ՄԻՋՆՈՐԴՆԵՐՈՒՆ ՀԵՐԹԱԿԱՆ ԿՈՉԸ
Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան երէկ Պելկրատի մէջ մասնակցեցաւ ԵԱՀԿ-ի անդամ երկիրներու արտաքին գործոց նախարարներու հաւաքին։ Այս խորհուրդի 22-րդ ժողովին շրջագծով Նալպանտեան երէկ Պելկրատի մէջ հանդիպում մը ունեցաւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն հետ։ Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեանի եւ միջնորդներու զրոյցին ընթացքին անդրադարձ կատարուեցաւ Հայաստանի Նախագահ Սերժ Սարգսեանի եւ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւի միջեւ նախատեսուած նոր հանդիպման կազմակերպման վերաբերեալ հարցերուն։ Նալպանտեան վերահաստատեց, որ Հայաստան պիտի շարունակէ եռանախագահներուն հետ համատեղ ջանքերը՝ ուղղուած հիմնախնդրի բացառապէս խաղաղ կարգաւորման։ Զրուցակիցները քննարկումներ ծաւալեցին կարգաւորման գործընթացը յառաջ մղելու հնարաւորութիւններուն շուրջ։ Հարկ է նշել, որ եռանախագահները երէկ Պելկրատի մէջ տեսակցեցան նաեւ Ատրպէյճանի Արտաքին գործոց նախարար Էլմար Մամէտեարովի հետ։ Յամենայնդէպս, երէկ արդէն տեղւոյն վրայ տեղեկացուեցաւ, թէ Պելկրատի մէջ նախատեսուած չէ Նալպանտեան-Մամէտեարով տեսակցութիւն մը։
Միջնորդներուն հետ մէկտեղուելու առընթեր, Նալպանտեան երէկ Պելկրատի մէջ ունեցաւ նաեւ շարք մը երկկողմանի հանդիպումներ։ Այս շրջագծով ան տեսակցեցաւ նաեւ ԵԱՀԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Լամպերթօ Զանիէրի հետ՝ նոյնպէս անդրադառնալով Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։ Օրուան տեւողութեան, նախարարներու հաւաքին ժամանակ ելոյթ մըն ալ ունեցաւ Նալպանտեան, որ նոյնպէս առաջնահերթօրէն կանգ առաւ ղարաբաղեան հիմնախնդրին վրայ։
Պելկրատի մէջ երէկ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահ երկիրներու պատուիրակութիւններու ղեկավարներն ալ հանդէս եկան համատեղ յայտարարութիւնով մը։ Այսպէս, Ամերիկայի Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարար Ճոն Քերի, Ռուսաստանի Արտաքին գործոց նախարար Սէրկէյ Լաւրով եւ Ֆրանսայի Եւրոպական գործերով պետական քարտուղար Առլէմ Տեզիրի կողմէ ստորագրուած համատեղ յայտարարութեան մէջ աջակցութիւն յայտնուեցաւ նախագահներու նոր հանդիպում մը կազմակերպելու գաղափարին՝ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի հովանաւորութեան ներքեւ։ Անոնք յատկապէս դատապարտեցին նռնականետերու եւ այլ ծանր զինատեսակներու կիրառումը եւ ափսոսանք յայտնեցին, որ անոնց օգտագործման հետեւանքով կը տուժէ խաղաղ բնակչութիւնը։ Անոնք շեշտեցին, թէ Մինսքեան խմբակը միակ ձեւաչափն է, զոր ընդունած են հակառակ կողմերը։ Բանակցութիւններու անյաջողութեան կապակցութեամբ անոնք մատնանշեցին, որ Ատրպէյճան եւ Հայաստան քաղաքական կամք չեն դրսեւորեր՝ խաղաղ լուծման հասնելու համար։
Միւս կողմէ, թէ՛ Ճոն Քերի եւ թէ Սէրկէյ Լաւրով ԵԱՀԿ-ի նախարարաց խորհուրդի ժողովին ընթացքին իրենց ելոյթներուն ժամանակ եւս անդրադարձան Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրին։
ՇՓՄԱՆ ԳԾԻՆ ՎՐԱՅ ՀԱՅ ԶԻՆՈՒՈՐ ՄԸ ԶՈՀ
Այս առաւօտեան շատ կանուխ ժամերուն՝ շուրջ 04.30-ին, Լեռնային Ղարաբաղի եւ Ատրպէյճանի շփման գծին վրայ տեղի ունեցաւ լուրջ դէպք մը։ Շփման գծի հիւսիս-արեւելեան (Թալիշ) ուղղութեամբ Ատրպէյճանի զօրքերը իրականացուցին յարձակում մը։ Լեռնային Ղարաբաղի Պաշտպանութեան նախարարութեան աղբիւրները տեղեկացուցին, թէ պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ ստորաբաժանումները ճիշդ ժամանակին նկատեցին Ատրպէյճանի յատուկ ջոկատներու յառաջխաղացումը եւ անմիջապէս շարժման անցնելով կասեցուցին զանոնք։ Ազէրի զօրքերը արդէն վերադարձան իրենց ելման դիրքերը եւ ապրուած բախումներուն ընթացքին նահատակուեցաւ հայ զինուոր մը՝ Էրիք Գրիգորեան (1995)։
Ստեփանակերտի աղբիւրները տեղեկացուցին, որ վերջին երկու օրերուն ազէրի զօրքերը թափով կը խախտէին հրադադարը։ Այս առաւօտ կանուխ ապրուած դէպքէն վերջ եւս անոնք շարունակեցին զանազան տրամաչափի ականանետերով եւ հրթիռային զինատեսակներով խախտել հրադադարը։ Հայկական զօրքերը կը ձեռնարկեն փոխադարձ գործողութիւններու՝ Ատրպէյճանի զօրքերուն նախայարձակ աշխուժութիւնը ճնշելու համար։