ԼԻԱՐԺԷՔ ԸՄԲՌՆՈՒՄ
ՄԱԿ-ի Կլիմայի փոփոխութեան դէմ պայքարի գագաթաժողովին համար Փարիզ մեկնած Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ առկայ լարուածութեան պայմաններուն ներքեւ լիարժէք ըմբռնման հասաւ Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Նախագահ Պարաք Օպամայի հետ։ Ծանօթ է, որ Էրտողան երէկ առաւօտ Փարիզի մէջ տեսակցեցաւ Օպամայի հետ եւ տեղական մամուլը կը գրէ, թէ այս տեսակցութեան արդիւնքով ամրապնդուած է Անգարայի դիրքը Մոսկուայի հետ առկայ լարուածութեան շրջագծով։ Փարիզէն վերջ Քաթար ուղե-ւորուած Էրտողան օդանաւին մէջ լրագրողներու հետ զրուցելու ընթացքին անդրադարձաւ Ռուսաստանի հետ ծագած ճգնաժամին։ Ան ըսաւ, թէ աշխարհի ղեկավարները համոզիչ չեն նկատեր Ռուսաստանի Նախագահ Վլատիմիր Փութինը եւ արդար կը նկատեն Թուրքիան։ Անոնք ՆԱԹՕ-ի անունով ալ յայտնած են զօրակցութիւն։ Օպամայի հետ զրուցելու ընթացքին Էրտողան ընդգծած է, թէ տարածքաշրջանէ ներս լարուածութիւնը ձեռնտու չէ որեւէ երկրի համար։ Թուրքիա հետամուտ է խաղաղութեան։
Սա վերջին մէկ ամսուան ընթացքին Էրտողանի եւ Օպամայի երրորդ հանդիպումն էր։ Նախագահը շեշտեց, թէ քննարկած են «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» (ԻՇԻՊ) ահաբեկչական խմբաւորման դէմ պայքարի մանրամասնութիւնները։ Տեղական մամուլի հաղորդումներով, Օպաման ալ ուշադրութիւն հրաւիրած է, որ Թուրքիա-Սուրիա սահմանէն տակաւին կ՚անցնին զինեալներն ու քարիւղ։ Օպամա նշած է, թէ Էրտողանի հետ քանիցս տեսակցած է Թուրքիա-Սուրիա սահմանը ամբողջութեամբ փակելու կարիքին շուրջ։ Ցարդ լուրջ զարգացում արձանագրուած է, սակայն տակաւին առկայ են կարգ մը պարապութիւններ։ Մասնաւորապէս օտար զինեալներու անցքին համար կէտ մը եւ ահաբեկչական արարքներու գանձատրման համար ԻՇԻՊ-ի հաշւոյն վառելանիւթ փոխադրուելու համար օգտագործուած շուրջ 98 քիլօմեթր երկարութեամբ հատուած մը գոյութիւն ունի։
Էրտողան լրագրողներու նկատառման յանձնած է, որ Օպամայի առընթեր Ֆրանսայի Նախագահ Օլանտ եւ Գերմանիոյ Վարչապետ Մերքէլ եւս Փութինի հետ տեսակցութիւններուն ընթացքին շեշտած են, որ Թուրքիոյ հետ խնդիրը անկարելի է լուծել լարուածութեամբ եւ դիւանագիտական ճանապարհներով պէտք է հասնիլ լուծման։
Միւս կողմէ, Գերմանիա եւ Ֆրանսա ԻՇԻՊ-ի դէմ պայքարի շրջագծով ներկայիս կը պահանջեն Թուրքիոյ հաւանութիւնը՝ որպէսզի Ինճիրլիքի ռազմախարիսխը տրամադրուի իրենց ռազմաօդանաւերուն համար։ Տեղական մամուլէն կարգ մը թերթեր կը գրեն, որ Անգարա հաշտ աչքով կը դիտէ այս վարկածը։