ՊԱՇՏԱՄՈՒՆՔԻ ՎԵՐԱԲԱՑՈՒՄ ԳՈՒՄԳԱԲՈՒԻԴՐՍԻ Ս. ՅԱՐՈՒԹԻՒՆ ԵԿԵՂԵՑՒՈՅ ՄԷՋ

Գում­գա­բուի Դրսի Ս. Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցաւ ե­րե­կո­յեան հան­դի­սա­ւոր ժա­մեր­գու­թիւն մը, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ ե­կաւ բնո­րո­շել մեր այս յատ­կանշա­կան սրբա­վայ­րի պաշ­տա­մուն­քի վե­րա­բա­ցու­մը։ Վեր­ջին շա­բաթ­նե­րուն ընդ­հա­նուր մաք­րա­գործ­ման եւ բա­րե­զարդ­ման աշ­խա­տանք­ներ տա­րուած էին Գում­գա­բուի Դրսի ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ, որ այդ աշ­խա­տանք­նե­րու ա­ւար­տին ե­րէկ հան­դի­սա­ւո­րա­պէս վե­րա­բա­ցուե­ցաւ պաշ­տա­մուն­քի։

Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան նա­խա­գա­հեց օծ­ման ու պաշ­տա­մուն­քի վե­րա­բաց­ման ա­րա­րո­ղու­թեան եւ յա­ջոր­դած ե­րե­կո­յեան ժա­մեր­գու­թեան։ Ներ­կայ էին Տ. Սա­հակ Եպսկ. Մա­շա­լեան, Տ. Յա­րու­թիւն Ա­բե­ղայ Տա­մա­տեան, Տ. Անդ­րէաս Ա. Քհնյ. Յա­կո­բեան, Տ. Գէորգ Ա. Քհնյ. Չը­նա­րեան, Տ. Կո­րիւն Քհնյ. Ֆէ­նէր­ճեան, Տ. Ե­ղիա Քհնյ. Քէր­վան­ճեան, Տ. Տրդատ Քհնյ. Ու­զու­նեան, Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան, Տ. Շա­հէն Քհնյ. Օ­հա­նեան եւ Տ. Պետ­րոս Քհնյ. Պուլ­տու­քեան։

Յա­ւարտ ա­րա­րո­ղու­թեան սրբա­զան հայ­րը եւ հո­գե­ւո­րա­կա­նաց դա­սու ան­դամ­նե­րը ջեր­մօ­րէն շրջա­պա­տուե­ցան ա­տե­նա­պետ Վա­րու­ժան Թաւ­րա­յի կող­մէ գլխա­ւո­րուած թա­ղա­յին խոր­հուր­դի ան­դամ­նե­րուն կող­մէ։ Վա­րու­ժան Թաւ­րա այս առ­թիւ նշեց, թէ հո­գե­ւոր մեծ հրճուանք կ՚ապ­րին՝ այս գողտ­րիկ ե­կե­ղեց­ւոյ հա­մար պատ­շաճ ու ներ­կա­յա­նա­լի տեսք մը ա­պա­հո­ված ըլլալու բե­րու­մով։

Հարկ է նշել, որ Գում­գա­բուի Դրսի Սուրբ Յա­րու­թիւն ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ ա­րա­րո­ղու­թիւն տե­ղի կ՚ու­նե­նայ ա­մէն Չո­րեք­շաբ­թի եւ Կի­րա­կի։

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015