ՓՈՒԹԻՆ ԵՒ ԽԱՄԱՆԷՅ ԻՆՉ ԾՐԱԳԻՐՆԵՐ ՔՆՆԱՐԿԵՑԻՆ ԹԵՀՐԱՆԻ ՄԷՋ
Ութ տարի առաջ իր կատարած այցելութենէն ետք Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութին Թեհրան ժամանելով ունեցաւ կարեւորագոյն հանդիպումներ Իրանի Իսլամական հանրապետութեան նախագահ Շէյխ Հասան Ռուհանիի եւ գերագոյն հոգեւոր առաջնորդ Ալի Խամանէյի հետ:
Ռազմավարական առումով Փութինի կատարած այս այցը կարեւոր էր մէկէ աւելի առումներով մանաւանդ, որ զանազան աղբիւրներ սկսած էին խօսիլ երկու դաշնակիցներու ունեցած բացայայտ տարակարծութեանց մասին՝ սուրիական տագնապին կապակցութեամբ:
Երկու դաշնակիցներու ունեցած տարբեր մօտեցումներուն մասին մանրամասն տեղեկութիւններ կը փոխանցէ «Էլ Արապիա» կայանը, որուն համաձայն Սուրիոյ նախագահին իշխանութեան գլուխ մնալու խնդիրը Իրանի համար առաջնային է, մինչ ռուսական կեցուածքներուն մէջ կայ որոշ երերում: Կարելի չէ հաստատել, որ ռուսական կողմին համար Էսատի ճակատագիրը երկրորդական հարց մըն է, այլ պէտք է ըմբռնել, որ Մոսկուայի համար ներկայ հանգրուանին կարեւորը Սուրիոյ տագնապին քաղաքական լուծումներ գտնելու գործընթացներուն ճանապարհ բանալն է: Պէտք չէ մոռնալ նաեւ, որ ռուսական միջամտութիւնը Սուրիոյ մէջ կը բոլորէ իր երկրորդ ամիսը եւ ժամանակի ազդակը շատ կարեւոր է Մոսկուային համար: Փութին քաջ գիտէ, որ Սուրիոյ մէջ իր սկսած զինուորական միջամտութիւնը յաւիտենական չէ եւ նոյն առումով հակառակ անոր, որ ռուսական ուժերը գետնի վրայ փայլուն յառաջխաղացք կ՚արձանագրեն՝ քիչ չեն այն վերլուծաբանները, որոնք կը շեշտեն, թէ ժամանակի զինուորական միջամտութեան ժամկէտին երկարատեւ ըլլալը կրնայ ծանր հետեւանքներ ունենալ ռուսական ուժերուն տեսակէտէ։
Այստեղ պէտք չէ մտքահան ընել այն տուեալը, որ ծայրայեղ իսլամիստ խմբաւորումներուն համար ամենէն հզօր զէնքը անձնասպանական գործողութիւններ ընելու մեթոտն է: Զէնք մը, որուն դիմաց ռուսական կողմը կրնայ ձեռնածալ մնալ եւ յայտնուիլ բաւական դժուար վիճակի մը մէջ:
Բացի ասկէ կարեւոր է նաեւ, որ Վլատիմիր Փութին մտադրած է մինչեւ վերջ լսել իր իրանցի հաւատարիմ դաշնակցին մտահոգութիւնը: Այդ մտահոգութիւնները կը վերաբերին մասնաւորապէս Էսատի ճակատագրին, Իրանի համար կորիզային աջակցութեան եւ ռուսական C-300 համակարգերու փոխանցման գործընթացներուն:
2007-ին կատարած այցէն ետք, ուրեմն, Փութին եկած էր բացատրելու, որ Թեհրան-Մոսկուա յարաբերութիւնները անդրդուելի են, իսկ ինչ կը վերաբերի Սուրիոյ տագնապին բնական է, որ Փութին մինչեւ վերջ պիտի ուզէր լսել իրանցի պատասխանատուներուն մտավախութիւնները:
