածութիւնը։
Հրդեհ մը ծագած է տարածքաշրջանին մէջ եւ բոցերը սկսած են տարածուիլ, իսկ թուրք-ռուսական յարաբերութիւններու լարուածութիւնը կու գայ ապացուցանել, թէ այդ բոցերը հակակշռէ դուրս գալով կրնան տարածուիլ եթէ ժամ առաջ ազդու միջամտութիւն մը չըլլայ։
Այս առումով յատկանշական օրինակ մը կը մատնանշեն Մոսկուայէն երէկ հասած լուրերը, ըստ որոնց ռուս խորհրդարանականներ շարժման անցած են՝ որպէսզի բանաձեւի մը ընդունման միջոցաւ երկրէն ներս քրէականացնեն ցեղասպանութեան վերաբերեալ հայոց տեսակէտներուն ուրացումը։ Ինչ լա՛ւ ժամկէտ… Որքան համոզի՛չ մթնոլորտ… Ահաւասիկ, թէ բոցերը ո՛ւր կրնան հասնիլ։
Թուրքիա եւ Ռուսաստան, ճիշդ է, որ վերջին տարիներուն ամրապնդած են համագործակցութիւնը, բայց իրենց շուրջ համախմբած են այնպիսի երկիրներ, որոնք ունին հակադիր կեցուածքներ։ Առկայ նուրբ հաւասարակշռութիւններուն մէջ խոր ցնցում մը կրնայ յառաջանալ՝ եթէ միջազգային հանրութեան ներդրումը՝ անոնց միջեւ փութով համաձայնելու եզր մը չգտնուի։
ԱՐԱ ԳՕՉՈՒՆԵԱՆ