«ՍՏԵՂԾԱԳՈՐԾ ԵՒՐՈՊԱ»

Հա­յաս­տա­նի Մշա­կոյ­թի նա­խա­րար Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան յայտ­նեց, որ յա­ջորդ տա­րի եր­կի­րը պի­տի միա­նայ «Ստեղ­ծա­գործ Եւ­րո­պա» ծրագ­րին։ Ե­րէկ, Ե­րե­ւա­նի մէջ տե­ղի ու­նե­ցաւ Եւ­րո­միու­թեան Ա­րե­ւե­լեան գոր­ծըն­կե­րու­թեան «Մշա­կոյթ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն» ծրագ­րի պաշ­տօ­նա­կան մեկ­նար­կը։ Այս առ­թիւ կազ­մա­կեր­պուած ձեռ­նար­կին ըն­թաց­քին Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան լրագ­րող­նե­րուն հետ զրու­ցե­լու ժա­մա­նակ տե­ղե­կա­ցուց, թէ 2016-ին Հա­յաս­տան պի­տի միա­նայ «Ստեղ­ծա­գործ Եւ­րո­պա» ծրագ­րին։ Այս մաս­նակ­ցու­թիւ­նը ու­նի կա­րե­ւոր նշա­նա­կու­թիւն։ Ար­դա­րեւ, նախ եւ ա­ռաջ՝ սոյն նա­խագ­ծի հիմ­քին դրուած է ստեղ­ծա­գործ մտա­ծո­ղու­թեան կա­րե­ւո­րու­թիւ­նը։ Ա­ռայժմ, ծրագ­րե­րու մե­ծա­մաս­նու­թիւ­նը ուղ­ղուած է ընդ­հա­նուր դաշ­տի ստեղծ­ման։ Պա­տա­հա­կան չէ, որ տուեալ ծրա­գի­րը կո­չուած է «Մշա­կոյթ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն, ո­րով­հե­տեւ իւ­րա­քան­չիւր մշա­կոյթ նախ եւ ա­ռաջ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն է։

Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան շեշ­տեց, թէ Հա­յաս­տան մեծ նե­րուժ մը ու­նի այս ո­լոր­տէն ներս, ո­րով­հե­տեւ հա­յե­րը ստեղ­ծա­գործ ժո­ղո­վուրդ են։ «Հա­յաս­տան եւ­րո­պա­կան դաշ­տին մէջ միշտ ներգ­րա­ւուած է իր ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն­նե­րով։ Այ­սինքն մենք մեր մշա­կոյ­թը ստեղ­ծած ենք՝ սերտ կա­պեր պահ­պա­նե­լով եւ­րո­պա­կա­նին հետ», ը­սաւ Յաս­միկ Պօ­ղո­սեան եւ ա­ւել­ցուց, թէ նա­խորդ­նե­րուն բաղ­դատ­մամբ «Մշա­կոյթ եւ ստեղ­ծա­գոր­ծու­թիւն» ծրա­գի­րը բա­ւա­կան ի­րա­տես կը հա­մա­րուի։

Շաբաթ, Դեկտեմբեր 5, 2015