ՆՈՐ ՆՊԱՏԱԿՆԵՐ
Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլու երէկ պաշտօնական այցելութիւն մը տուաւ Ատրպէյճան։ Ըստ վերջին շրջանին ձեւաւորուած նախընթացին՝ նոր կառավարութեան ձեւաւորուելէն անմիջապէս վերջ ան արտասահմանեան առաջին ուղեւորութիւնը իրականացուց դէպի Պաքու, ուր հիւրընկալուեցաւ ամենաբարձր մակարդակի վրայ։ Ատրպէյճանի Նախագահ Իլհամ Ալիեւ Զուկուլպայի պալատի երդիքին տակ բարձր արարողակարգով ընդունեց Տավուտօղլուն։ Առանձնազրոյցէն վերջ Տավուտօղլու եւ Ալիեւ գլխաւորեցին պատուիրակութիւններու բանակցութիւնը եւ սարքեցին համատեղ մամլոյ ասուլիս մը։ Ալիեւ պաշտօնական ճաշկերոյթ մըն ալ սարքեց ի պատիւ Տավուտօղլուին։
Վարչապետին այցելութիւնը, ընդհանուր առմամբ, առիթ հանդիսացաւ, որ Թուրքիա վերահաստատէ իր շարունակական զօրակցութիւնը ի նպաստ Ա-տըրպէյճանի։ Միեւնոյն ժամանակ, բանակցութիւններու ընթացքին օրակարգի վրայ եկան նոր նպատակներ՝ մասնաւորապէս նախաձեռնուած շարք մը ծրագրերու թափի արագացման առումով։ Տավուտօղլու Պաքուի մէջ շեշտեց, թէ ո՛ւր որ կը ծածանի թրքական դրօշակը, այնտեղ կը ծածանի նաեւ Ատրպէյճանի դրօշը եւ հակառակը։ Այս երեւոյթը միայն խօսքերով սահմանափակուած չէ ու կ՚ամրացուի ծրագրերով։
Տավուտօղլու Պաքուի մէջ տեղեկացուց նաեւ, թէ Անդրանատոլեան կազամուղ խողովակաշարի ծրագիրը (TANAP) ոչ թէ նախատեսուածին նման 2018 թուականին, այլ շատ աւելի կանուխ պիտի հասնի աւարտին։ Այս ուղղութեամբ պայմանաւորուածութիւն գոյացած է երկու երկիրներուն միջեւ։ «Օր ու գիշեր պիտի աշխատինք։ Թուրքիոյ Հանրապետութեան սահմաններէն ներս անհրաժեշտը պիտի կատարուի TANAP-ի ծրագրին համար։ Նոյնը ի զօրու պիտի ըլլայ նաեւ Ատրպէյճանի պարագային», ըսաւ Տավուտօղլու։ Իր կարգին, Ալիեւն ալ ընդգծեց, թէ Ատրպէյճանի բնական կազի արտածման հիմնական ուղղութիւնը բնականաբար Թուրքիան է։
Տավուտօղլու Պաքուի մէջ Ալիեւին տեղեկութիւններ փոխանցեց նաեւ անցեալ շաբաթավերջին տեղի ունեցած Թուրքիա-Եւրոմիութիւն գագաթաժողովին շուրջ։ Վարչապետը եւրոպացի իր երկխօսներուն նկատառման յանձնած է, թէ Եւրոպայի ուժանիւթի անվտանգութեան տեսանկիւնէն ամենավստահելի այլընտրանքն է Կասպից տարածքաշրջանի պաշարները Թուրքիոյ վրայով փոխանցել դէպի Եւրոպա։ Երկու երկիրները որդեգրած են իրենց առեւտուրի ծաւալը 15 միլիառ ամերիկեան տոլարի բարձրացնելու նպատակը։
Իլհամ Ալիեւ մատնանշեց, թէ Թուրքիոյ եւ Ատրպէյճանի միասնականութիւնը կայունութեան գործօն մը կը հանդիսանայ տարածքաշրջանին մէջ։ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնա-խընդրին շուրջ ցուցաբերուած աջակցութեան համար ան երախտագիտութիւն յայտնեց Թուրքիոյ եւ աւելցուց, թէ Ա-տըրպէյճան անհրաժեշտ զինա-մըթերքը կ՚ապահովէ Թուրքիայէն։ Կողմերը քանի մը անգամ համատեղ ռազմափորձեր ալ իրականացուցած են, ինչ որ կ՚ապացուցանէ անոնց միասնականութիւնը եւ ուժը։
Տավուտօղլու Պաքուի մէջ կրկնեց, թէ Լեռնային Ղարաբաղի հարցին շուրջ Թուրքիոյ դիրքորոշումը բաց եւ յստակ է։ Թուրքիա պիտի շարունակէ Ատրպէյճանի ի նպաստ իր նեցուկը՝ մինչեւ որ Ատրպէյճանի բռնագրաւեալ տարածքները ամբողջութեամբ դարձեալ պատկանին անոր՝ մինչեւ վերջին քառակուսի սանթիմեթրը։
Ահմէտ Տավուտօղլու Պաքուի մէջ տեսակցեցաւ նաեւ Ատրպէյճանի Վարչապետ Արթուր Ռասիզատէի հետ։ Բաց աստի, վարչապետը մէկտեղուեցաւ երկրի գործարար աշխարհի ներկայացուցիչներուն հետ։ Պաքուի մէջ Տավուտօղլու մատնանշեց, որ Անգարա լուրջ կարեւորութիւն կ՚ընծայէ նաեւ Թուրքիա-Ատրպէյճան-Իրան, Թուրքիա-Ատրպէյճան-Թիւրքմենիստան եռակողմանի համագործակցութեան ձեւաչափերուն նկատմամբ։