ՄԱՅՐ ԱԹՈՌԻ ՄԷՋ ՀԻՒՐԵՐ

Ա­մե­նայն Հա­յոց Տ.Տ. Գա­րե­գին Բ. Կա­թո­ղի­կո­սը ե­րէկ Մայր Ա­թոռ Սուրբ Էջ­միած­նի մէջ հիւ­րըն­կա­լեց Ա­հըլ Էլ-Պէյ­թի Հա­մաշ­խար­հա­յին հա­մա­գու­մա­րի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղար Ա­յէ­թուլ­լահ Մու­համ­մէտ Հասան Ախ­թա­րին։ Կը հա­ղոր­դուի, որ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը ող­ջունեց Ախ­թա­րին եւ ըն­կե­րա­կից­նե­րը եւ ը­սաւ, թէ նման այ­ցե­լու­թիւննե­րը կը նպաս­տեն փո­խա­դարձ ճա­նաչ­ման ու միջկ­րօ­նա­կան երկ­խօսու­թեան ա­ռա­ւել զօ­րաց­ման։ Ընդգ­ծե­լով միջկ­րօ­նա­կան երկխօ­սու­թիւն­նե­րուն անհ­րա­ժեշ­տու­թիւ­նը՝ Նո­րին Սրբու­թիւ­նը շեշ­տեց, թէ քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն նման՝ հո­գե­ւոր ա­ռաջ­նորդ­նե­րը եւս կրնան դե­րա­կա­տա­րու­թիւն ու­նե­նալ աշ­խար­հի զա­նա­զան կող­մե­րուն ի­րա­կա­նա­ցուող ոճ­րա­գոր­ծու­թիւն­նե­րուն եւ ա­հա­բեկ­չա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն­նե­րուն կան­խար­գիլ­ման ուղ­ղու­թեամբ, ա­նոնց հե­տե­ւանք­նե­րու յաղ­թա­հա­րու­մով հան­դերձ։ Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը մաս­նա­ւո­րա­պէս կանգ ա­ռաւ այն հան­գա­ման­քին վրայ, թէ այ­սօր յա­ճախ ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը կը քօ­ղար­կուի կրօ­նա­կան գոր­ծօ­նով։ Այս ա­ռըն­չու­թեամբ ան դա­տա­պար­տեց Ֆրան­սա­յի մէջ կա­տա­րուած ա­հա­բեկ­չու­թիւ­նը ու մտա­հո­գու­թիւն յայտ­նեց Մի­ջին Ա­րե­ւել­քէ ներս առ­կայ ծանր կա­ցու­թեան շուրջ։

Ի­րա­նէն ժա­մա­նած հիւ­րե­րուն հետ զրու­ցե­լու ըն­թաց­քին Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը անդ­րա­դար­ձաւ նաեւ եր­կու ժո­ղո­վուրդ­նե­րու պատ­մա­կան կա­պե­րուն եւ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու զար­գաց­ման ներ­կայ փու­լին։

Իր կար­գին Ա­յէ­թուլ­լահ Մու­համ­մէտ Հա­սան Ախ­թա­րի եւս կա­րե­ւո­րեց միջկ­րօ­նա­կան երկ­խօ­սու­թիւն­նե­րը ու նշեց, թէ կրօ­նա­կան ա­ռաջ­նորդ­նե­րու մի­ջեւ ձե­ւա­ւո­րուած փո­խա­դարձ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թիւ­նը գե­ղե­ցիկ օ­րի­նակ մը պի­տի ըլ­լայ աշ­խար­հի ժո­ղո­վուրդ­նե­րուն հա­մար եւ զա­նոնք պի­տի ա­ռաջ­նոր­դէ դէ­պի այն վեհ ու նուի­րա­կան ար­ժէք­նե­րը, ո­րոնք կը քա­րո­զուին բո­լոր կրօն­նե­րուն կող­մէ։ Անդ­րա­դառ­նա­լով ծայ­րա­յե­ղա­կան դրսե­ւո­րում­նե­րուն՝ ան ընդգ­ծեց, թէ ո­րե­ւէ կրօն չի նա­խա­տե­սեր սպան­նել Աս­տու­ծոյ ա­րա­րած­նե­րը եւ կրօ­նա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն պա­տաս­խա­նա­տուու­թիւնն է խստօ­րէն դա­տա­պար­տել այդ բո­լոր ե­րե­ւոյթ­նե­րը, ո­րոնք կը չա­րա­շա­հեն մար­դոց հա­ւատ­քը։

Վե­հա­փառ Հայ­րա­պե­տը եւ Ա­յէ­թուլ­լահ Մու­համ­մէտ Հա­սան Ախ­թա­րի խօ­սե­ցան նաեւ ե­րի­տա­սարդ սե­րուն­դի հո­գե­ւոր դաս­տիա­րա­կու­թեան եւ հո­գե­ւո­րա­կան­նե­րու պատ­րաս­տու­թեան շուրջ։ Մարդ­կա­յին կեան­քը յու­զող զա­նա­զան խնդիր­նե­րու եւ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու յաղ­թա­հար­ման գոր­ծին մէջ կա­րե­ւո­րուե­ցաւ միջկրօ­նա­կան հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան ընդ­լայ­նու­մը եւ հա­մա­տեղ քայ­լե­րու ի­րա­կա­նա­ցու­մը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015