ՉԱՎՈՒՇՕՂԼՈՒ ԵՒ ԼԱՒՐՈՎ ՏԵՍԱԿՑԵՑԱՆ ՊԵԼԿՐԱՏԻ ՄԷՋ

Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Մեւ­լիւտ Չա­վու­շօղ­լու ե­րէկ Պելկ­րա­տի մէջ հան­դի­պում մը ու­նե­ցաւ Ռու­սաս­տա­նի Ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար Սէր­կէյ Լաւ­րո­վի հետ։ 40 վայր­կեան տե­ւեց այս հան­դի­պու­մը, որ տե­ղի ու­նե­ցաւ ԵԱՀԿ-ի ան­դամ եր­կիր­նե­րու ար­տա­քին գոր­ծոց նա­խա­րար­նե­րու ժո­ղո­վին շրջագ­ծով։ Թուր­քիա-Սու­րիա սահ­մա­նին վրայ Ռու­սաս­տա­նի SU-24 ռազ­մաօ­դա­նա­ւի վար առ­նուե­լէն վերջ ստեղ­ծուած լա­ր-ւա­ծու­թեան մթնո­լոր­տին մէջ սա ա­ռա­ջին բարձր մա­կար­դա­կի շփու­մը ե­ղաւ Ան­գա­րա­յի եւ Մոս­կուա­յի մի­ջեւ։ Քա­նի մը օր ա­ռաջ Փա­րի­զի մէջ նոյն ժո­ղո­վին մաս­նակ­ցե­լով հան­դերձ չէին տե­սակ­ցած եր­կու եր­կիր­նե­րու նա­խա­գահ­նե­րը՝ Րէ­ճէպ Թայ­յիպ Էր­տո­ղան եւ Վլա­տի­միր Փու­թին։ Այս ի­մաս­տով թէեւ նա­խա­րար­նե­րու մի­ջեւ ե­րէկ տե­ղի ու­նե­ցած հան­դի­պու­մը դրա­կան ե­րե­ւոյթ մըն էր, սա­կայն ար­դէն նա­խա­գահ­ներն ալ հետ­զհե­տէ կը խստաց­նեն ի­րենց ո­ճը։ Էր­տո­ղան ե­րէկ յայտ­նեց, թէ «Ի­րաք-Շա­մի իս­լա­մա­կան պե­տու­թիւն» (Ի­ՇԻՊ) ա­հա­բեկ­չա­կան խմբա­ւո­րման ար­տա­հա­նած քա­րիւ­ղը կ՚ար­տա­հա­նուի ռու­սահ­պա­տա­կի մը կող­մէ։ Այ­սինքն, ան այս ձե­ւով փո­խա­դար­ձեց Փու­թի­նի կող­մէ վեր­ջերս յա­ճախ օ­րա­կար­գի վրայ բե­րուած պնդում­նե­րուն, ըստ ո­րոնց Ի­ՇԻՊ եւ Թուր­քիա քա­րիւ­ղի գոր­ծար­քի մէջ կը գտնուին։ Մինչ Էր­տո­ղան ե­րէկ իր ո­ճը ան­հա­մե­մա­տօ­րէն խստա­ցուց այդ պնդում­նե­րուն դէմ՝ Վլա­տի­միր Փու­թինն ալ իր­մէ ետ չմնաց սպառ­նա­լիք­նե­րու ա­ռու­մով։ Ռուս ղե­կա­վա­րը յայտ­նեց, թէ Թուր­քիա պի­տի զղջայ իր ը­րած­նե­րուն հա­մար եւ ա­նոր դէմ նա­խա­տե­սուած պատ­ժա­մի­ջոց­նե­րը սահ­մա­նա­փակ պի­տի չըլ­լան լո­լիկ­նե­րով։ Այս մթնո­լոր­տին մէջ է, որ Չա­վու­շօղ­լու եւ Լաւ­րով մէկ­տե­ղուե­ցան Պելկ­րա­տի մէջ։ Լաւ­րո­վի փա­փա­քով նկա­րա­հա­նում չկա­տա­րուե­ցաւ։ Տե­ղա­կան մա­մու­լի հա­ղոր­դում­նե­րով, Չա­վու­շօղ­լու իր ռուս պաշ­տօ­նակ­ցի նկա­տառ­ման յանձ­նած է, թէ Թուր­քիա ցարդ չէ փո­խա­դար­ձած Ռու­սաս­տա­նի կող­մէ առ­նուած ո­րո­շում­նե­րուն, սա­կայն ան­կա­րե­լի է, որ շա­րու­նա­կուի այս­պէս։ Թրքա­կան կող­մին փա­փաքն է, որ Մոս­կուա դադ­րեց­նէ ան­հիմն պնդում­նե­րը։ Չա­վու­շօղ­լու ա­ւել­ցուց, թէ հան­դի­պու­մը ան­ցած է եր­կու նա­խա­րար­նե­րու յա­րիր հա­սու­նու­թեամբ եւ թրքա­կան կող­մը պա­տաս­խա­նած է պնդում­նե­րուն։ Ան յոյս յայտ­նեց, թէ բա­նի­մա­ցու­թիւ­նը կը յաղ­թա­հա­րէ։ Ըստ Չա­վու­շօղ­լուի, թրքա­կան կող­մը ար­տա­յայ­տած է իր ցա­ւը եւ եր­կու կող­մերն ալ չեն փա­փա­քիր թափ տա­լու լա­րուա­ծու­թեան։ Իր կար­գին, Սէր­կէյ Լաւ­րով յայտ­նեց, թէ թրքա­կան կող­մէն չեն լսած նոր բան մը։ «Ինչ­պէս կ՚ը­սուի ռու­սա­կան ժո­ղովր­դա­կան ա­ռա­ծով մը՝ թող մտա­ծէ ան, ո­րուն գլխար­կը կ՚այ­րի», յայտ­նեց Լաւ­րով։

Փու­թի­նի ե­րէ­կուան ծանր ար­տա­յայ­տու­թիւն­նե­րը տե­ղա­կան մա­մու­լէն կարգ մը թեր­թե­րու կող­մէ այն­պէս կը մեկ­նա­բա­նուի, թէ ան կը տա­պա­լէ բա­նակ­ցա­յին սե­ղա­նը։ Մինչ այդ, Ռու­սաս­տա­նի Ու­ժա­նիւ­թի նա­խա­րար Նո­վաքն ալ ե­րէկ տե­ղե­կա­ցուց, թէ կը դադ­րեց­նեն «Թրքա­կան հոսք» ծրա­գի­րը։

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2015