ՇԻՏԱԿՈՒԹԵԱՆ ՄԱՍԻՆ

«Ար­դա­րին ճամ­բան շի­տակ է։ Դո՛ւն, որ ու­ղիղ ես, ար­դա­րին ճամ­բան դուն կ՚ուղ­ղես» (Ե­ՍԱ­ՅԵԱՅ ԻԶ 7)։ Կան չորս ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ, որ ա­ռանց­քա­յին դեր կը կա­տա­րեն։ Այս իսկ պատ­ճա­ռով ա­նոնք կո­չուած են «գլխա­ւոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ»։ Միւս բո­լոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը կը խմբուին ա­նոնց շուր­ջը։ Այս չորս ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներն են՝ «խո­հե­մու­թիւն», «ար­դա­րու­թիւն», «զօ­րու­թիւն» եւ «ժուժ­կա­լու­թիւն»։ Ար­դա­րեւ ուղ­ղամ­տու­թիւ­նը կամ շի­տա­կու­թիւ­նը կը ստեղ­ծեն ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ, քա­նի որ ա­նոնք պտուղ­ներն են ա­նոնց վաս­տա­կին, ա­նոնց գոր­ծու­նէու­թեան։ Շի­տա­կու­թիւ­նը այն ա­ռա­քի­նու­թիւնն է՝ որ կը կա­յա­նայ ճշմար­տու­թեան մէջ։ Երբ ճշմար­տու­թեան ճամ­բէն քա­լե­լու սո­վո­րու­թիւ­նը ու­նի մարդ՝ շի­տակ մարդ է, կամ ուղ­ղա­մի՛տ։ Այն որ չի շե­ղիր ճշմար­տու­թե­նէ՝ շի­տա՛կ մարդ է եւ ուղ­ղա­միտ։ Ու­րեմն ուղ­ղամ­տու­թիւ­նը կապ ու­նի մեծ մա­սամբ ճշմար­տու­թեան հետ։ Այն որ կը ճանչ­նայ ճշմար­տու­թիւ­նը եւ իր ամ­բողջ կեան­քի ըն­թաց­քը կը կա­նո­նա­ւո­րէ ա­նով եւ նպա­տակ ու­նի հաս­նե­լու ճշմար­տու­թեան։

Ար­դա­րեւ Աս­տուած շի­տա­կու­թեան եւ ուղ­ղամ­տու­թեան մէջ հա­ճու­թիւն ու­նի. «Եւ գի­տեմ, ո՛վ Աս­տուած իմ, որ դուն սրտե­րը կը փոր­ձես եւ ուղ­ղու­թիւ­նը կը սի­րես։ Ա­սոնց ա­մէն­քը ես ու­ղիղ սրտով ու յօ­ժար կամ­քով ըն­ծայ ը­րի ու հի­մա ու­րա­խու­թեամբ տե­սայ թէ հոս գտնուած ժո­ղո­վուրդդ քե­զի կա­մա­ւոր ըն­ծայ կը մա­տու­ցա­նէ» (Ա. ՄՆԱՑ. ԻԹ 17)։ Եւ սա­կայն ան­կա­րե­լի է որ գայ­թակ­ղու­թիւն­ներ, ուղ­ղու­թե­նէ շե­ղում­ներ չըլ­լան այս աշ­խար­հի վրայ. «Ան­կա­րե­լի է որ գայ­թակ­ղու­թիւն­ներ չպա­տա­հին. բայց վա՜յ ա­նոր՝ ո­րուն ձեռ­քով կու գան» (ՂՈՒԿ. ԺԷ 1)։ Ուս­տի ան որ վա­յե­լած իշ­խա­նու­թիւ­նը կը կի­րար­կէ այն­պի­սի պայ­ման­նե­րու մէջ, ո­րոնք չա­րը գոր­ծե­լու կ՚ա­ռաջ­նոր­դեն, ա­նի­րա­ւու­թիւն­նե­րու ա­ռիթ կ՚ըն­ծա­յեն, ան յան­ցա­ւոր կը դառ­նայ գայ­թակ­ղու­թեան եւ պա­տաս­խա­նա­տու չա­րին, ո­րուն ուղ­ղա­կի կամ ա­նուղ­ղա­կիօ­րէն իր նպաս­տը բե­րաւ։

