ՎԱՐՉԱՊԵՏԸ ՊԱՔՈՒԻ ՄԷՋ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու այսօր պաշտօնական այցելութիւն մը կու տայ Պաքու։ Նոր կառավարութեան ձեւաւորուելէն վերջ ան նախ այցելեց Հիւսիսային Կիպրոսի Թուրք Հանրապետութիւն, իսկ այսօր ալ կ՚անցնի Ատրպէյճան՝ իր առաջին արտասահմանեան ուղեւորութեան առթիւ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Վարչապետ Տավուտօղլու կը հիւրընկալուի Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի կողմէ։ Առանձնազրոյց մը ունենալու առընթեր Տավուտօղլու եւ Ալիեւ կը գլխաւորեն պատուիրակութիւններու բանակցութիւնները։ Պաքուի մէջ Տավուտօղլու կը տեսակցի նաեւ Ատրպէյճանի Վարչապետ Արթուր Ռասիզատէի հետ։ Ըստ Անգարայի աղբիւրներուն, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ կու գան երկկողմանի յարաբերութիւնները եւ մանրամասնօրէն կը քննարկուին տարածքաշրջանային եւ միջազգային խնդիրները՝ Լեռնային Ղարաբաղի հակամարտութեան գլխաւորութեամբ։
Վաղը Ահմէտ Տավուտօղլու ելոյթ մը պիտի ունենայ Ատրպէյճանի Դիւանագիտական ակադեմիոյ մէջ։
Հարկ է նշել, որ Տավուտօղլուի Պաքուի շփումներուն ընդառաջ Իլհամ Ալիեւ այցելեց Նախիջեւան։ Իսկ այսօր, վարչապետի այցելութեան հետ նոյն օրը Պաքուի մէջ շփումներ կ՚ունենայ նաեւ Վրաստանի Պաշտպանութեան նախարար Թինաթին Խիտաշվիլի։ Բաց աստի, յառաջիկայ օրերուն նախատեսուած է Թուրքիոյ, Ատրպէյճանի եւ Վրաստանի արտաքին գործոց նախարարներուն՝ Մեւլիւտ Չավուշօղլուի, Էլմար Մամէտեարովի եւ Կէորկի Քվիրիքաշվիլիի համատեղ հերթական հանդիպումը։ Նախարարներու եռակողմանի տեսակցութեան այս անգամուան հիւրընկալ երկիրն է Վրաստանը։