Փնտռե­լով Փա­րի­զի Մէջ Մտեր­միկ Հանգս­տու­թիւ­նը

Փա­րի­զը հա­րուա­ծած ա­հա­բեկ­չու­թե­նէն ետք, թէեւ ե­րե­ւու­թա­պէս կեան­քը վե­րա­դար­ձած է իր բնա­կա­նոն հու­նին, սա­կայն մար­դոց հո­գի­ներն ու ամ­բողջ նե­րաշ­խար­հը ցնցուած են: Խոր­քին մէջ մար­դոց ա­ռօ­րեան այ­լեւս դժուար թէ կը վե­րա­դառ­նայ իր նախ­կին վի­ճա­կին: Կար­կի­նը ա­ւե­լի լայն բա­նա­լով՝ տե­ղին կ՚ըլ­լայ նշել, որ Հա­յաս­տան պատ­մու­թեան ըն­թաց­քին  ա­ւե­լի ա­հա­բեկ­չա­կան եւ բար­բա­րո­սա­կան յար­ձա­կում­նե­րու, քան­դում­նե­րու են­թար­կուած է, մա­նա­ւանդ զօ­րակ­ցող, ա­ջակ­ցող չէ ու­նե­ցած, այ­դու­հան­դերձ գո­յա­տե­ւած ենք շնոր­հիւ մեր ներ­քին տո­կու­նու­թեան եւ լա­ւա­տե­սու­թեան: Այլ ընտ­րանք կա՞յ: Բազ­մա­թիւ ա­ռում­նե­րով աշ­խար­հի մայ­րա­քա­ղա­քը նկա­տուող Փա­րի­զի լա­ւա­գոյն ար­ձա­գան­գը վստա­հա­բար կ՚ըլ­լայ… ՎԵ­ՐԱ­ԴԱՐ­ՁԸ:

«Պի.Պի.Սի.»ի յօ­դուա­ծա­գիր Քե­ւըն Քո­նոլ­լի Ֆրան­սա­յի մայ­րա­քա­ղա­քէն  հե­տե­ւեա­լը կը գրէ.

Նո­յեմ­բե­րը խոր­քին մէջ բնաւ յար­մար ա­մի­սը չէ Փա­րիզ այ­ցե­լու­թեան հա­մար: Ծննդեան տօ­նը չէ տա­կա­ւին, երբ վա­ճա­ռա­տու­նե­րու եւ խա­նութ­նե­րու, ցուրտ, ա­ղօտ լոյ­սե­րը կ՚առ­կայ­ծեն Դեկ­տեմ­բե­րի խա­ւա­րը: Եւ եր­կար ճամ­բայ կայ մին­չեւ Ապ­րիլ՝ ա­նոր ա­ւե­լի ջերմ, եր­կար ե­րե­կո­նե­րը վա­յե­լե­լու: Տա­րուան  այս պա­հուն ին­կած տե­րեւ­նե­րը տա­կա­ւին կը պառ­կին հար­թա­վայ­րի ծա­ռե­րուն շուրջ, կար­ծես ա­կա­մայ թօթ­ւուած են ե­կող ձմրան դո­ղէն:

Ո­րոշ բա­ներ այս­տեղ եր­բեք չեն փո­խուիր ան­շուշտ: Իմ հին յար­կա­բա­ժի­նիս շէն­քին մօտ գտնուող լա­ւա­գոյն ճա­շա­րա­նին մէջ պա­տուի­րե­ցէ՛ք խո­զի տո­տիկ­ներ, եւ ա­տոնք տա­կա­ւին կը հրամցուին  ա­դա­ման­դեայ կա­ղա­պա­րով՝ խո­րո­ված, մաշ­կը կարմ­րած, կար­ծես  կը կրեն սկով­տիա­կան Ար­ճիլ քա­ղա­քի գոյնզ­գոյն գուլ­պա­նե­րը:


Իսկ գե­տին վրայ եւ փո­ղոց­նե­րուն մէջ եր­թե­ւե­կը նոյն աշ­խու­ժու­թիւ­նը ու­նի: Այս­պի­սի պա­հե­րու դուք կը փնտռէք մտեր­մի­կը, հան­դար­տու­թիւ­նը, երբ ա­մէն ինչ ե­րե­ւու­թա­պէս ծա­նօթ, նոյ­նը կը թուի, մինչ ի­րա­կա­նու­թիւ­նը այն է, որ ա­տոնք ար­դէն բո­լո­րո­վին փո­խուած են:


Ան­ցեալ ա­միս այս ա­տեն, Փա­րիզ մայ­րա­քա­ղաքն էր երկ­րի մը, որ ներգ­րա­ւուած էր շատ ժա­մա­նա­կա­կից պա­տե­րազ­մի տե­սա­կի մը մէջ, ո­րուն ըն­թաց­քին հա­մա­կար­գի­չով կա­ռա­վա­րուող շո­ղար­ձակ հրթիռ­նե­րը հա­րուա­ծած էին թի­րախ­ներ՝ հե­ռա­ւոր նախ­կին գա­ղու­թա­վայր Սու­րիոյ մէջ: Այժմ ա­տի­կա ճա­կա­տա­յին գիծ է, ժա­մա­նա­կա­կից տես­քով հա­կա­մար­տու­թեան, ո­րուն մէջ եւ­րո­պա­կան կամ ա­մե­րի­կեան ո­րե­ւէ քա­ղաք պա­տե­րազ­մի դաշտ կրնայ դառ­նալ: Թշնա­մին տա­րազ չի հագ­նիր եւ պա­տե­րազ­մա­կան ոչ մէկ օ­րէնք կը ճանչ­նայ: Ա­նոր հե­տիոտն զի­նուոր­նե­րը հան­րա­կառ­քին մէջ կող­քիդ նստած,  քե­զի հետ աշ­խա­տող տղա­մար­դը կամ կի­նը  կրնայ ըլ­լալ, որ մեծ­ցած է լսե­լով նոյն լու­րե­րը, սոր­վե­լով նոյն պատ­մու­թեան դա­սե­րը, ինչ­պէս դուն, եւ հա­սած է վտան­գա­ւոր տար­բեր եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րու: Ա­նոնք իբ­րեւ քնա­ցող ի­րեր կամ ան­ձեր կրնան ձեր կող­քին ապ­րիլ տա­րի­ներ, նախ­քան անձ­նաս­պա­նու­թեան գօ­տին կա­պե­լը կամ յար­ձա­կու­մի հրա­ցա­նը վերց­նե­լը եւ մա­հա­ցու մտադ­րու­թեամբ ըն­թա­նա­լը նոյն փո­ղոց­նե­րուն մէջ, ուր­կէ ա­մէն օր կ՚ուղ­ղուին դէ­պի ի­րենց աշ­խա­տա­վայ­րը: Ան­շուշտ ճշմար­տու­թիւնն այն է, որ ձեր շուրջ նստած տա­րե­կան տոմս ու­նե­ցող գրե­թէ բո­լոր ու­ղե­ւոր­նե­րը՝ ձանձ­րա­ցած, յոգ­նած կամ եր­կիւ­ղած տես­քով, ճիշդ այն են, ինչ կը թուին:


Ֆրան­սան, ըստ ա­նոր քա­ղա­քա­կան գոր­ծիչ­նե­րուն, պա­տե­րազ­մի մէջ է, բայց ա­տի­կա սպա­ռիչ է, ջի­ղե­րը քայ­քա­յող տե­սա­կի  պա­տե­րազմ մը, ո­րուն մէջ ո­չինչ կրնայ տե­ղի ու­նե­նալ ա­միս­ներ կամ տա­րի­ներ, բայց, ուր վա­ղը՝ պա­տե­րազ­մի դաշ­տին քաո­սը եւ վա­խը հա­ւա­սա­րա­պէս կրնան գալ քա­ղա­քի փո­ղոց­նե­րը:


