«ԱՆՁԱՄԲ ԿԱՐԳԱԴՐԵՑԷՔ»

Թոփ­հա­նէի «Թիւ­թիւն տե­փո­սու»ի եր­դի­քին տակ ե­րէկ ե­րե­կո­յեան կա­տա­րուե­ցաւ «Ան­ձամբ կար­գադ­րե­ցէք» խո­րագ­րեալ ցու­ցա­հան­դէ­սի մը բա­ցու­մը՝ 2015-ի ո­գե­կո­չում­նե­րուն շրջագ­ծով։ Պատ­մա­կան ճշմար­տու­թիւն­նե­րը հան­րա­յին կար­ծի­քի նկա­տառ­ման յանձ­նե­լու եւ հա­սա­րա­կաց յի­շո­ղու­թիւն մը կեր­տե­լու նպա­տակ­նե­րը հե­տապն­դած նա­խագ­ծի մը հի­ման վրայ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը կազ­մա­կեր­պուած է «Պա­պիլ» միու­թեան կող­մէ։ Ան­կախ հե­տա­զօ­տու­թեան, գի­տու­թեան եւ հա­ղոր­դակ­ցա­կան միու­թեան՝ «Պա­պիլ»ի այս նա­խա­ձեռ­նու­թիւ­նը ու­նի փաս­տա­վա­ւե­րագ­րա­կան բնոյթ մը։ Ար­դա­րեւ, ցու­ցա­հան­դէ­սի ըն­թաց­քին ներ­կա­յա­ցուած են 1915-ին ապ­րուած­նե­րը՝ վար­չա­պե­տա­րա­նի ա­ռըն­թեր Օս­մա­նեան ար­խիւ­նե­րուն մէջ ի պահ դրուած հե­ռագ­րե­րուն մի­ջո­ցաւ։ Դար մը ա­ռաջ ապ-րըւած­նե­րուն ա­ռըն­թեր այդ շրջագ­ծով գլխա­ւոր դե­րա­կա­տար­նե­րը, ստեղ­ծուած մթնո­լոր­տը եւ գոր­ծադ­րուած մի­ջոց­նե­րը ներ­կա­յա­ցուած են ցու­ցա­հան­դէ­սին շրջագ­ծով։

Այ­ցե­լու­նե­րը հնա­րա­ւո­րու­թիւն կ՚ու­նե­նան տես­նե­լու այդ շրջա­նի ներ­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Թա­լէաթ փա­շա­յի կող­մէ գա­ւա­ռի քա­ղաք­նե­րը ու­ղար­կուած հե­ռագ­րե­րը եւ այդ շրջան­նե­րէն հա­սած պա­տաս­խան­նե­րը։ Սոյն փո­խա­նա­կում­նե­րու ա­ռանց­քով այս ցու­ցա­հան­դէ­սը պատ­րաս­տուած է Օս­մա­նեան ար­խի­ւին մօտ ի պահ դրուած ու մէկ մա­սը պրպտող­նե­րու հա­մար բաց հա­զա­րա­ւոր հե­ռագ­րե­րու ու­սում­նա­սի­րու­թեամբ։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը կը նշեն, որ ցու­ցա­հան­դէ­սը այս ա­ռու­մով ար­խի­ւը լայն լսա­րա­նի մը տե­սան­կիւ­նէն մատ­չե­լի կը դարձ­նէ ու միեւ­նոյն ժա­մա­նակ այդ շրջա­նին ըն­դու­նուած օ­րէնք­ներն ու տրուած հրա­հանգ­նե­րը կը բիւ­րե­ղաց­նէ պաշ­տօ­նա­կան փաս­տա­թուղ­թե­րու մի­ջո­ցաւ՝ 1915-ին ապ­րուած­նե­րուն ա­կա­նա­տես­նե­րու վկա­յու­թիւն­նե­րով, շրջա­նի մա­մու­լով, պա­տաս­խա­նա­տու­նե­րուն դէմ բա­ցուած դա­տե­րով եւ ա­նոնց եզ­րա­կա­ցու­թիւն­նե­րով հան­դերձ։ Կազ­մա­կեր­պիչ­նե­րը, նոյն­պէս, կը շեշ­տեն, որ հե­ռագ­րե­րու տա­ռա­դար­ձու­թիւն­նե­րը կա­տա­րուած են մեծ բծախնդ­րու­թեամբ։ Տուեալ­ներ կան նաեւ հա­յոց ու­նե­ցուած­քին, կեդ­րո­նէն ու­ղար­կուած հրա­հանգ­նե­րուն անհ­նա­զանդ գտնուող­նե­րու են­թար­կուած­նե­րուն, հայ որ­բե­րու են­թար­կուած վե­րա­բեր­մուն­քին շուրջ։ Այս ճոխ տուեալ­նե­րը ցու­ցա­հան­դէ­սի այ­ցե­լու­նե­րու նկա­տառ­ման յանձ­նուած են ինք­նու­րոյն մի­ջա­վայ­րի մը մէջ, քա­նի որ ցու­ցադ­րաս­րա­հը յար­դա­րուած է հա­յոց տե­ղա­հա­նու­թեան քար­տէ­սի մը ձե­ւով եւ այն­տեղ նշուած են նաեւ թի­ւեր, տուեալ­ներ՝ քա­ղաք առ քա­ղաք։

