ԱՍԻԱԿԱՆ ԶԱՐԳԱՑՄԱՆ ԴՐԱՄԱՏՈՒՆԸ ՆՇԵՑ ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԳՈՐԾՈՒՆԷՈՒԹԵԱՆ ՏԱՍՆԱՄԵԱՅ ՅՈԲԵԼԵԱՆԸ
Ասիական զարգացման դրամատունը վերջերս Երեւանի մէջ կազմակերպուած մասնաւոր հաւաքոյթով մը նշեց Հայաստանէ ներս իր ծաւալած գործունէութեան 10-ամեայ յոբելեանը։ Այս առթիւ դրամատան ներկայացուցիչները մանրամասնութիւններ փոխանցեցին Հայաստանի մէջ կեանքի կոչուած ծրագրերուն շուրջ։ «Արմէնփրէս»ի հաղորդումներով, նոյն շրջանին պաշտօնապէս տեղեկացուեցաւ, թէ այս դրամատունը 88.5 միլիոն տոլար արժողութեամբ նոր վարկ մը կը տրամադրէ Հայաստանին։ Այս վերջին վարկին նպատակն է կեանքի կոչել սիսմիք անվտանգութեան բարելաւման ուղղեալ նախագիծ մը։ Կը հաղորդուի, որ նոյն շրջագծով մասնաւորապէս պիտի ուժեղացուի դպրոցներուն սիսմիք տոկունութիւնը։
Միւս կողմէ, վերջերս Եւրոասիոյ զարգացման դրամատունն ալ որոշեց 300 միլիոն տոլար վարկ տրամադրել Հայաստանին՝ երկրի տնտեսական իրավիճակի կայունացման ուղղեալ եռամեայ բարեփոխուներու ծրագրի մը իրականացման նպատակով։