Ա­հա­բե­կիչ­նե­րը թի­րախ կը դարձ­նեն ա­ռօ­րեայ  կեան­քի ան­տա­րա­կու­սե­լի փաս­տե­րը: Ա­նոնց մեծ մա­սը քու միտ­քիդ մէջ վախ տե­ղադ­րելն է, նման՝ հա­մա­կարգ­չա­յին ժահ­րի: Ար­դեօք պա­յու­սա­կը կռնա­կին այդ ջղագր­գիռ թուա­ցող ե­րի­տա­սար­դը անձ­նաս­պա­նա­կան գոր­ծո­ղու­թիւն ի­րա­կա­նաց­նե­լիք ա­հա­բե­կի՞չ է, կամ պար­զա­պէս ջղա­յին  ու­սա­նող մը, որ կ՚եր­թայ  քննու­թեան մաս­նակ­ցե­լու: Երբ դէ­պի դպրոց, հա­ւա­քոյ­թի կամ հա­մեր­գի մեկ­նող ձեր ե­րե­խա­նե­րուն դուք հրա­ժեշտ կու տաք,  ար­դեօք «եր­թաք բա­րով» կ՚ը­սէ՞ք: Ի՛նչ օ­գուտ ու­նի ձեր սի­րած ան­ձե­րուն՝ «ու­շա­դիր ե­ղի՛ր» կամ «բա­րի ճա­նա­պարհ» ը­սե­լը, երբ դուք գի­տէք, որ որ­քան ալ ու­շա­դիր ըլ­լան, բայց եւ այն­պէս ա­նոնց ու­ղե­ւո­րու­թեան, ճամ­բոր­դու­թեան անվ­տան­գու­թիւ­նը, ի­րօք, ի­րենց հա­կակշի­ռին տակ չէ:


Ամ­բողջ այս շաբ­թուան ըն­թաց­քին փա­րիզ­ցի­նե­րը այս բո­լոր մտա­ծում­նե­րով տա­րուած էին, իսկ  կեան­քը հոս ձե­ւով մը կը  հու­նա­ւո­րուի Նո­յեմ­բե­րի կու­տա­կուող խա­ւա­րին մէջ: Բայց ե­թէ ա­հա­բե­կի­չին զէն­քը վա­խը եւ ատ­կէ հո­սող ա­նո­րո­շու­թիւնն է, մենք՝ Փա­րի­զի, Փի­թըր­հե­տի, Փիո­րիա­յի եւ այլ վայ­րե­րու հա­սա­րակ քա­ղա­քա­ցի­ներս, մեր սե­փա­կան զէն­քը ու­նինք: Ա­տի­կա կա­մա­կոր դի­մաց­կու­նու­թիւնն է, որ սոս­կա­լի յար­ձա­կում­նե­րէն միայն քա­նի մը օր ետք  փա­րի­զե­ցի­նե­րը մղած է դուրս՝ կրկին աշ­խա­տան­քի. հե­տիոտն զի­նուոր­նե­րու ու­նա­կու­թիւ­նը՝ մարտն­չե­լու խա­ւա­րին ընդ­մէ­ջէն:


Փա­րիզ ճիշդ հի­մա քիչ մը սան­ձուած է, ոչ այն­քան, որ­քան ես կը յի­շեմ: Բայց մար­դիկ կ՚ու­տեն  ճա­շա­րան­նե­րուն մէջ, կ՚աշ­խա­տին  գրա­սե­նեակ­նե­րու եւ գոր­ծա­րան­նե­րու մէջ, եւ կը մրմնջան շար­քե­րու, հեր­թե­րու մէջ: Կեան­քը ըն­թա­ցած է ո՛չ թէ խրոխ­տու­թեան մեծ ցու­ցադ­րու­մով, այլ նաեւ՝ տե­սակ մը վճռա­կա­նու­թեամբ, որ շատ ա­ւե­լի տպա­ւո­րիչ է եւ կա­րե­լի չէ թե­րագ­նա­հա­տել:

Այն­պէս որ, թե­րեւս ես սխա­լե­ցայ՝ ը­սե­լով, որ նո­յեմ­բե­րը լա­ւա­գոյն ժա­մա­նա­կը չէ Փա­րիզ այ­ցե­լե­լու: Քիչ մը մոխ­րա­գոյն ու անձ­րե­ւոտ է, եւ ա­պա­գա­յին մա­սին վա­խերն ու ա­նո­րո­շու­թիւն­նե­րը բա­ւա­րար չա­փով ի­րա­կան են… բայց երբ մտա­ծէք  ան­վերջ զգա­ցում­նե­րուն մա­սին, որ հին այս վայ­րը ապ­րե­ցաւ շաբ­թուան մը ըն­թաց­քին, իս­կա­պէս Փա­րիզ  զիս եր­բեք աս­կէ ա­ւե­լի լաւ չէ տպա­ւո­րած:

