ՄԵՍՐՈՊ ՄԱՇՏՈՑԻ ԿԵԱՆՔԸ՝ ՃՇՄԱՐԻՏ ԿՈՉՈՒՄԻ ՏԻՊԱՐԸ
Մեր նախորդ խորհրդածութիւններուն մէջ անդրադարձանք ճշմարիտ կոչումի զգացումին, եւ ըսինք թէ՝ «կոչումի զգացում»ը պէտք չէ՛ շփոթել պահանջքով, ստիպողական կամ հարկադրական պայմաններով կատարուած ծառայութեան փոփոխութիւններու՝ որոնք ընդհանրապէս կը հասկցուին որպէս «ասպարէզի փոփոխութիւն»՝ աւելի լաւ դիրք մը ունենալու, աւելի լաւ եւ դիւրին ապրելու համար։ Ուստի ճշմարիտ կոչումի զգացումը երբե՛ք աւելի լաւ եւ աւելի դիւրին կեանք մը ապրիլ ու վայելել չի՛ խոստանար։
Ճշմարիտ կոչումը, ուրեմն զոհողութիւն կը պահանջէ՝ հրաժարիլ կը նշանակէ աւելի լաւ կեանքէ մը, եւ լծուիլ ծառայութեան, յանձն առնելով ամէն նեղութիւն եւ ամէն նուաստացում կեանքի պայմաններու։
Սիրելի՜ներ, իսկական «կոչումի զգացում»ը, զգացողներ գիտեն՝ կը նմանի «երկունքի ցաւ»ի՝ որուն վերջաւորութիւնը փրկութիւն է եւ երանութի՜ւն…։
Ճշմարիտ «կոչումի զգացում»ը ապրողը այն է՝ որ կ՚իմանայ եւ կ՚ըմբռնէ, թէ՝ «Աւելի երջանկութիւն է տալը, քան առնելը» (ԳՈՐԾՔ. Ի 35)։
Իրական «կոչումի զգացում» ունեցողը կը հաւատայ, թէ՝ «Ան որ ձեռքը մաճին կը դնէ եւ ետ կը նայի, յարմար չէ՛ Աստուծոյ թագաւորութեան» (ՂՈՒԿ. Թ 62)։
Եւ դարձեալ ան գիտէ, թէ՝ «Աշխարհի վրայ նեղութիւններ պիտի ունենայ, բայց պէ՛տք է քա՛ջ ըլլալ…» (ՅՈՎՀ. ԺԶ 33)։ Ան յանձն առած է «խոնարհ» ըլլալ, «համեստ» ըլլալ, որոնք կը նմանին «նեղ դուռնէն մտնալ»ու (ՄԱՏԹ. Է 13) յօժարակամ ազնիւ մարդոց։
Եւ վերջապէս, «կոչումի զգացում» ունենալ կը նշանակէ՝ ո՛չ թէ Աւետարանը կարդալ, սորվիլ, սերտել, այլ՝ «ապրի՛լ», վայելել եւ ամէն մէկ տողը, կէտը կարենալ փոխանցել իր կեանքին ամէն մէկ պահուն…։
Հայ Եկեղեցւոյ ընդհանուր պատմութեան մէջ կա՛ն բազմաթիւ, «կոչումի զգացում»ով նուիրուած հոգեւորականներ՝ տիպարներ եւ օրինակելի, արժանահաւատ, աւանդի արժէք ունեցող անձնաւորութիւններ։ Ահաւասիկ անոնցմէ մէկն է Մեսրոպ Մաշտոց, որ իր կեանքով ցոյց տուած է ճշմարիտ «կոչում»ի տիպարը՝ թողած եւ հրաժարած է աշխարհիկ ամէն տեսակ ճոխութենէ՝ հրաժարած է բարձր դիրքերէ եւ ձեռքը քաշած է աշխարհիկ բոլոր պատեհութիւններէ, եւ նուիրուած ժողովուրդին ծառայութեան՝ հոգեմտաւոր մարզին մէջ։ Ան յեղաշրջած է ժողովուրդին հոգեւոր եւ մտաւոր ամբողջ կեանքը։
