ՓՆՏՌԵԼ, ԳՏՆԵԼ ԵՒ ՊԱՀԵԼ

Մարդ­կա­յին կա­տա­րեալ գո­հու­նա­կու­թեան, կա­տա­րե­լու­թեան հա­մար ե­րեք հիմ­նա­կան պայ­ման­ներ են՝ փնտռել, գտնել եւ պա­հե՛լ։ Ուս­տի մարդ­կա­յին կեան­քի ա­մէն մար­զե­րու մէջ անհ­րա­ժեշտ են այս ե­րեք հիմնա­կան պայ­ման­նե­րը։ Չէ՞ որ մար­դուս ամ­բողջ կեան­քը կ՚անց­նի փնտռե­լով, գտնե­լով, եւ պա­հե­լով։ Մար­դուս կեան­քը հիմ­նուած է ան­վերջ ո­րո­նու­մի մը՝ փնտռտու­քի մը մէջ, եւ ե­թէ կա­րե­նայ գտնել այն ի՛նչ որ կը փնտռէ, կը գո­հա­նայ, կ՚ու­րա­խա­նա՜յ եւ եր­ջա­նիկ կ՚ըլ­լայ զայն պա­հե­լով։

Ար­դա­րեւ մար­դուս մէջ կայ միշտ վա՛խ մը կորսնց­նե­լու, զրկուե­լու եւ վնա­սուե­լու։ Այս պատ­ճա­ռով, մարդ կը պա­հէ իր գտա­ծը եւ չ՚ու­զեր որ կոր­սուի ան։

Յա­ճախ ը­սած ենք. «կո­րուստ»ը ցաւ ու վիշտ կը պատ­ճա­ռէ մար­դուս։ Կո­րուս­տին ու կոր­սուա­ծին ար­ժէ­քը կը կրկնա­պատ­կուի։ Մարդ չ՚ու­զեր վրայ տալ ի­րեն պատ­կա­նած ո­րե­ւէ ար­ժէ­քը եւ կը փա­փա­քի պա­հել իր սե­փա­կա­նու­թիւ­նը։

Այս իսկ պատ­ճա­ռով է, որ մարդ միշտ կը փնտռէ կոր­սուա­ծը, չ՚ըն­դու­նիր կոր­սուած ո­րե­ւէ ար­ժէք։ Ար­դա­րեւ կեան­քը ապ­րի­լը ա­նընդ­հատ ու ան­վերջ եր­կունք մըն է փնտռե­լու, գտնե­լու եւ պա­հե­լու։ Ան­շուշտ ա­սոր հա­մար մարդ պէտք է անդ­րա­դառ­նայ կեան­քի ի­մաս­տին, կա­րե­ւո­րու­թեան, եւ շի­տակ դի­տէ իր շուր­ջը ու ու­ղիղ մեկ­նա­բա­նէ ի­րերն ու ի­րո­ղու­թիւն­նե­րը, ե­րե­ւոյթ­նե­րը։ Այս պատ­ճա­ռով է որ զո­հո­ղու­թիւ­նը, ա­ռա­քի­նու­թիւն մըն է եւ տա­լը՝ ստա­նա­լէ ա­ւե­լի՛ ե­րա­նե­լի նկա­տուած է։

Ա­մէն նոր օր՝ երբ կը ծա­գի ու կը սկսի, ի­րեն հետ կը բե­րէ նոր մտա­հո­գու­թիւն­ներ՝ փնտռե­լու, գտնե­լու եւ պա­հե­լու։ Մար­դուն յա­րա­ժամ վախն է «կորսնց­նե՛լ»։­

Ապ­րե­լու հա­մար պէտք չէ՛ կորսնց­նել, այլ տե­ւա­պէս փնտռել, գտնել ու պա­հել…։ Ա՛յս է ապ­րե­լու հա­մար մղուած տե­ւա­կան պայ­քա­րը մար­դուն հա­մար եւ բո­լոր կեն­դա­նի էակ­նե­րու հա­մար որ կեանք մը կ՚ապ­րին՝ ապ­րե­լու կո­չուած են որ կ՚են­թադ­րէ պահ­պա­նել ու տե­ւա­կա­նաց­նել ի­րենց գո­յու­թիւ­նը եւ սե­փա­կա­նու­թիւ­նը։