ՓԱ­ՐԻ­ԶԻ ՅԱՐ­ՁԱ­ԿՈՒՄ­ՆԵ­ՐԸ ԱՐ­ՔԵ­ՊԻՍ­ԿՈ­ՊՈ­ՍԸ ՄՂԵ­ՑԻՆ «ԿԱՍ­ԿԱ­ԾԵ­ԼՈՒ» ԱՍ­ՏՈՒ­ԾՈՅ ԳՈ­ՅՈՒ­ԹԵԱՆ

Քենթըր­պը­րիի Ար­քե­պիս­կո­պոս Ճաս­թին Ո­ւել­պի վեր­ջերս տուած հար­ցազ­րոյ­ցի մը ըն­թաց­քին ը­սաւ, որ  Փա­րի­զի սպա­նու­թիւն­նե­րուն իր ար­ձա­գան­գը նախ ե­ղած է ցնցու­մը, սար­սա­փը, ա­պա՝ խոր տխրու­թիւ­նը:

Ար­քե­պիս­կո­պո­սը ը­սաւ.

«Շա­բաթ ա­ռա­ւօ­տեան  ես դուր­սը կը քա­լէի, կ՚ա­ղօ­թէի եւ կ՚ը­սէի. «Աս­տուա՛ծ, ին­չո՞ւ, ին­չո՞ւ ա­սի­կա կը կա­տա­րուի: Ո՞ւր ես Դուն այս բո­լո­րին մէջ»: Ա­պա կը խօ­սէի Աս­տու­ծոյ հետ: Ա­յո՛, ես կը կաս­կա­ծիմ»:

Ար­քե­պիս­կո­պո­սը ա­ւել­ցուց. «Ցնցու­մը ուժ­գին էր, ո­րով­հե­տեւ կնոջս հետ հինգ տա­րի Փա­րիզ ապ­րած ենք: Մեր ապ­րած ա­մենէն եր­ջա­նիկ վայ­րե­րէն մէկն էր, եւ այդ­պի­սի վայ­րի մը մէջ այս­քա՜ն տա­ռա­պանք տես­նե­լը իս­կա­պէս սրտաճմ­լիկ է»:

Ա­հա­բեկ­չա­կան յար­ձա­կու­մէն կարճ ժա­մա­նակ ետք ֆրան­սա­կան օ­դու­ժը Սու­րիոյ մէջ ԻՇԻՊ-ի դիր­քեր ռմբա­կո­ծեց, բայց Ար­քե­պիս­կո­պո­սը զգու­շա­ցուց  հա­ւա­նա­կան վնա­սա­կար  ակն­թար­թա­յին ար­ձա­գան­գէն: «Եր­կու ա­նար­դա­րու­թիւն­ներ մէկ ար­դա­րու­թիւն չեն բե­րեր: Ե­թէ  մենք սկսինք պա­տա­հա­կան կեր­պով սպան­նել ա­նոնք, ո­րոնք սխալ չեն գոր­ծած, ա­տի­կա  լու­ծում­ներ չ՚ա­պա­հո­վեր: Այն­պէս որ, կա­ռա­վա­րու­թիւն­նե­րը պէտք է ար­դա­րու­թեան մի­ջոց­նե­րը ըլ­լան», ը­սաւ ան:

«Այն ե­ղա­նա­կը, ձե­ւը, ո­րով ԻՇԻՊ-ի զի­նեալ­նե­րը ի­րենց հա­ւատ­քը կը խե­ղա­թիւ­րեն, այն­պէս մը, որ ա­նոնք կը հա­ւա­տան, թէ այդ  ա­րարք­նե­րը կը փա­ռա­բա­նեն ի­րենց Աս­տուա­ծը, այ­սօ­րուան մեր աշ­խար­հին ա­մե­նէն յու­սա­հա­տա­կան ե­րե­ւոյթ­նե­րէն մէկն է», նշեց Ար­քե­պիս­կո­պո­սը:

ՆԱ­ՐԷ ԳԱ­ԼԵՄ­ՔԷ­ՐԵԱՆ

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015