ՀՈԳԻՈՎ ԱՌՈ՛ՂՋ ԸԼԼԱԼ
Յաճախ կ՚ըսենք ու կը լսենք, թէ առողջութիւնը կարեւո՛ր է մարդուս համար, եւ առողջութեան առաջնակարգ տեղը կու տանք կեանքի գոյապահպանման ու գոյատեւման համար։ Բայց ընդհանրապէս ի մտի կ՚ունենանք մարմնական-ֆիզիքական առողջութիւնը եւ շատ անգամ կ՚անտեսենք հոգիի առողջութիւնը՝ որ նո՛յնքան կարեւոր է մարդուս համար, քանի որ մարդս մարմինով եւ հոգիով «ամբողջութիւն» մը կը կազմէ։ Մարդ եթէ նկատի ունենայ միայն իր ֆիզիքական էութիւնը՝ պակաս մը, թերութիւն մը կը յայտնուի, քանի որ մարդս «մարդ» ընողը՝ «անձ» ընողը ո՛չ միայն մարմինը, այլ նաեւ անոր հոգի՛ն է։ Մէկ խօսքով՝ մարդ հոգի է ե՛ւ մարմին։ Ուրեմն հոգիին առողջութիւնն ալ կարեւոր է ա՛յնքան՝ որքան մարմնական առողջութիւնը։
Ուստի ի՜նչ պիտի արժէր մարմնական առողջութիւնը եթէ կը պակսի հոգիին առողջութիւնը…։
Հոգիին առողջութիւնը կ՚ենթադրէ ներքին խաղաղութիւն եւ կատարեալ առողջ մարդը ա՛յն է՝ որ կրցած է ներդաշնակել հոգին եւ մարմինը՝ առողջ պահելով երկուքն ալ։ Չափազանցած չենք ըլլար ըսելով, թէ՝ աշխարհի վրայ կը գտնուին բազմաթիւ մարդիկ, որ կատարելապէս առո՛ղջ են մարմինով, սակայն շատ քիչեր, թերեւս ո՛չ ոք կատարելապէս առողջ է հոգիով։ Մարդիկ որքան ալ առողջ ըլլան մարմնապէս, միշտ պակաս մը ունին իրենց հոգիի առողջութեանը տեսակէտով, ներքին խաղաղութեան բացակայութիւնը կ՚անհանգստացնէ զիրենք, եւ այդ պատճառ կ՚ըլլայ որ խանգարուի նաեւ իրենց մարմնական առողջութիւնը, խախտուի մարմնի եւ հոգիի ներդաշնակութիւնը, հետզհետէ կորսնցնելով ներքին խաղաղութիւնը։ Արդարեւ մարմին եւ հոգի փոխադարձ կ՚ազդեն իրարու՝ երբ հոգիի առողջութիւնը խանգարուի՝ կը խանգարուի նաեւ մարմնականը, իսկ երբ մարմնական առողջութիւնը խանգարուի՝ կը խանգարուի նաեւ հոգիի առողջութիւնը…։
Ուրեմն մարմնական առողջութեան ընծայուած կարեւորութիւնը պէ՛տք է տրուի նաեւ հոգիի առողջութեան, որպէսզի կատարեալ ըլլայ «առողջութիւն»ը։ Կրնա՞նք ըսել, թէ մարմնական առողջութիւնը եւ հոգիի առողջութիւնը համընթաց են՝ մէկը միւսին չի՛ գերազանցեր, քանի որ անոնց երկուքին ալ ազդեցութիւնը փոխադարձ է եւ համազօ՛ր։
Կան մարդիկ՝ որ իրենց միայն մարմնական առողջութեան ապաւինելով, կը կարծեն թէ ամէն ինչ կարգին է, չունին որեւէ թերութիւն, եւ կը սկսին դիտել իրենց շուրջը՝ հոն կը նկատեն ուրիշներու թերութիւնները, տկարութիւնները եւ կը քննադատեն զանոնք։ Եւ երբեմն ալ կը մեղադրեն ուրիշները իրենց տկարութիւններուն եւ թերութիւններուն համար՝ կարծես իրենք ամէն ինչով կատարեալ ըլլային կամ անթերի։ Հիւանդութիւն մը, մոլութիւն մըն է՝ առանց իր տկարութիւններուն նայելու՝ ուրիշին տկարութիւնները քննադատել, մեղադրել եւ դատապարտել…։
«Նայի՛ր քեզ», կ՚ըսէ Սուրբ Բարսեղ Կեսարացի, իսկ Սողոմոն իմաստուն կ՚ըսէ. «Ինչպէս ջուրը՝ երեսը երեսին, նոյնպէս սիրտը մարդը մարդուն կը ցուցնէ» (ԱՌԱԿ. ԻԷ 19)։ Ինքնաճանաչումը առաքինութիւն մըն է, եւ միակ ճամբան կատարեալ ըլլալու։
