ՊՐԻՒՔՍԷԼԻ ՄԷՋ ՀԱՒԱՔ

Հա­յաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան ե­րէկ Պրիւք­սէ­լի մէջ մաս­նակ­ցե­ցաւ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ ի­րա­կա­նա­ցուող «Վճռա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն» ա­ռա­քե­լու­թեան մաս­նա­կից եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու հան­դիպ­ման։ Այս առ­թիւ ան շեշ­տեց, թէ յի­շեալ ա­ռա­քե­լու­թեան սկիզ­բէն գրե­թէ տա­րի մը անց Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ ի­րա­վի­ճա­կը կը շա­րու­նա­կէ մնալ փխրուն, մար­տահ­րա­ւէր­նե­րը առ­կայ են, իսկ կա­րո­ղու­թիւն­նե­րու բա­ցը տա­կա­ւին պէտք է լրաց­նել։ «Աֆ­ղա­նիս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դը կը շա­րու­նա­կէ զգալ մեր ա­ջակ­ցու­թեան կա­րի­քը», ը­սաւ Նալ­պան­տեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այդ երկ­րի կա­յու­նու­թեան հա­մար շա­րու­նա­կա­կան մի­ջազ­գա­յին ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ներ­կա­յաց­նէ շարք մը պատ­ճառ­նե­րով։ «Անվ­տան­գու­թեան սպառ­նա­լիք­նե­րը ոչ միայն Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ, այլ նոյ­նիսկ այն­պի­սի վայ­րե­րու մէջ, ո­րոնց մա­սին մենք չէինք կրնալ ան­ցեա­լի մէջ պատ­կե­րաց­նել, բա­ցա­յայտ ցոյց կու տան, որ մեր ա­ռա­քե­լու­թիւ­նը չի սահ­մա­նա­փա­կուիր միայն ո­րոշ աշ­խար­հագ­րա­կան տա­րած­քաշր­ջա­նով կամ ի­րա­վի­ճա­կով, այլ խօս­քը կը վե­րա­բե­րի կլո­պալ մար­տահ­րա­ւէր­նե­րու, ինչ որ կը պա­հան­ջէ միաս­նա­կան հա­մա­ձայ­նե­ցուած ար­ձա­գանգ», ը­սաւ Նալ­պան­տեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ այս ըմբռ­նու­մով էր, որ ա­ւե­լի քան տաս­նա­մեակ մը ա­ռաջ Հա­յաս­տան սկսաւ բե­րել իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը խա­ղա­ղա­պահ ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րուն՝ Քո­սո­վա­յի, Ի­րա­քի, Աֆ­ղա­նիս­տա­նի, Լի­բա­նա­նի եւ Մա­լիի մէջ։ Նա­խա­րա­րը մէջ­բե­րեց նաեւ ՄԱԿ-ի ընդ­հա­նուր քար­տու­ղա­րի՝ խա­ղա­ղա­պահ ա­ռա­քե­լու­թիւն­նե­րու հար­ցե­րով օգ­նա­կա­նին կող­մէ վեր­ջերս կա­տա­րուած յայ­տա­րա­րու­թիւ­նը, ըստ ո­րու Հա­յաս­տա­նի ա­ջակ­ցու­թիւ­նը կա­րե­ւոր է ոչ միայն իր ներդր­ման հա­մար, այ­լեւ հա­յոց պատ­մու­թեան եւ ա­նոր ըն­թաց­քին յաղ­թա­հա­րուած մար­տահ­րա­ւէր­նե­րուն տե­սան­կիւ­նէն։ Նալ­պան­տեան շա­րու­նա­կեց. «Յի­րա­ւի, պատ­մու­թիւ­նը մե­զի կը սոր­վեց­նէ, որ մէ­կուն անվտան­գու­թիւ­նը, ըստ էու­թեան, կա­պուած է միւս­նե­րուն հետ։ Եւ նոյ­նիսկ մեր սահ­ման­նե­րուն առ­կայ լա­րուա­ծու­թիւ­նը եր­բեք չթու­լա­ցուց վճռա­կա­նու­թիւ­նը՝ մեր ներդ­րու­մը բե­րե­լու աշ­խար­հի վրայ խա­ղա­ղու­թեան ամ­րապնդ­ման գոր­ծին մէջ»։

