ՊԱՏՐԻԱՐՔԱՐԱՆԷՆ ՆՈՐ ՀԱՏՈՐ ՄԸ

Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռը կը շա­րու­նա­կէ ի­րե­րա­յա­ջորդ գիր­քեր հրա­տա­րա­կել իր «Ար­­մաշ» մա­տե­նա­շա­րէն։ Այս ամբող­ջին մէջ, որ­պէս տաս­նե­րորդ հա­տոր լոյս տե­սաւ մե­ծա­նուն ար­մա­շա­կա­նի մը՝ Ե­րա­նաշ­նորհ Գա­րե­գին Պատրիարք Խա­չա­տու­րեա­նի «Սրբու­հի Սան­դուխտ Կոյ­սին թռչնիկ­նե­րը» ըն­դար­ձակ պատ­մուած­քը։ Հե­ղի­նա­կը այս պատ­մուած­քը ստ­եղ­ծա­գոր­ծած ու մե­քե­նագ­րած է Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի մէջ որ­պէս ա­ռաջ­նորդ ու Հայ­րա­պե­տա­կան պա­տուի­րակ պաշ­տօ­նա­վա­րած շրջա­նին։ Մե­քե­նագ­րուած այդ բնա­գի­րը մաս կը կազ­մէր Պատ­րիար­քա­րա­նի հա­ւա­քածո­յին եւ այ­սօր ա­հա այդ թղթած­րարն է, որ հրա­տա­րա­կուած է գիր­քի ձե­ւա­չափով ու դար­ձած՝ ըն­թեր­ցա­սէր հա­սա­րա­կու­թեան սե­փա­կա­նու­թիւ­նը։ Սրբա­զան հե­ղի­նա­կը սոյն պատմուած­քը ա­ւար­տած է 19 Յու­նիս 1952 թուա­կա­նին։

144 է­ջե­րէ կը բաղ­կա­նայ նո­րա­տիպ հա­տո­րը, որ բա­ցի պատ­մուած­քի բնա­գի­րէն կ՚ընդգր­կէ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րո­վբեա­նի գրի ա­ռած նա­խա­բա­նը, հե­ղի­նա­կին կեն­սագ­րու­թիւ­նը, Հա­րա­ւա­յին Ա­մե­րի­կա­յի տա­րի­նե­րէն լու­սան­կար մը, իր զա­նա­զան շրջան­նե­րու ստո­րագ­րու­թիւն­ներն ու կնիք­նե­րը, շիր­մին լուսան­կարն ու ար­ձա­նագ­րու­թիւ­նը, իր յա­ջոր­դին՝ Շնորհք Պատ­րիարք Գա­լուս­տեա­նի կող­մէ գրի առ­նուած Ս. Սան­դուխտ կոյ­սի հա­կիրճ վար­քը ե­ւայլն։ Յա­ռա­ջա­բա­նի հե­ղի­նակ Վա­ղար­շակ Սրկ. Սե­րով­բեան միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ե­ղած է այս հա­տո­րին խմբա­գի­րը, իսկ կող­քը պատ­րաս­տուած է Ա­րիս Քա­րա­ֆի­լի կող­մէ։ Հե­տաքր­քիր­ներ պի­տի կա­րե­նան այս հա­տո­րը ա­պա­հո­վել Պատ­րիար­քա­րա­նէն՝ դի­մե­լով աշ­խա­տան­քա­յին ժա­մե­րուն։

Հո­գե­լոյս Պատ­րիար­քի այս ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւ­նը հրա­տա­րա­կուած է մե­կե­նա­սու­թեամբ Սուրբ Խաչ դպրե­վան­քի խնա­մա­կա­լու­թեան ա­տե­նա­պետ Տոց. Թո­րոս Ալ­ճա­նի, որ հրա­տա­րակ­չա­կան այս ծրա­գի­րը ձօ­նած է ի յի­շա­տակ իր հո­գե­լոյս քրոջ՝ Ա­ղաւ­նի Ալ­ճա­նի։

Հինգշաբթի, Նոյեմբեր 26, 2015