Ծաղիկներու Լեզուն Եւ Քաղաքական Սպառուածութիւնը
«Արեւելք» կայքէջին վրայ կը կարդանք.-
Հայաստանի քաղաքական կեանքին մէջ թելադրական խօսք ունենալու կոչուած ընդդիմադիր գործիչներ առաջին անգամը չէ, որ անլուրջ մօտեցումներով կը փորձեն հանդէս գալ մտածելով, որ իրենց արարքները պիտի շահին հանրութեան ուշադրութիւնը: Բացի ուշադրութիւն գրաւելու փորձերէն, անոնք հանդէս կու գան, մեղմ ըսած, անիրական յայտարարութիւններով եւ անկիրառելի առաջարկներով, հանրութիւնը հերթական անգամ տանելով փակուղի: Հոգեբանական ֆոնի վրայ եղած այդ շեշտադրումներուն վերջինը «Ժառանգութիւն» կուսակցութեան ղեկավար Րաֆֆի Յովհաննիսեանի փորձած արարքն է, երբ ան բախումներու հասնող լարուած մթնոլորտի մը ընթացքին կը փորձէր ծաղիկներ զետեղել Մելիք Ադամեան փողոցին վրայ գտնուող «Հանրապետական» կուսակցութեան կեդրոնատեղիին դիմաց: Ըստ Յովհաննիսեանի, այդ ծաղիկները «Հանրապետական»ի մահը յուշող ծաղիկներ են: Այսպէս, հանրային լարում ստեղծելով՝ Յովհաննիսեան «սպասուած փրկիչ»ի իր դերով կը փորձէ հաւաքագրել ընդդիմադիր շարքերու ամենէն լայն հատուածները: Ինչ խօսք, որ այս պարանաձգութեան հիմքը ոչ թէ սահմանադրական բարեփոխումներու տապալումն է, այլ Հայաստանի յառաջիկայ խորհրդարանական ընտրութեանց պատրաստութիւնը: Առնուազն Պրն. Յովհաննիսեան քաջ գիտէ, որ իշխող կուսակցութեան մահը ծանուցելով չէ, որ պիտի յաջողի իշխանափոխութիւն կատարել: Աւելի՛ն. գիտէ նաեւ, որ այդ գործընթացը շատ հեռու է ճշմարտութիւն մը դառնալէ: Երեւելին այն է, որ Րաֆֆի Յովհաննիսեան այս ոճով կը փորձէ սպառել երկրին մէջ առողջ ընդդիմադիր ուժ մը ստեղծելու բոլոր հեռանը-կարները: Աղօթելու, ծաղիկ դնելու, ծաղկեպսաներ տանելու եւ գունաթափած բառերով ելոյթ ունենալու այս ձեւաչափերը կը մատնեն սպառած ըլլալու կարեւոր վարկածներու մասին: Իսկ այդ սպառուածութիւնը բնական է, որ երեւելի պիտի չդառնայ երէկուան հանրաքուէէն ետք, այլ միայն 2017 թուականի խորհրդարանական ընտրութիւններու աւարտին: Գաղտնիք չէ, որ երկրի մը կայացման համար հիմնարար, անհրաժեշտ եւ գործընացներու սկսող ամենէն առաջնային ուժը ընդդիմադիր առողջ քաղաքական ուժն է, որ այսօր կը բացակայի Հայաստանի մէջ: Հեռա-նըկարային, ճշմարիտ եւ գործադրուելիքի չափ լսելի դառնալիք խօսքն է միայն, որ արժէք կրնայ ունենալ: Այլապէս բոլոր եղածները ժամավաճառութեան մը մասին կը խօսին եւ կը զօրացնեն այն իշխանութիւններուն ուժն ու ներկայութիւնը, որ ըստ Յովհաննիսեանի ու իրեն նման գործիչներուն, կոչ-ւած են տապալել Հայաստանի Անկախ Հանրապետութիւնը: