ՆՈՐԱԲՈՅՍ ԲԱՐՈՅԱԳԻՏՈՒԹԻՒՆ
Ուրոյն աշխարհահայեացքով երիտասարդ սերունդ մը հասած է այսօր։ Այսօրուան երիտասարդը բոլորովին տարբեր տեսարան մը կը պարզէ անցեալի երիտասարդ սերունդին նկատմամբ։ Զանազան առիթներով հանդիպումներ կ՚ունենանք երիտասարդներու հետ։ Այս հանդիպումներուն եւ տեսակցութիւններուն, մեր առաջին տպաւորութիւնը, ինչպէս քիչ վերը ըսինք, մեր սերունդի երիտասարդը ներկայիս երիտասարդութեան հետ անբաղդատելի կերպով տարբեր բնոյթ մը ցոյց տալու ձեւով կարելի է արտայայտել։ Եւ իրապէս անցեալի երիտասարդը բոլորովին տարբեր էր այսօրուանէն։
Թէ ի՛նչ կը տեսնենք։ Չըսելու համար ինքնահաւան, այսօրուան երիտասարդը ինքնավստա՛հ է, եւ կարծեմ, քիչ մըն ալ չափազանցուած կերպով։ Եւ դարձեալ, չըսելու համար յանդուգն, համարձակ եւ խիզախ է։ Այսօրուան երիտասարդը, աւելի ուշիմ, աւելի խելացի կ՚երեւի, բայց այդ ուշիմութիւնը ո՛րքան իմաստուն կ՚ընէ ան, ահաւասիկ այդ խնդրական է։ Արդարեւ, ուշիմ ըլլալ, խելացի ըլլալ՝ իմաստուն ու խոհական ըլլալ կը նշանակէ՞ թէ ոչ, վիճելի է։
Անցեալի երիտասարդը ո՜րքան ալ գիտութիւն ունենար, փորձառութեան պակասի գիտակցութիւնը ունէր, ուրիշ խօսքով, ընդհանրապէս իր չափը գիտէր։
Անցեալի երիտասարդը տարեցներու գոնէ փորձառութեանը յարգանք ցոյց կու տար, միշտ քայլ մը ետին կը մնար տարիքով մեծ եղողին։ Առհասարակ, «դուն տակաւին երիտասարդ ես, խելքդ չի հասնիր» եւ ասոր նման զգուշացումներ, ազդարարութիւններ եւ մինչեւ իսկ սաստեր արգելք կը հանդիսանային անցեալի երիտասարդին, որպէսզի ազատօրէն արտայայտուի եւ գործէ… եւ այսօր նորէն ասոր նման յանդիմանութեան կ՚ենթարկուի անցեալի երիտասարդը՝ ներկայ երիտասարդին կողմէ. «դուն ծեր ես, չես հասկնար այս բաներէն, քու ժամանակդ անցած է այլեւս…»։ Յայտնի չէ, թէ մեր սերունդը երբ իրաւասութիւն եւ լիազօրութիւն պիտի ունենայ ինքզինք արտայայտելու, գործելու եւ ձայն ունենալու։
Երիտասարդներ, ընդհանրապէս ժամանակավրէպ կը սեպեն տարեցները՝ որ «ծե՛ր» կը համարեն։ Իսկ տարեցներ՝ անփորձ եւ թերավարժ կ՚անուանեն երիտասարդները եւ այս կերպով վիհ մը, անդունդ մը կը գոյանայ երկու սերունդին միջեւ։ Բայց փոխադարձ յարգանք եւ հասկացողութիւն կը լուծէ ամէն հարց, եւ եթէ կը պակսին անոնք, ահաւասիկ անել կացութիւններ անխուսափելի՛ կ՚ըլլան։
Ֆրանսական առած մը կ՚ըսէ. «Եթէ երիտասարդներ ընել ուզէին, տարեցներ կարենային ընել…»։ Այս կը նշանակէ՝ թէ երիտասարդներ եւ տարեցներ զիրար պէտք է ամբողջացնեն, զիրար լրացնեն, որպէսզի ընկերային-հասարակական երջանկութիւնը իրականանայ։
Երիտասարդներ կը սորվին, բայց կարեւորը շատ բան սորվիլը չէ, այլ սորվածը պէտք եղած ատեն, օգտակար կերպով կարենալ գործածելու հմտութիւնը ունենալն է, եւ սորվիլը՝ պէտք եղած ատեն ինչպէս եւ ուրկէ սորվիլը գիտնալն է, քանի որ մարդ ամէն բան չի կրնար գիտնալ, բայց եթէ գիտնայ՝ ինչպէս եւ ուրկէ պիտի սորվի, ահաւասիկ ան իմաստուն մէկը կ՚ըլլայ եւ իր նպատակին հասնելու հաւանականութիւնը կ՚աւելնայ։ Արդարեւ, սորվելու համար ամենամեծ արգելքը՝ ամէն ինչ գիտնալ կարծելն է։ Ուրեմն ինքնահաւան, մեծամիտ ըլլալ կը նուաստացնէ մարդս, փոխանակ զարգացնելու եւ կատարելագործելու։ Ուստի եւ մա՛րդ պէտք չէ յաւակնոտ, ինքնահաւան ըլլայ՝ ո՛չ իր տարեկիցներուն եւ ոչ ալ տարեցներուն հանդէպ։ Եւ վերջապէս, երանի՜ թէ տարեցներ հասկնային երիտասարդները եւ երիտասարդներն ալ՝ տարեցները…։ Եւ այն ատեն այն վիհը հետզհետէ պիտի անհետանար, տափարակ, հարթ վիճակի մը պիտի վերածուէր։ Երանի՜ թէ…։
Բայց այսօրուան սերունդը նորաբոյս բարոյագիտութեան հոսանքներէ տարուած՝ ազատամիտ դիրքորոշումով, իր անձնասիրութեամբ հետզհետէ ինքնակեդրոն անհատի մը վերածուած կ՚երեւի։ Միտք, մտածութիւն, գիտութիւն՝ անշուշտ անհրաժեշտ են, բայց այս բոլորին համընթաց բարոյագիտութիւնը, հոգեւոր կեանքը, զգացումները պէտք չէ՛ երբեք անտեսել, եւ մանաւանդ խորհիլ՝ որ այսօր երիտասարդ եղողները վաղուան ծերերը պիտի ըլլան՝ ինչպէս այսօրուան տարեցները անցեալի երիտասարդներն էին։ Երիտասարդներ երբ կ՚անտեսեն, անկարեւոր կը նկատեն տարեցները, հապա երբ իրենք տարիքը առնեն եւ նոյն դիրքին մատնուին, ի՜նչ պիտի խորհին եւ ի՛նչ պիտի պատասխանեն զիրենք չհաւնող ապագայ երիտասարդներուն…։
Այսօրուան ծերերն ալ երէկուան երիտասարդներն էին՝ մէկ տարբերութեամբ, թէ անոնք չէին վարուեր իրենց շրջանի տարեցներուն այնպէս՝ ինչպէս կը վարուին այսօրուան երիտասարդները իրենց։
Այս՛, «նորաբոյս բարոյագիտութեան» մը զոհերն են այսօր թէ՛ երիտասարդները եւ թէ տարեցները։
Երիտասարդներ պէտք է նկատի ունենան, որ իւրաքանչիւր «ծեր» երիտասա՛րդ մըն է տարիքոտ…։
Եւ ամէն տարիքոտ առաւելութիւն մը՝ կարեւոր առաւելութիւն մը ունի երիտասարդի նկատմամբ. կեանքի փորձառութիւն ունի, ի՛նչ որ կը վերադասէ զինք, առաւելութիւն մը կ՚ընծայէ իրեն։
Բարեկամ մը կ՚ըսէ, թէ ինքզինք հազիւ տասը տարի վերջ կեանքի պատրաստ զգացած է՝ երբ վկայական ստացած է բարձրագոյն դպրոցէն։
Գիտութիւնը եթէ չմիանայ փորձառութեան՝ անկատար, պակաս կը մնայ եւ անօգո՛ւտ։ Եւ ահաւասիկ այսօրուան երիտասարդներ՝ ուսեալ, գիտուն, հմուտ, գիտնական երիտասարդներ այս նրբերանգը նկատի չեն առներ։ Մինչդեռ եթէ իրենց գիտութիւնը եւ հմտութիւնը միանայ փորձառութեան՝ այն ատեն ահաւասիկ իմաստուն պիտի ըլլան եւ պիտի հասկնան տարեցները եւ պիտի գնահատեն, պիտի արժեւորեն տարեցները «ծեր» ընող տարիներուն անգին, թանկագին արժէքը…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 20, 2015, Իսթանպուլ