Ան եղած է առաջնորդ՝ հոգեմտաւոր կեանքին, եղած է տիպար եւ հերոս՝ գլխաւոր դէմք, ժողովուրդին հոգեկան եւ մտաւոր կեանքը հաստատ հիմերու վրայ հիմնելով եւ հետզհետէ զարգացնելով։ Եւ ահաւասիկ ա՛յս է «ճշմարիտ կոչումի զգացում»ի յայտնութիւնը՝ երեւումը աստուածային լուսաւորութեամբ։
Ուրեմն կ՚արժէ անգամ մը եւս յիշել անոր կենսագրութեան աչքառու եւ ուշագրաւ դրուագները՝ որպէս օրինակ ճշմարիտ կոչումի։
«Մեսրոպ Մաշտոց ծնած է ազնուական ընտանիքի մը մէջ։ Ան ստացած է յունական կրթութիւն եւ մօտաւորապէս 389 թուականին հաստատուած է Վաղարշապատ։ Ան որպէս ատենադպիր պաշտօնավարած է արքունիքի մէջ՝ թագաւորի պալատին։ Ապա անցած է զինուորական ծառայութեան՝ բարձրաստիճան պաշտօնատարութեամբ։
«395 թուականին թողած եւ հրաժարած է իր բոլոր պաշտօններէն եւ աշխարհիկ կեանքէն հեռացած ու մտած է միայնակեցութեան՝ վանականութեան կեանքի մէջ»։
Ահաւասիկ, այն ի՛նչ որ ըսել կ՚ուզենք երբ կը խօսինք ու կը խորհրդածենք ճշմարիտ ու անկեղծ «կոչումի զգացում»ի մասին։ Անոնք որ կրնան թողուլ լաւ դիրքը եւ կենցաղը եւ կը նուիրուին հոգեմտաւոր ծառայութեան անոնց համար միայն կարելի է ըսել, թէ՝ անկեղծութեամբ եւ ճշմարտութեամբ կը զգան «կոչո՛ւմ»ը եւ անձնուրացութեամբ կը նուիրուին հոգեմտաւոր ծառայութեան։ Եւ երբ «հոգեմտաւոր ծառայութեան» մասին է խօսքը, ո՛չ միայն նեղ առումով եկեղեցական ծառայութեան կ՚անկնարկենք, այլ եկեղեցական ծառայութեան բոլոր աստիճանները՝ որոնք լուրջ պատասխանատուութիւն կ՚ենթադրեն ենթականերուն։ Անոնք երբ որեւէ կերպով կը ստանան այդ իրաւասութիւնները, պարտաւո՛ր են ըստ իրենց դիրքին եւ աստիճանին շարժիլ եւ վարուիլ, ո՛չ միայն եկեղեցւոյ մէջ, այլ անոր շրջակայքը եւ ամէնուրեք, մինչեւ իսկ իրենց անձնական կեանքին մէջ։
Եկեղեցական որեւէ աստիճան ստացողը պէ՛տք է վարուի այնպէս, որպէս օրինակ, տիպար ժողովուրդին՝ ուղեցոյց ըլլայ աշխարհականներու։ Իսկ եթէ անոնք, որ օրինակ ըլլալու կոչուած են՝ սխալին, գէշ օրինակ ըլլան ժողովուրդին, այլապէս կ՚արատաւորեն եկեղեցւոյ սրբութիւնը եւ կը մոլորեցնեն անոր անմեղ ժողովուրդը։
Ո՛չ ոք իրաւունք ունի իրեն տրուած շնորհը շահագործելու, իր անձնական օգտին գործածելու եւ մանաւանդ քմահաճօրէն՝ իր քմահաճոյքին համեմատ, կամայական գործածելու։ Զոր օրինակ, սարկաւագներ եւ կիսասարկաւագներ, միայն Ս. Պատարագին սպասարկելու համա՞ր ձեռնադրուած են։ Եւ մանաւանդ որ անոնք ալ շատ անգամ Ս. Պատարագը սկսելէ վերջ «կը բարեհաճին» խորան բարձրանալ…։ Ի՜նչ անպատշաճութիւն, ի՜նչ անպատկառութիւն է՝ պատարագիչ քահանան խորան բարձրանալէ ետք, «անփոխարինելի» մարդու հովերով խորան բարձրանալ…։ Անոնք եթէ չեն գիտեր եկեղեցական օրէնք, կանոն, չե՞ն սորված կենցաղավարութիւն, չեն բարեկրթուած այդ մասին։ Եւ եթէ անոնք կը սայթաքին, ապա ուրեմն ժողովուրդին՝ անմեղ ժողովուրդին դիտողութիւն ընելու ի՜նչ իրաւունք ունինք…։ «Տիպար ըլլալ», դժբախտաբար ամէն մարդու տրուած յատկութիւն մը չէ՛։
Յետոյ կը վկայենք եկեղեցւոյ աստիճանաւոր պաշտօնեաներու՝ որոնք եկեղեցւոյ բակին մէջ իրենց անպատշաճ շարժուձեւերով, լկտի եւ գռեհիկ խօսակցութիւններով, ծխելով եւ այլ վարմունքով վատ օրինակ կը հանդիսանան ժողովուրդին։ Մինչդեռ իրենք են որ շիտակ վարմունքի պիտի առաջնորդեն ժողովուրդը։
Իրա՛ւ է որ «կոյրը կոյրին չի կրնար առաջնորդել»։
Եւ ի հեճուկս բոլոր այս անպատկառութիւններուն՝ այդպիսիներ կը ձգտին աւելի բարձր աստիճաններ ստանալու։ Ինչո՞ւ։ Եկեղեցիին միջոցով անձնական փառք ու պատիւ ստանալու համար։
Ո՛չ, սիրելինե՜ր, Հայ Եկեղեցին այդքան չէ՛ աժանցած, չէ՛ նուաստացած… այդպիսիներ թող ուրիշ տեղեր փնտռեն անձնական շահ, փառք ու պատիւ եւ Եկեղեցին թողուն իր պատնէշին, իր բարձրութեանը վրայ, եւ չփորձեն շահագործել զայն իրենց քմահաճոյքին համար, առարկայ չընեն զայն իրենց նիւթական եւ բարոյական շահերուն եւ զայն ձգեն իրաւ հոգեւորականներու, ճշմարիտ նուիրականներու, ամէն ակնկալութենէ չտարուող ծառայասէրներու…։
Եւ այդպիսիներ թո՛ղ անգամ մը եւս լսեն Յիսուսի խօսքերը՝ Անոր որուն իբր թէ հետեւիլ կ՚ուզեն.
«Վա՜յ ձեզի կեղծաւորներ… վա՜յ ձեզի, կո՛յր առաջնորդներ…» (ՄԱՏԹ. ԻԳ 13-36)։
Յետոյ թող բաժին հանեն սա խօսքերէն.
«Իմ տունս աղօթքի տուն պիտի կոչուի, մինչ դուք զայն աւազակներու որջի վերածած էք» (ՄԱՏԹ. ԻԱ 13)։ Իմ շա՜տ սիրելի եւ հաւատարիմ ընթերցող բարեկամներ, այլապէս ի՜նչ կրնամ ըսել այս մասին… Սուրբերու, Հայրերու սրբութեամբ մեզի աւանդուած Եկեղեցին չթողո՛ւնք անարժաններու, չթողունք որ անոնք շահագործեն զայն, քանի որ Եկեղեցին շնորհ ընելու վայր չէ՛, այլ՝ շնորհ ընդունելու սրբատեղի՛։ Իրաւ նուիրականներ այլեւս չե՛ն ուզեր իրենց շուրջը տեսնել «ոչխար»ներ՝ որոնք իրականին քօղարկուած աղուէսներ են՝ խորամանկ՝ միա՛յն իրենց շահուն համար…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 19, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024