ՄԱԿ-Ի ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ՔԱՐՏՈՒՂԱՐԻՆ ԿՈՉԸ
ՄԱԿ-ի ընդհանուր քարտուղար Պան Քի Մուն յորդորեց ոչնչացնել աշխարհի բոլոր միջուկային զէնքերը։ Երէկ, ան այսպիսի կոչով մը հանդէս եկաւ՝ Սէուլի մէջ կազմակերպուած խորհրդաժողովի մը առթիւ։ Տեսողական միջոցներով իր պատգամը փոխանցեց ընդհանուր քարտուղարը։ Հարաւային Քորէայի կառավարութեան եւ հետազօտական կազմակերպութիւններու ներկայացուցիչներուն առընթեր, Սէուլի այդ խորհրդաժողովին կը մասնակցին ՄԱԿ-ի 130 ներկայացուցիչներ եւ արտասահմանէն մասնագէտներ։
«Այժմ եկած է ժամանակը աշխուժացնելու համար մեր ջանքերը, որպէսզի աշխարհը ազատենք այդ ամենաաւերիչ զէնքէն», նշած է Պան Քի Մուն, որու համոզմամբ՝ սա ամենակարեւոր խնդիրն է տարածքաշրջանային եւ համաշխարհային ապահովման տեսանկիւնէն։