Իսրայէլեան «Ճերուզալէմ Փոսթ»ը այս այցին մասին կարճ վերլուծական մը հրապարակելով նաեւ կը յիշեցնէ, որ Իրան մեծ խանդավառութեամբ չէ ընդունած Ռուսաստանի բացայայտ միջամտութիւնները Սուրիոյ մէջ: Այսինքն Թեհրան մտահոգ է, ոչ միայն Էսատի ճակատագրով, այլ նաեւ այն պատճառով, որովհետեւ լաւ կը հասկնայ, որ Մոսկուայի համար սուրիական զօրքին կարեւոր դեր մը տալու հանգամանքը այդքան ալ դրական չէ այն իմաստով, որ Իրան Սուրիոյ տագնապի լուծման ճանապարհին այդքան ալ մեծ դեր չ՚ուզեր տալ սուրիական բանակին: Միեւնոյն ժամանակ, Սուրիոյ բանակին շարունակականութեան ապահովումը նաեւ կը յիշեցնէ, որ Ռուսաստանի դերը անփոխարինելի է, որովհետեւ Սուրիոյ բանակին գերակայութիւնը եւ ամրութիւնը ձեւով մը շարունակութիւնն է խորհրդային համակարգի ու մտածելակերպին:
Ասկէ զատ զանազան առիթներով խօսուած է Շիի «Հիզպուլլահ»ի եւ սուրիական բանակին միջեւ առկայ տարակարծութեանց մասին: Վէճերու առկայութիւնը որոշ գաղափարական տարբերութեան արդիւնքն է՝ մանաւանդ, որ կրօնական ըմբռնումներով առաջնորդուող «Հիզպուլլահ»ը շատ ալ չի գործեր սուրիական բանակի մտայնութեամբ: Այդ տարբերութիւնները կրնան սրիլ այնքան ժամանակ, որ պատերազմը կ՚երկարի եւ երկրին մէջ կռուող երկու կողմերէն իւրաքանչիւրը կ՚ուզէ իւրացնել տարուած յաղթանակը:
Այս բոլոր խնդիրներուն կարգաւորման համար է, որ Փութին Թեհրան ժամանեց ու հակառակ անոր, որ անոր այցելութեան սկզբնական արդիւնքները երեւան չեն եկած՝ պարզ ու յստակ է, որ ռուս ղեկավարին համար առաջնային նպատակը եղած է կանխել այն տարակարծութիւնները, որոնք կրնան աճիլ հակամարտութեան կարգաւորման առաջին քայլերուն հետ:
Զանազան վերլուծողներ ոչ միայն կարեւոր այլ նաեւ պատմական համարեցին Փութին-Խամանէյ հանդիպումը: Շեշտակիօրէն գաղափարական հիմքով եղած Իրանի հոգեւոր առաջնորդին ըրած յայտարարութիւնները կ՚ամրացնեն երկու կարեւոր ուժերուն խորքային յարաբերութիւնները: Այսպէս, Փութինի համար շատ աւելի «հաճելի է» Միացեալ Նահանգներու մասին եղած վատ վերագրումները լսել Ալի Խամանէյի բերնէն՝ քան, թէ իր կողմէ բարձրաձայնուած դիտարկումները: Կայ նաեւ Սուրիոյ տագնապին առընչուող երկիրներու խնդիրը ու Փութին իր ըրած այցով մասնաւորապէս Րիատին, Անգարային եւ Քաթարին կ՚ուզէ յիշեցնել, որ իրենց համար դաշնակիցներու հետ հարցեր քննարկելու երեւոյթը ընդունուած ձեւաչափ է ի հեճուկս Միացեալ Նահանգներուն, որ անորոշութեան գիրկը նետած է իր կարեւորագոյն դաշնակիցները տարածքաշրջանին մէջ: Այս բոլորով հանդերձ Ռուսաստանի ունենալիք դերակատարութեան մասին մտածումներով շատ ակնյայտ է, որ ան այս քայլին պիտի չդիմէր առանց ապահովելու արեւմուտքի ամբողջական նեցուկն ու համաձայնութիւնը:
