TEOG-Ի ԳԾՈՎ ՀԱՅԿԱԿԱՆ ՀԱՐՑԻՆ ՇՈՒՐՋ «ՆՈՒՐԲ» ՀԱՐՑՈՒՄ ՄԸ

Տար­րա­կան կրթու­թե­նէն միջ­նակարգ անց­նե­լու ուղ­ղեալ կեդ­րո­նա­կան հա­սա­րա­կաց քննու­թեան՝ TEOG-ի շրջագ­ծով, «Թուր­քիոյ Հան­րա­պե­տու­թեան յե­ղա­փո­խութեան պատ­մու­թիւն եւ Ա­­թա­թիւր­քա­կա­նու­թիւն» ա­­ռար­կա­յի հար­ցում­նե­րուն շրջագ­ծով ա­շա­կերտ­­նե­րուն ուղ­ղուած է հայ­կա­կան հար­ցին վե­րա­բե­րեալ հար­ցում մը, ինչ որ այ­սօր ար­ձա­գանգ գտած է նաեւ տե­ղա­կան մա­մու­լին մօտ։ Սոյն հար­ցու­մը կը վե­րա­բե­րի Օս­մա­նեան պե­տու­թեան կող­մէ ըն­դու­նուած տե­ղա­հան­ման օ­րէն­քին, ո­րու հի­ման վրայ երկ­րի հա­յու­թեան մէկ մա­սը բռնագաղ­թած էր Սու­րիա։ Պատ­կան հար­ցու­մին մէջ նշուած է, թէ աք­սո­րուած հա­յե­րու տուր­քե­րը յե­տաձ­գուած են, ճա­նա­պար­հին ա­նոնց պաշտ­պա­նու­թեան հա­մար գոր­ծի կո­չուած են պաշ­տօ­նեա­ներ եւ պա­տե­րազ­մէն վերջ աք­սո­րեալ­նե­րու վե­րա­դար­ձին հա­մար հրա­պա­րա­կուած է ո­րոշմ­նա­գիր մը։ Այս տուեալ­նե­րուն հի­ման վրայ ա­շա­կերտ­նե­րուն հարց տրուած է, թէ Օս­մա­նեան պե­տու­թեան կող­մէ գոր­ծադ­րուած այս տե­ղա­հա­նու­թեան նպա­տակ­նե­րու շար­քին ի՞նչ բան չի կրնար դա­սուիլ։

Չորս այ­լըն­տրան­քնե­րու շար­քին քննու­թեան մաս­նա­կից ա­շա­կերտ­նե­րուն մա­տու­ցուած են հե­տե­ւեալ վար­կած­նե­րը. աք­սո­րեալ­նե­րու անվ­տան­գու­թեան նկատ­մամբ կա­րե­ւո­րու­թիւն, ա­նոնց նիւ­թա­կան ի­րա­ւունք­նե­րու պաշտ­պանու­թեան հա­մար ջան­քեր եւ տե­ղա­հա­նու­թեան գոր­ծադ­րու­թեան օ­րի­նա­կան շրջագ­ծի մը մէջ ի­րա­կա­նա­ցուած ըլ­լա­լը։ Այս ե­րեք այ­լընտ­րանք­նե­րը դա­սուած են Օս­մա­նեան պե­տու­թեան կող­մէ հե­տապն­դուած նպա­տակ­նե­րու շար­քին։ Իսկ պատ­կան հարց­ման ճիշդ պա­տաս­խա­նը ե­ղած է այն, որ Օս­մա­նեան պե­տու­թիւ­նը տե­ղա­հա­նու­թեան մի­ջո­ցաւ չէ հե­տապն­դած Ա­նա­տո­լուի մէջ հա­յոց գո­յու­թիւ­նը դադ­րեց­նե­լու նպա­տա­կը։

Թրքա­կան մա­մու­լէն կարգ մը աղ­բիւր­ներ «նուրբ» ո­րա­կած են այս հար­ցու­մը։

Ուրբաթ, Նոյեմբեր 27, 2015