Արդարեւ առանց ինքնաճանաչման կարելի չ՚ըլլար շրջապատը ճանչնալ։ Մարդ նախ ի՛ր թերութիւնը եւ տկարութիւնը պէտք է տեսնայ՝ որպէսզի կատարելագործուի։ Ուրիշներու թերութիւնները եւ տկարութիւնները տեսնելով՝ մա՛րդ չի կրնար կատարելագործուիլ։ Ուրեմն մարդ պէտք է իր ներքին հայելիին նայի, որպէսզի ինքզինք ճանչնայ։
Ջուրը եթէ վճիտ է կրնայ ցոյց տալ երեսը՝ հայելիի մը նման, իսկ սիրտը երբ մաքուր է՝ կրնայ տեսնել ինքզինք, ի՛նչպէս որ է։ Երեմիա կ՚ըսէ. «Սիրտը ամէն բանէն աւելի խաբեբայ ու խիստ չար է, զանիկա ո՞վ կրնայ գիտնալ։- Ես՝ Տէրս՝ միտքը կը քննեմ, սրտերը կը փորձեմ, որպէսզի մարդուն՝ իր ճամբաներուն համեմատ ու իր գործերուն պտուղին համեմատ հատուցում ընեմ» (ԵՐԵՄԵԱՅ ԺԷ 9-10)։
Եթէ ներսը՝ հոգին առողջ չէ, հապա ի՜նչ կ՚արժէ արտաքինը, մարմնական առողջութիւնը։ Եթէ ներսը մաքուր չէ, արտաքինը մաքուր կ՚ըլլա՞յ։ Մինչեւ սիրտը երկինք չելլէ, երկինքը երկիր չ՚իջներ։ Մինչեւ սիրտը մաքուր չէ, հոգին առողջ չէ, ամբողջ մարմինը ինչպէ՞ս կարելի է առո՛ղջ համարել։ Ինչպէս Յիսուս կ՚ըսէ. «Երանի՜ անոնց որ սրտով մաքուր են, վասնզի անոնք պիտի տեսնեն Աստուած» (ՄԱՏԹ. Ե 8)։ Ուստի Աստուած տեսնել՝ սրբանկարներուն նայելով չէ՛ որ կ՚իրականանայ, այլ՝ մաքուր սրտո՛վ։ Անկեղծութիւնը պատճառ կ՚ըլլայ որ մարդ ինքզինք տեսնէ դիմացինին ինքնութեան մէջ՝ մարդս մարդուն հայելի՛ն է։ Մարդ ի՛նչ որ է՝ այն կը տեսնէ։
«Մի՛ դատէք, որպէսզի չդատուիք։ Քանզի ի՛նչ դատաստանով որ դատէք, անո՛վ պիտի դատուիք եւ ի՛նչ չափով որ չափէք անո՛վ պիտի չափուի ձեզի։ Եւ ինչո՞ւ եղբօրդ աչքին մէջի գերանին չես նայիր։ Կամ ի՞նչպէս կրնաս ըսել քու եղբօրդ.- Թո՛ղ տուր աչքէդ շիւղը հանեմ. եւ ահա քու աչքիդ մէջ գերան կայ։ Կեղծաւո՛ր, առաջ քո՛ւ աչքէդ գերանը հանէ ու ետքը պարզ պիտի տեսնես եղբօրդ աչքին շիւղը հանելու» (ՄԱՏԹ. Է 1-5)։ Եթէ մարդ ի՛նք ախտաւոր է հոգիով, հապա ուրեմն ի՞նչպէս կրնայ ուրիշը ախտաւոր նկատէ…։
Առո՛ղջ հոգիով է որ մարդ կրնայ տեսնել ուրիշին ախտաւորութիւնը, մաքուր սրտով է որ կրնայ դատել մարդ արդար կերպով։ Ուրեմն նախ ինքզինք պէտք է ճանչնայ եւ յետոյ պիտի կարենայ ճանչնալ մարդ իր նմանները։ Ուշադրութիւն ըրա՞ծ էք՝ մարդ երբ իր մատով կը մեղադրէ ուրիշը, չորս մատերը ինքզինք ցոյց կու տան որպէս մեղաւոր։ Փորձեցէ՛ք, սիրելիներ, մեղադրել մէկը եւ ցոյց տալ զանիկա ձեր մէկ մատով, եւ պիտի տեսնէք որ միւս մատերը նոյնինքն ձեզ ցոյց կու տան… Հետաքրքրական չէ՞։
Ուստի եւ ուրիշը մեղադրելէ, դատապարտելէ առաջ նախ նայինք մենք մեզի՝ քննենք մեր ներաշխարհը, մեր սիրտը, մեր հոգին, եւ յետոյ պիտի կարենանք արդար դատաստան ընել ուրիշներու նկատմամբ։ Արդար դատաստան ընելէ առաջ, մարդ պէտք է նախ ինքզինք դատէ, քննութեան ենթարկէ եւ յետոյ փորձէ ուրիշները դատելու եւ դատապարտելու։
Հետեւինք Սուրբ Բարսեղ Կեսարացիին, եւ ըսենք անոր հետ. «Նայի՛ր քեզ»։ Փորձենք նայիլ մենք մեզի, եւ այն ատեն պիտի ըլլանք աւելի՛ արդար, աւելի՛ անկեղծ եւ աւելի՛ աստուածանման՝ ըստ մեր արարչական կոչումին…։
ՄԱՇՏՈՑ ՔԱՀԱՆԱՅ ԳԱԼՓԱՔՃԵԱՆ
Նոյեմբեր 20, 2015, Իսթանպուլ
Հոգեմտաւոր
- 11/28/2024
- 11/28/2024