Մին­չեւ Դեկ­տեմ­բե­րի 31-ը բաց պի­տի մնայ այս ցու­ցա­հան­դէ­սը, ո­րու կազ­մա­կերպ­ման հա­մար խորհր­դա­տու կա­ռոյց հան­դի­սա­ցած է Պատ­մու­թեան հիմ­նար­կը (Tarih Vakfı)։ Սա­լիհ Էր­թու­րա­նի կող­մէ հա­մա­կար­գուած է ծրա­գի­րը, ո­րու խորհր­դա­կան­նե­րը ե­ղած են՝ Պիւ­լենտ Պիլ­մէզ, Հե­րա Պիւ­յիւք­թաշ­ճեան, Թոլ­կա Ճո­րա, Ֆուատ Տիւն­տար, Ա­սե­նա Կիւ­նալ եւ Յով­հան­նէս Քը­լըճ­տա­ղը։

Բաց հա­սա­րա­կու­թեան հիմ­նար­կին եւ «Ֆրետ­րիխ Է­պերթ» հիմ­նար­կին կող­մէ խրա­խու­սուած նա­խագ­ծին շրջագ­ծով գոր­ծած է ար­խի­ւի ու հե­տա­զօ­տու­թեան խումբ մը, ո­րուն մաս կազ­մած են Սեր­հատ Պոզ­քուրթ, Վու­րալ Կենչ, Ճի­հան­կիր Կիւն­տող­տու, ինչ­պէս նաեւ ԺԱ­ՄԱ­ՆԱԿ-ի խմբա­գիր Սե­ւան Տէ­յիր­մեն­ճեան։

Հե­տաքրք­րա­կան այս ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման առ­թիւ լոյս ըն­ծա­յուած է նաեւ գրքոյ­կի մը, ո­րու բո­վան­դա­կու­թեան մէջ ամ­փո­փուած են ցու­ցա­հան­դէ­սի ընդգր­կած հիմ­նա­կան տուեալ­նե­րը, ինչ­պէս նաեւ խո­շո­րա­ցոյ­ցի տակ բե­րուած՝ այդ ժա­մա­նա­կաշր­ջա­նի շարք մը հիմ­նա­կան կամ խորհր­դան­շա­կան դէմ­քե­րը։ Հարկ է նշել, որ այս ցու­ցա­հան­դէ­սի բաց­ման ար­ձա­գանգ հան­դի­սա­ցած են նաեւ տե­ղա­կան մա­մու­լէն կարգ մը թեր­թեր։

 

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015