Կորսնց­նե­լու եւ հա­լա­ծան­քի վա­խի բնազ­դով շար­ժող ա­մէն կեն­դա­նի էակ ա­պա­հո­վու­թիւն եւ պաշտ­պա­նու­թիւն կը փնտռէ յա­րա­ժամ։ Եր­բեմն ան­հոգ, եր­բեմն ան­տար­բեր բայց միշտ անձ­կա­լից ա­պա­հո­վու­թեան նկատ­մամբ։ Ապ­րող կեն­դա­նի ա­մէն էա­կի ա­մե­նա­մեծ մտա­հո­գու­թիւնն է՝ ա­պա­հո­վու­թիւն, ո­րուն հա­մար պէտք է փնտռել, գտնել եւ գտա­ծը պա­հել…։

Երբ շնչա­ւոր կեան­քէն անց­նինք բու­սա­կան կեան­քին՝ դար­ձեալ նոյն ե­րե­ւոյ­թին հետ կը դի­մա­ւո­րուինք։

Ծա­ռեր, ծա­ղիկ­ներ, թու­փեր, նոյ­նիսկ հա­մեստ ու խո­նարհ խո­տը, ա­մէն­քը ի­րենց պայ­քա­րը կը մղեն ապ­րե­լու՝ ի­րենց ինք­նու­թիւ­նը ա­պա­հո­վե­լու, պա­հե­լու եւ տե­ւա­կա­նաց­նե­լու։ Այս պայ­քա­րը հիմ­նուած է «չկորսնց­նե՛լ»ու բնազ­դին վրայ։ Այն որ կ՚ապ­րի՝ այս պայ­քա­րին մէ՛ջ է։

Եւ մենք, սի­րե­լի՜­ներ, բո­լորս մէ՛ջն ենք այս տիե­զե­րա­կան մշտնջե­նա­ւոր պայ­քա­րին։ Բայց ի՛նչ­պէս որ ալ ապ­րինք, գէթ ա­ռանց Աս­տու­ծոյ չապ­րինք. ար­դա­րեւ Ա՛ն է որ կ՚օգ­նէ մեր փնտռա­ծը գտնե­լու, ու­ղի­ղը եւ շի­տա­կին հաս­նե­լու՝ ճշմար­տու­թիւ­նը տես­նե­լու, ա­պա­հո­վե­լու կեան­քը, պա­հե­լու զայն։ Աս­տուած չի փո­խեր կեան­քը, մեզ պա­շա­րող ցա­ւե­րը, կո­րուստ­նե­րու պատ­ճա­ռած վիշ­տը, վտանգ­ներ եւ նոյ­նիսկ մա­հէն հե­ռու չի պա­հեր, չի խա­փա­ներ մա­հը բայց ա­նոնց դէմ պայ­քա­րե­լու, անվ­հատ ու քա­ջու­թեամբ կեան­քը տա­նե­լու ուժն ու զօ­րու­թիւ­նը կու տայ։ Կոր­սուա­ծը փնտռե­լու ու­ժը կ՚ա­ւելց­նէ մեր մէջ…։

Իր լայն ա­ռու­մով «հա­րուստ» է այն մար­դը՝ որ կրնայ նաեւ պա­հե՛լ ու­նե­ցա­ծը զոր կը հե­տապն­դէ եւ կը շա­հի իր աշ­խա­տան­քով։ Դաս­տիա­րա­կուած, կա­տա­րեալ մար­դը այն է որ կ՚ու­սա­նի, կը սոր­վի եւ իր սոր­ված­նե­րը կը պա­հէ եւ պա­հան­ջեալ հար­կին կ՚օգ­տա­գոր­ծէ զա­նոնք։ Ուս­տի միայն փնտռել եւ գտնել, աշ­խա­տիլ եւ ձեռք ձգել չի բա­ւեր, կա­րե­ւո­րը գտնե­լէ ետք, ձեռք ձգե­լէ յե­տոյ զա­նոնք կա­րե­նալ պա­հել եւ պէտք ե­ղած ա­տեն կա­րե­նալ գոր­ծա­ծե՛­լն է…։

Շա­տեր մեծ ջան­քե­րով, փա­փաք­նե­րով եւ ցան­կու­թեամբ դիր­քի մը կը հաս­նին, բա­նի մը կը տի­րա­նան, յե­տոյ չեն յա­ջո­ղիր ի­րենց տե­ղը կամ ունե­ցա­ծը պա­հել ար­ժա­նա­ւո­րա­պէս, եւ ի­րենք կը վե­րա­դառ­նան դիր­քի մը՝ որ ի­րենց նախ­կին դիր­քէն շատ ա­ւե­լի վար է եւ կամ կը կորսնց­նեն ա­մէն ինչ, նա­խա­պէս ի­րենց ու­նե­ցած­ներն ա՛լ։

