ՍՈՒՐԲ ԱՆԴՐԷԱՍԻ ՏՕՆԸ

Ֆէ­նէ­րի Յու­նաց Պատ­րիար­քա­րա­նի նա­խա­ձեռ­նու­թեամբ ան­ցեալ շա­բա­թա­վեր­ջին կազ­մա­կեր­պուե­ցան Ս. Անդ­րէա­սի փայ­լուն տօ­նա­կա­տա­րու­թիւն­ներ։ Ըստ Յոյն Ուղ­ղա­փառ ե­կե­ղեց­ւոյ ա­ւան­դու­թեան, Ս. Անդ­րէաս ա­ռա­քեա­լի յի­շա­տա­կին օ­րը կը տօ­նախմ­բուի նաեւ իբ­րեւ Պոլ­սոյ Տիե­զե­րա­կան Պատ­րիար­քու­թեան հիմ­նադ­րու­թեան օ­րը։ Ա­թո­ռի տա­րե­դար­ձի ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն նա­խա­գա­հեց Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Պատրիար­քը։ Այս շրջագ­ծով Պէ­յօղ­լուի Յու­նաց Զա­փիոն վար­ժա­րա­նին մէջ սար­քուե­ցաւ ըն­դու­նե­լու­թիւն մը, իսկ ա­ւե­լի վերջ Թաք­սի­մի Ա­յա Թրիա­տա ե­կե­ղեց­ւոյ մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ հա­մերգ մը, ո­րով հան­դէս ե­կաւ Սեր­պիա­յէն նուա­գա­խումբ մը։

Տ.Տ. Պար­թո­լո­մէոս Ա. Պատ­րիար­քի հրա­ւէ­րին ըն­դա­ռաջ՝ տա­րե­դար­ձի այս ա­րա­րո­ղու­թիւն­նե­րուն իր մաս­նակ­ցու­թիւ­նը բե­րաւ նաեւ Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեան, որ Նո­րին Սրբու­թեան շնոր­հա­ւո­րու­թիւն­ներ եւ ա­րեւ­շա­տու­թեան բա­րե­մաղ­թանք­ներ փո­խան­ցեց յա­նուն Պատ­րիար­քա­կան Ա­թո­ռին ու մեր հա­մայն­քին։ Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նոր­դին կ՚ըն­կե­րա­նար Տ. Շիր­վան Քհնյ. Միւր­զեան։

Հինգշաբթի, Դեկտեմբեր 3, 2015