6-7 ՍԵՊՏԵՄԲԵՐ 1955 ԹՈՒԱԿԱՆԻ ԴԷՊՔԵՐԷՆ 60 ՏԱՐԻ ԱՆՑ ՈՒՇԱԳՐԱՒ ԳԻՏԱԺՈՂՈՎ ՄԸ

«Պիլ­կի» հա­մալ­սա­րա­նի Տո­լափ­տե­րէի մաս­նա­ճիւ­ղին մէջ շա­բա­թա­վեր­ջին տե­ղի ու­նե­ցաւ ու­շագ­րաւ գի­տա­ժո­ղով մը, որ ձօ­նուած էր 6-7 Սեպ­տեմ­բեր 1955 թուա­կա­նի դէպ­քե­րու 60-րդ տա­րե­լի­ցին։ «Ի­րա­ւունք, մարդ, հա­սա­րա­կու­թիւն» խո­րագ­րեալ այս գի­տա­ժո­ղո­վը կազ­մա­կեր­պուած էր վե­րո­յի­շեալ հա­մալ­սա­րա­նի Մար­դու ի­րա­ւանց ի­րա­ւա­բա­նու­թեան գոր­ծադ­րու­թեան ու հե­տա­զօ­տու­թեան կեդ­րո­նին կող­մէ։ Հարկ է նշել, որ այս կեդ­րո­նը կը գլխա­ւո­րէ Փրոֆ. Թուր­կուտ Թար­հան­լը, որ միեւ­նոյն ժա­մա­նակ «Պիլ­կի» հա­մալսա­րա­նի ի­րա­ւա­բա­նու­թեան ֆա­քիւլ­թէի տե­սուչն է։

Գի­տա­ժո­ղո­վին ծրա­գի­րը նա­խա­տե­սուած էր ամ­բողջ աշ­խա­տան­քա­յին օ­րուան մը ձե­ւա­չա­փին մէջ։ Օ­րուան ա­ռա­ջին կէ­սին ող­ջոյ­նի խօս­քե­րու ա­ռըն­թեր մաս­նա­կից­նե­րը ունկնդ­րե­ցին վկա­յու­թիւն­ներու։ Օ­րուան երկ­րորդ կէ­սի աշ­խա­տան­քը ա­սու­լի­սի մը ձե­ւա­չա­փին մէջ էր՝ «6-7 Սեպ­տեմ­բե­րի դէպ­քե­րը. ի­րա­ւունք եւ ա­ռե­րե­սում» խո­րագ­րին ներ­քեւ։ Նիս­տա­վարն էր Փրոֆ. Թուր­կուտ Թար­հան­լը։ Ա­տե­նա­խօս­ներն էին՝ Փրոֆ. Պաս­քըն Օ­րան, Փրոֆ. Նի­քո­լաոս Ու­զու­նօղ­լու, Տոց. Ճեն­կիզ Աք­թար, Փոխ-տո­ցենթ Էօ­մէր Թու­րան եւ Փոխ-տո­ցենթ Ու­լաշ Քա­րան։

Պաս­քըն Օ­րան խօ­սե­ցաւ Թուր­քիոյ մէջ դրա­մագ­լու­խի կու­տակ­ման գոր­ծըն­թա­ցէն ներս եւ երկ­րի ան­պատ­ժե­լիու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ 6-7 Սեպ­տեմ­բե­րի ու­նե­ցած տե­ղին շուրջ։ Ճեն­կիզ Աք­թար բա­ցատ­րեց, թէ ինչ­պէս սկսած են վեր­յի­շուիլ այս դէպ­քե­րը։ Էօ­մէր Թու­րան խօ­սե­ցաւ Եաս­սըա­տա­յի մէջ տե­ղի ու­նե­ցած 6-7 Սեպ­տեմ­բե­րի դէպ­քե­րու դա­տա­վա­րու­թեան մա­սին՝ դատ­ման ու ա­ռե­րես­ման յա­րա­բե­րակ­ցու­թեան կի­զա­կէ­տով։ Ու­լաշ Քա­րամ 6-7 Սեպ­տեմ­բե­րի դէպ­քե­րը ար­ժե­ւո­րեց մար­դու ի­րա­ւանց մե­րօ­րեայ ի­րա­ւա­բա­նու­թեան լոյ­սին տակ՝ որ­պէս ի­րա­ւա­կան խորհր­դա­ծու­թեան փորձ մը։ Իր կար­գին, Նի­քո­լաոս Ու­զու­նօղ­լուն ալ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րաւ Իս­թան­պու­լի յոյն հա­ւա­քա­կա­նու­թեան տե­սա­կէ­տէ ան­ցեա­լի ա­նար­դա­րու­թիւն­նե­րը յաղ­թա­հա­րե­լու ուղ­ղեալ ծրագ­րի մը ա­ռա­ջարկ­նե­րը։

Երկուշաբթի, Նոյեմբեր 30, 2015