Դիրք, աս­տի­ճան, տիտ­ղոս կամ հարս­տու­թիւն փնտռող­ներ շատ են, իրենց փնտռա­ծը գտնող­նե­րու թիւն ալ քիչ չէ, բայց ի­րենց հա­սած դիր­քը եւ կամ ստա­ցուած­քը պա­հե­լու հմտու­թիւն եւ ի­մաս­տու­թիւն ու­նե­ցող­նե­րու թի­ւը, դժբախ­տա­բար շա՜տ քի՛չ է։

Կա­րե­լի է ը­սել, այս փնտռտու­քը, կեան­քի մէջ, ա­մէն մար­զի հա­մար նոյնն է եւ գրե­թէ ա­մէն մար­դու հա­մար բնա­կան զգա­ցում մըն է այդ մէկը, սա­կայն փնտռա­ծը գտնել քի­չե­րու կը վի­ճա­կի, ը­սենք՝ յա­ջո­ղու­թիւն մըն է այդ, սա­կայն փնտռա­ծը գտնե­լէ ետք, զայն պա­հել՝ ա­հա­ւա­սիկ կեան­քին յաղ­թա­նա՛կն է, որ կը պա­հան­ջէ ի­մաս­տու­թիւն, հմտու­թիւն եւ ձի՛րք։

Կեան­քի մէջ յա­ջո­ղած եւ եր­ջա­նիկ կը հա­մա­րուին ա­նոնք՝ որ կրցած են պա­հել եւ օգ­տա­գոր­ծել ի­րենց գտա­ծը։ Ար­դա­րեւ, հոս կա­րե­ւո­րու­թեամբ պէտք է մատ­նան­շել, թէ՝ «պա­հել»ը պէտք չէ՛ հասկ­նալ իր նեղ ի­մաս­տով, այ­սինքն ծած­կել եւ գաղտ­նել, այլ ընդ­հա­կա­ռա­կը, պահ­պա­նել, հո­գալ, խնա­մել եւ ընդ­հա­նու­րին օգ­տա­գործ­ման ըն­ծա­յել։

Ծած­կուած, գաղ­նի գանձ մը ո՛­չինչ կ՚ար­ժէ, օգ­տա­գոր­ծուած, գոր­ծա­ծուած եւ մարդ­կու­թեան շա­հուն ըն­ծա­յուած ա­մե­նա­փոքր ա­ռար­կայ մը շա՜տ բան կ՚ար­ժէ։ Գտնել բաղ­տա­տա­բար շատ ա­ւե­լի դիւ­րին է քան գտնե­լէ յե­տոյ զայն պա­հե՛լ։ Ո­մանք լրջօ­րէն եւ ան­կեղ­ծօ­րէն կը հպար­տա­նան ի­րենց ու­նե­ցա­ծով, ար­դար հպար­տու­թիւն մը պէտք է նկա­տել ա­սի­կա. բայց դժբախ­տա­բար մին­չեւ վերջ հա­ւա­տա­րիմ չեն մնար ի­րենց ու­նե­ցա­ծին՝ կը վատ­նեն, կը շռայլ­են, կը մս­խեն եւ շատ ան­գամ ա­նօ­գուտ ձե­ւով, ան­շահ տե­ղեր կը փճաց­նեն զայն։

Զոր օ­րի­նակ ժա­մա­նա­կը՝ ա­մե­նէն թան­կա­գին ար­ժէքն է մար­դուն, ա­նոր հետ, ա­նոր մէջ է որ կ՚ապ­րի իր կեան­քը մարդ, բայց սի­րե­լի ազ­նիւ ըն­թեր­ցող բա­րե­կամ­ներ, դի­տե­ցէք ձեր շուր­ջը եւ պի­տի տես­նէք թէ որ­քան անխղ­ճօ­րէն կը վատ­նեն զայն՝ այդ թան­կա­գին բայց ձրի՝ անկրկ­նե­լի ար­ժէ­քը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 21, 2015, Իս­թան­պուլ

Շաբաթ, Նոյեմբեր 28, 2015