Շատ մը յան­ցանք­ներ մեր­ձա­ւո­րը կ՚ա­նի­րա­ւեն եւ կ՚ի­րա­ւազր­կեն։ Հարկ է կա­րե­լին ը­նել՝ զա­նոնք հա­տու­ցա­նե­լու հա­մար, զոր օ­րի­նակ՝ վե­րա­դարձ­նել ան ի՛նչ որ գող­ցուած է, վե­րա­կանգ­նել համ­բա­ւը կամ վար­կը՝ բամ­բա­սուած կամ զրպար­տու­թեան են­թարկուած ան­ձին եւ կամ դար­մա­նել ա­մէն վի­րա­ւո­րանք։ Պարզ ար­դա­րու­թեան պա­հանջքն է ա­սի­կա։ Բայց ա­ւե­լին կայ. յան­ցան­քը, ուղ­ղու­թե­նէ շե­ղու­մը կը վի­րա­ւո­րէ եւ կը տկա­րաց­նէ թէ՛ յան­ցա­ւո­րին, թէ՛ ա­նոր յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը Աս­տու­ծոյ եւ մեր­ձա­ւո­րին հետ։ Յան­ցան­քին նե­րու­մը կամ թո­ղու­թիւ­նը կը բառ­նայ յան­ցան­քը, սա­կայն չի դար­մա­ներ յան­ցան­քին պատ­ճա­ռած բո­լոր ան­կար­գու­թիւն­նե­րը։ Յան­ցան­քէն վե­րա­կանգ­նե­լէ ետք, մե­ղա­ւո­րը պար­տի տա­կա­ւին վե­րագտ­նել իր հո­գե­կան ամ­բող­ջա­կան ու կա­տա­րեալ ա­ռող­ջու­թիւ­նը։ Դար­մա­նե­լու հա­մար իր յան­ցանք­նե­րը՝ շե­ղում­նե­րը ուղ­ղու­թե­նէն եւ ա­նոր պատ­ճա­ռած հե­տե­ւանք­նե­րը, ան պար­տի ու­րեմն ա­ւե­լի բան մը եւս ը­նել նպա­տա­կա­յար­մար եւ պատ­շաճ կեր­պով «հա­տու­ցա­նել» կամ «քա­ւել» իր յան­ցանք­նե­րը։

Այս հա­տու­ցու­մը, ա­հա­ւա­սիկ կը կո­չուի՝ «ա­պաշ­խա­րանք»։

­Հոս կայ կա­րե­ւոր կէտ մը. հա­տու­ցու­մը, որ­քան կա­րե­լի է, գոր­ծուած յան­ցան­քին, այ­սինքն ուղ­ղու­թե­նէ շե­ղու­մին պատ­ճա­ռած վնա­սին կամ վի­րա­ւո­րան­քին ծան­րու­թեան կամ բնոյ­թին հա­մա­պա­տաս­խան ըլ­լա­լու է։ Այդ հա­տու­ցու­մը, որ նպա­տակ ու­նի շե­ղած ուղ­ղու­թիւ­նը շտկել, կրնայ ըլ­լալ բա­րե­սի­րա­կան գործ մը, ծա­ռա­յու­թիւն մը, սպա­սար­կու­թիւն մը մեր­ձա­ւո­րին, կա­մա­ւոր զրկանք մը, նուի­րա­տուու­թիւն մը, զո­հո­ղու­թիւն­ներ եւ մա­նա­ւանդ համ­բե­րա­տար ըն­կա­լու­մը նե­ղու­թիւն­նե­րու եւ դժուա­րու­թիւն­նե­րու՝ զորս տա­նե­լու կամ կրե­լու պար­տա­ւոր է մարդ։ Այս­պի­սի հա­տու­ցում­ներ, մեծ մա­սամբ կ՚օգ­նեն մար­դուս՝ կեր­պա­ւո­րուե­լու շի­տա­կու­թեան եւ ուղ­ղամ­տու­թեան տի­պար՝ Քրիս­տո­սի հետ, որ ա­ռան­ձին՝ մար­դուս մեղ­քե­րը մարդ­կու­թեան հա­մար մի ան­գամ ընդ միշտ քա­ւեց։ Ընդ­հա­նուր կեր­պով ա­պաշ­խա­րանք­նե­րը թոյլ կու տան մար­դոց ժա­ռան­գա­կից ըլ­լալ յա­րու­ցեալ Քրիս­տո­սի. «Քա­նի որ բաժ­նե­կից ենք Ա­նոր չար­չա­րան­քին» (ՀՌՈՄ. Ը 17)։­