Ե­լոյ­թին տե­ւո­ղու­թեան Նալ­պան­տեան շեշ­տեց, որ յա­ռա­ջի­կայ տա­րի հայ­կա­կան զօ­րա­խում­բը ներ­կայ մա­կար­դա­կով պի­տի շա­րու­նա­կէ իր մի­ջազ­գա­յին յանձ­նա­ռու­թիւ­նը «Վճռա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն» ա­ռա­քե­լու­թեան շրջա­նակ­նե­րէն ներս։ Հայ­կա­կան կող­մը պատ­րաս­տա­կամ է նաեւ մաս­նակ­ցիլ «Տե­ւա­կան գոր­ծըն­կե­րու­թիւն» ա­ռա­քե­լու­թեան, երբ այս վեր­ջի­նը պի­տի փո­խա­րի­նէ «Վճռա­կան ա­ջակ­ցու­թիւն»ը։ «Մենք նաեւ պի­տի շա­րու­նա­կենք մեր ա­ջակ­ցու­թիւ­նը Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ ներ­քին ընդգր­կուն խա­ղա­ղու­թեան ա­պա­հով­ման գոր­ծըն­թա­ցին, բա­րիդ­րա­ցիա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու խթան­ման, ինչ­պէս նաեւ՝ տա­րած­քաշր­ջա­նա­յին հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան։ Մենք հա­մո­զուած ենք, որ ի վեր­ջոյ միա­սին յա­ջո­ղու­թիւն պի­տի ար­ձա­նագ­րենք՝ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի մէջ խա­ղա­ղու­թեան եւ կա­յու­նու­թեան հաս­տատ­ման ուղ­ղու­թեամբ՝ ի շահ Աֆ­ղա­նիս­տա­նի ժո­ղո­վուր­դին, տա­րած­քաշր­ջա­նին եւ ան­կէ դուրս», յայտ­նեց Ե­դուարդ Նալ­պան­տեան։

Ե­րե­ւա­նի պաշ­տօ­նա­կան աղ­բիւր­նե­րու հա­ղոր­դում­նե­րով, Նալ­պան­տեան ե­րէկ Պրիւք­սէ­լի մէջ հան­դի­պում մըն ալ ու­նե­ցաւ Շուէ­տի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մար­կոթ Վալսթ­րէօ­մի հետ։ Զրոյ­ցի ըն­թաց­քին Նալ­պան­տեան նշեց, որ Հա­յաս­տան մեծ կա­րե­ւո­րու­թիւն կը ցու­ցա­բե­րէ Շուէ­տի հետ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան զար­գաց­ման նկատ­մամբ՝ քա­ղա­քա­կան, տնտե­սա­կան եւ մար­դա­սի­րա­կան բնա­գա­ւառ­նե­րէն ներս։ Ըստ ի­րեն, վեր­ջին տա­րի­նե­րուն զգա­լիօ­րէն աշ­խու­ժա­ցած են հայ-շուէ­տա­կան յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը, ինչ որ ար­տա­ցո­լուած է փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու եւ քա­ղա­քա­կան երկ­խօ­սու­թեան ստա­ցած թա­փով։ Նա­խա­րար­նե­րը քննար­կե­ցին բարձր մա­կար­դա­կով փո­խա­դարձ այ­ցե­լու­թիւն­նե­րու կազ­մա­կերպ­ման, մի­ջազ­գա­յին կազ­մա­կեր­պու­թիւն­նե­րու մօտ հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան սեր­տաց­ման, ի­րա­ւա­պայ­մա­նագ­րա­յին դաշ­տի ընդ­լայն­ման շուրջ հար­ցեր։ Ա­նոնք կար­ծիք­ներ փո­խա­նա­կե­ցին նաեւ Հա­յաս­տան-Եւ­րո­միու­թիւն հա­մա­գոր­ծակ­ցու­թեան վե­րա­բե­րեալ։ Նա­խա­րար­նե­րը անդ­րա­դար­ձան մի­ջազ­գա­յին հրա­տապ խնդիր­նե­րուն եւ ա­նոնց լուծ­ման ուղ­ղու­թեամբ ձեռ­նար­կուած ջան­քե­րուն։ Նալ­պան­տեան Վալսթ­րէօ­մին ներ­կա­յա­ցուց Լեռ­նա­յին Ղա­րա­բա­ղի հիմ­նախնդ­րի կար­գա­ւոր­ման ուղ­ղու­թեամբ Հա­յաս­տա­նի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինս­քեան խմբա­կի հա­մա­նա­խա­գահ­նե­րուն կող­մէ ձեռ­նար­կուած ջան­քե­րը։

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 2, 2015