ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ՄՇԱԿՈՅԹԻ ՆԱԽԱՐԱՐՈՒԹԻՒՆԸ ԱՐԴԻՒՆԱՒԷՏ ՀԱՄԱԳՈՐԾԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ԿԸ ԾԱՒԱԼԷ ՄԱՍՆԱՒՈՐ ՀԱՏՈՒԱԾԻՆ ՀԵՏ
Հայաստանի Մշակոյթի նախարար Յասմիկ Պօղոսեան եւ «Վիվասել» ընկերութեան ընդհանուր տնօրէն Ռալֆ Եիրիկեան նախընթաց օր «Երեւանի մէջ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Այս առթիւ Յասմիկ Պօղոսեան շատ բարձր գնահատեց մասնաւոր հատուածին եւ իր նախարարութեան միջեւ ձեւաւորուած համագործակցութիւնը։ «Մշակոյթը չի կրնար ըլլալ միայն պետութեան մենաշնորհը։ Որքան մասնաւոր հատուածը ներգրաւուած ըլլայ, զարգացման գործընթացները այնքան աւելի որակական նոր բովանդակութիւն կ՚ունենան։ Այս իմաստով ես կ՚ակնկալեմ, որ մեր ոլորտը կ՚ունենայ շատ աւելի բարեկամներ, բայց դժբախտաբար այսօր չեմ կրնար ըսել, որ մարդիկ կամ կազմակերպութիւնները կը փափաքին ներդրումներ ընել մշակոյթի ոլորտին մէջ», ըսաւ Յասմիկ Պօղոսեան եւ աւելցուց, թէ գոյութիւն ունին զարգացումներ մասնաւորապէս պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման ոլորտին մէջ, կան հովանաւորներ, ինչպէս նաեւ արտասահմանի մէջ ձեռնարկներու, ցուցահանդէսներու կազմակերպման ուղղութեամբ առաջարկներ։
Նախարարին խօսքերով մասնաւոր հատուածի ներգրաւուածութիւնը որակական լուրջ փոփոխութիւն կ՚ապահովէ մշակութային դաշտէն ներս։ «Կը մնայ յուսալ, որ ժամանակի ընթացքին մարդիկ պիտի հասկնան այս բանին օգուտը, առաւելութիւնը եւ աւելի աշխոյժ պիտի ներգրաւուին մշակութային կեանքին օժանդակելու գործընթացներուն», ըսաւ Յասմիկ Պօղոսեան։ Միեւնոյն ժամանակ ան դիտել տուաւ, թէ պետութեան կողմէ տրամադրուած միջոցները միշտ բաւարար չեն ըլլար։ Որպէս օրինակ մէջբերեց ժամանակակից արուեստի եւ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման ոլորտը, ուր կ՚իրականացուին բազմաթիւ ծրագրեր՝ շնորհիւ հովանաւորներու աջակցութեան։ Ըստ Յասմիկ Պօղոսեանի, ամէն տարի իր նախարարութիւնը հանդէս կու գայ նախաձեռնութիւններով, որոնց մէկ մասը կեանքի կոչել կարելի պիտի չըլլար առանց մշակոյթի նուիրեալ կազմակերպութիւններու եւ առաջին հերթին «Վիվասել»ի։ Հետեւաբար, Մշակոյթի նախարարութիւնը բարձր կը գնահատէ «Վիվասել»ի շարունակական աջակցութիւնը ազգայի մշակոյթի զարգացման գործին մէջ։ Խօսելով կողմերու համագործակցութեան կարեւորութեան մասին՝ Յասմիկ Պօղոսեան ըսաւ. «Մեր բարեկամութիւնը արդէն տասն տարուան պատմութիւն ունի։ Մեծ է այս ընկերութեան ներգրաւուածութիւնը յատկապէս ժամանակակից արուեստի եւ պատմամշակութային ժառանգութեան պահպանման ոլորտներուն մէջ։ Սակայն չկայ որեւէ բնագաւառ, ուր այս ընկերութիւնը չունենայ իր մասնակցութիւնը։ Հարկ է նշել, որ «Վիվասել»ի մասնակցութեամբ իրականացուող իւրաքանչիւր ծրագիր կ՚արձանագրէ որակական բարձր արդիւնքներ»։
Իր կարգին, Ռալֆ Եիրիկեանն ալ ըսաւ, թէ տարեսկիզբէն ի վեր «Վիվասել» 2 միլիառ 512 միլիոն դրամի ներդրում կատարած է ընկերային ներդրումներու ծրագրին շրջագծով եւ այդ միջոցներուն աւելի քան 35 տոկոսը ներդրուած է մշակութային նախագծերուն մէջ։ «Վիվասել»ի յիշեալ ծրագրի հիմնական ուղղութիւններէն մին մշտապէս եղած է մշակութային բնագաւառը։ Ընդհանուր առմամբ՝ այս ընկերութիւնը տասն տարիներու իր գործունէութեան ընթացքին 23.6 միլիառ դրամ յատկացուցած է ընկերային ներդրումներու ծրագրի շրջանակներէն ներս եւ այդ գումարին շուրջ 35 տոկոսը ուղղուած է մշակութային ծրագրերուն։ «Վիվասել»ի կողմէ մշակոյթի բնագաւառին բերուած աջակցութիւնը նպատակ ունի նպաստելու աշխարհի հետ երկխօսութեան հաստատման եւ ազգային արժէքներու տարածման։ Ռալֆ Եիրիկեան դիտել տուաւ, թէ մշակոյթը նաեւ ինքնահաստատման ձեւ մըն է, հայոց եզակիութիւնը, ազգային ինքնութիւնն ու տեսլականը ներկայացնելու միջոց։ Աջակցութիւն ցուցաբերելով մշակութային նախաձեռնութիւններուն՝ «Վիվասել» հետամուտ է ունենալու իր աւանդը ազգային մշակութային աւանդութիւններու ներկայացման եւ երիտասարդ սերունդի գեղագիտական դաստիարակութեան մէջ։ «Իւրաքանչիւր մշակութային նախաձեռնութիւն նոր որակ ու գոյն կու տայ հայ հասարակութեան», ըսաւ ան։
Ռալֆ Եիրիկեան մատնանշեց, որ «Վիվասել»ի աջակցութեան շնորհիւ իրականացուած ծրագրերը կ՚ընդգրկեն զանազան մշակութային բնագաւառներ ու ոճեր, ինչպէս նաեւ կ՚անդրադառնան հայ ժողովուրդի պատմութեան լուսաբանման։ Օրինակներ մէջբերելով ան կանգ առաւ շարք մը շարժանկարի ու երաժշտական փառատօներուն եւ պարախումբերուն ցուցաբերուած աջակցութիւնը։ «Վիվասել»ի ուշադրութեան կեդրոնին կը գտնուին նաեւ ազգային մշակութային արժէքներու տարածման ու ծանօթացման ուղղեալ լրագրական նախաձեռնութիւնները։