Ար­դա­րեւ յան­ցանք­նե­րու նե­րու­մը կամ հա­տու­ցու­մը մարդս կը հաշ­տեց­նէ ա­նոր հետ՝ ո­րուն հան­դէպ յան­ցանք գոր­ծուած է եւ վնա­սի կամ վի­րա­ւո­րան­քի պատ­ճառ դար­ձուած է…։

«Լաւ ապ­րիլ»ը ու­րիշ բան չէ, ե­թէ ոչ ուղ­ղա­միտ ըլ­լալ, շի­տակ ը­լալ՝ չշե­ղիլ ուղ­ղամ­տու­թե­նէ եւ միշտ հաշտ ու սի­րով ապ­րիլ մար­դոց հետ անխ­տիր կեր­պով։

Հաշտ ապ­րիլ՝ թէ՛ ներ­քին եւ թէ հա­ւա­քա­կան խա­ղա­ղու­թեան հա­մար անհ­րա­ժեշտ է. իսկ խա­ղա­ղու­թիւ­նը պայ­ման է՝ լա՛ւ ապ­րե­լու հա­մար։ Ո՛չ մէկ ար­գելք պէտք է խախ­տէ այս խա­ղա­ղու­թիւ­նը։

Ար­դա­րու­թիւ­նը՝ որ մարդ­կա­յին ա­մէն տե­սակ յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րու հիմն է, իր զօ­րու­թիւ­նը կ՚առ­նէ ուղ­ղամ­տու­թե­նէ, շի­տա­կու­թե­նէ։ Ար­դա­րու­թիւ­նը հիմն է ըն­կե­րու­թեան, քա­նի որ կը հսկէ կշռա­դա­տե­լու եւ ներ­դաշ­նա­կե­լու հա­մար բո­լոր մարդ­կա­յին յա­րա­բե­րու­թիւն­նե­րը՝ որ­պէս­զի չըլ­լայ որ ա­նակն­կա­լի մը հետ դի­մա­ւո­րուին ո­րե­ւէ խա­բէու­թե­նէ, սու­տէ եւ խո­րա­ման­կու­թե­նէ, ո­րոնք շե­ղում­ներ են ուղ­ղամ­տու­թե­նէ եւ հա­կա­ռակ՝ շի­տա­կու­թեան…։

Ար­դա­րեւ, շի­տա­կու­թիւ­նը եւ ուղ­ղամ­տու­թիւ­նը ա­ռա­քի­նու­թիւն է, եւ մարդ­կա­յին ա­ռա­քի­նու­թիւն­ներ ձեռք ձգուած եւ դաս­տիա­րա­կու­թեամբ, ինք­նա­կամ ա­րարք­նե­րով եւ միշտ վերսկ­սած յա­րա­տեւ ճի­գե­րով, մաք­րազ­տուած եւ վեր բարձ­րա­ցած աս­տուա­ծա­յին շնորհ­քով։ Ու­րեմն, այս կը նշա­նա­կէ, որ ուղ­ղամ­տու­թիւ­նը եւ շի­տա­կու­թիւ­նը ստա­ցա­կան ար­ժէք­ներ են եւ պէտք է պահ­պա­նուին՝ հա­մե­րաշխ, հաշտ ու խա­ղաղ ըն­կե­րա­յին կեանք մը ապ­րե­լու, լաւ ապ­րե­լո՛ւ հա­մար, ինչ որ կո­չումն է մար­դուն։