Գետնին վրայ ընթացող ռուսական յառաջխաղացքը կարեւոր ձեւով կ՚ամրագրէ անոր դերին յատուկ եւ վճռորոշ ըլլալու հանգամանքը՝ հակառակ անոր, որ ռուսական շահերուն դէմ կատարուած երկու ահաբեկչական յարձակումները (Եգիպտոս եւ Սուտան) եւ Փարիզի մէջ եղած ծանրակշիռ ահաբեկչութիւնը կը փորձեն իր հունէն շեղեցնել տաք ջուրեր հասած հիւսիսի մեծագոյն խաղացողը:
Բնական է, որ Արեւմուտքը ռուսական յաղթանակները հաշտ աչքով պիտի չդիտէ: Այսինքն Արեւմուտքը պիտի նախընտրէ ռուսական սահմանեալ դեր մը եւ պիտի չուզէ, որ Մոսկուա Միջին Արեւելքի կարգաւորման ընդհանուր թղթածրարը իր ձեռքին մէջ պահէ:
Ինչ կը վերաբերի Թուրքիոյ կողմէ վար առնուած ռուսական SU-24-ի պատահարին՝ երեւելի է, որ այդ դէպքը կրնայ նոր ճանապարհներ բանալ Մոսկուայի եւ Անգարայի համար. ճանապարհներ, որոնք իրենց յարաբերութիւններու զէրօ կէտ հասնելէն ետք վստահաբար պիտի խորհին միասնաբար սուրիական թնճուկին համար կարեւոր լուծումներ որոնել:
Սխալ է այն ենթադրութիւնը, որ Թուրքիա եւ Ռուսաստան կրնան համատարած բախումներու երթալ բայց սպասելի է, որ առկայ անհամաձայնութիւնը, որ աճեցաւ Էսատի ճակատագրին շուրջ երկու կողմերուն ունեցած տարբեր դիրքորոշումներուն պատճառով, կրնայ իր զինուորական անդրադարձը ունենալ Սուրիոյ հողերուն վրայ:
Միով բանիւ յստակ է, որ Թեհրանի մէջ կատարուած վերանորոգչական համաձայնութեան ընդհանուր հունէն ետք Մոսկուա քաղաքական նոր առաջադրանքներ ունի: Այս խօսքին լաւագոյն ցուցանիշն է Փութինի դէպի Ամման տուած այցը, որ տեղի ունեցաւ Թեհրանի շփումներէն օրեր անց:
Ռուսաստանի թիւ մէկ պատասխանատուն կը պատրաստուի ճեղքել սիւննի կարծր կեցուածքներու «պատ»ը եւ այդ առումով յառաջ երթալու լաւագոյն միջոցներէն մին Յորդանանի Ապտուլլահ Բ. թագաւորին հետ համագործակցութիւնն է: Ամմանի հետ համագործակցութեամբ կարելի պիտի ըլլայ Սուրիոյ մէջ կռուող եւ այդ կողմէն նեցուկ ստացող ահաբեկիչները խեղդել իրենց սաղմին մէջ: Ու այդ համագործակցութեամբ կարեւոր պատգամներ պիտի յղուին Րիատին ու Քաթարին: Թուրքիա բաւական կարծր արարքով մը հանդէս եկաւ ու վերջին զարգացումներուն զուգահեռ երկու երկիրներու յարաբերութիւնները մեծ վնասներ կրնան կրել: Շահապաշտ քաղաքական անկիւնադարձերով հարուստ այս ժամանակաշրջանին դժուար չէ, որ Անգարա եւ Մոսկուա վերակարգաւորեն իրենց կապերը՝ պայմանաւ, որ Անգարա պատրաստ ըլլայ կարդալ Մոսկուայի պատրաստած ընդհանուր թղթածրարին օրակարգը:
Վերադառնալով Փութինի Թեհրան տուած այցին ու բացատրելով ընդհանուր դրութիւնը՝ պարզ կը դառնայ, որ Մոսկուա Թեհրանը գոհացնելու մեծ ճիգի մը մէջ է, որովհետեւ սուրիական գետինը, Դամասկոսէն Հալէպ ու Լաթաքիա, ոչ միայն ռուսական խարիսխներու ընդհանուր հսկողութեան տակ է, այլ նաեւ Սուրիոյ քաղաքական ճակատագիրը կը գտնուի Քրեմլինի բանալիներուն տէր Վլատիմիր Փութինի ձեռքը:
ՍԱԳՕ ԱՐԵԱՆ
Երեւան