Աս­տու­ծոյ օգ­նու­թեամբ, ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը կը դարբ­նեն նկա­րա­գի­րը եւ հեշ­տու­թիւն կ՚ըն­ծա­յեն բա­րիին կի­րար­կու­մին մէջ։

Բո­լոր այս ի­րո­ղու­թիւն­նե­րէն կը հե­տե­ւի՝ թէ ա­ռա­քի­նի մար­դը եր­ջա­նիկ մարդ է զա­նոնք գոր­ծադ­րե­լով։

Ար­դա­րեւ դիւ­րին չէ՛ յան­ցան­քէ մը վի­րա­ւո­րուած մար­դուն հա­մար պա­հել իր բա­րո­յա­կան հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը, սա­կայն ուղ­ղամ­տու­թիւ­նը եւ շի­տա­կու­թիւ­նը կը պա­հան­ջեն պա­հել այդ հա­ւա­սա­րակշ­ռու­թիւ­նը։ Ուս­տի աս­տուա­ծա­յին ան­կեղծ սէ­րը մար­դուս կու տայ անհ­րա­ժեշտ շնորհ­քը յա­րա­տե­ւե­լու ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու ո­րո­նու­մին մէջ։ Եւ ու­րեմն իւ­րա­քան­չիւր անձ պար­տի միշտ խնդրել լոյ­սի եւ զօ­րու­թեան այս շնորհ­քը, դի­մել սուրբ խոր­հուրդ­նե­րուն, իւ­րաց­նել ե՛ւ գոր­ծակ­ցիլ Սուրբ Հո­գիին, հե­տե­ւիլ բա­րին սի­րե­լու եւ չա­րէն զերծ մնա­լու Ա­նոր կո­չին։

Բո­լոր այս ա­րարք­նե­րը կա­րե­լի է ար­տա­յայ­տել մէկ խօս­քով՝ շի­տա­կու­թիւն, այ­սինքն ուղ­ղամ­տու­թի՛ւն։

Մարդ­կա­յին բո­լոր ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը, ինչ­պէս շի­տա­կու­թիւ­նը եւ ուղ­ղամ­տու­թիւ­նը կ՚ար­մա­տա­ւո­րուին աս­տուա­ծա­յին ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րու մէջ՝ ո­րոնք մար­դուն կա­րո­ղու­թիւն­նե­րը եւ տա­րո­ղու­թիւ­նը ա­տակ կը դարձ­նեն մաս­նակ­ցե­լու աս­տուա­ծա­յին բնու­թեան՝ որ է կա­տա­րե­լու­թի՛ւն։

Ա­ռա­քի­նու­թիւն­նե­րը աս­տուա­ծա­յին բնու­թեան կը վե­րա­բե­րին եւ կը տրա­մադ­րեն մարդս ա­պրե­լու Սուրբ Հո­գիին յա­րա­բե­րու­թեա­նը մէջ։ Ա­նոնք իբր ծա­գում, դրդա­պատ­ճառ եւ ա­ռար­կայ ու­նին Աս­տուած։

Ուս­տի լաւ ապ­րե­լու հա­մար «լաւ նկա­րա­գիր» պէտք է ու­նե­նայ մարդ, իսկ լաւ նկա­րագ­րի հա­մար անհ­րա­ժեշտ է եւ նա­խա­պայ­ման՝ ուղ­ղամ­տու­թիւ­նը, շի­տա­կու­թիւ­նը…։

ՄԱՇ­ՏՈՑ ՔԱ­ՀԱ­ՆԱՅ ԳԱԼ­ՓԱՔ­ՃԵԱՆ

Նո­յեմ­բեր 20, 2015, Իս­թան­պուլ

Ուրբաթ, Դեկտեմբեր 4, 2015