ՀԱՅԱՍՏԱՆԻ ԵՒ ԵՄ-Ի ՄԻՋԵՒ ՇՐՋԱՆԱԿԱՅԻՆ ՆՈՐ ՀԱՄԱՁԱՅՆԱԳՐԻ ՇՈՒՐՋ ԲԱՆԱԿՑՈՒԹԻՒՆՆԵՐԸ
Հայաստանի եւ Եւրոպական միութեան միջեւ իրաւական շրջանակային նոր համաձայնագրի մը շուրջ բանակցութիւնները երէկ սկսան Պրիւքսէլի մէջ։ Սոյն բանակցութիւններու պաշտօնական մեկնարկը ազդարարեցին՝ Հայաստանի Արտաքին գործոց նախարար Եդուարդ Նալպանտեան եւ Եւրոմիութեան միասնական արտաքին քաղաքականութեան ու պաշտպանութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար, Եւրոյանձնաժողովի փոխ-նախագահ Ֆետերիքա Մոկերինի։ Եւրոմիութեան կեդրոնատեղիէն ներս այս առթիւ տեղի ունեցաւ պաշտօնական արարողութիւն մը, որու ընթացքին բանակցութիւններու սկիզբը ազդարարուեցաւ հանդիսաւոր պայմաններու ներքեւ։ Բանակցութիւններու սկիզբին առընթեր, երէկ Պրիւքսէլի մէջ առանձին հանդիպում մըն ալ ունեցան Նալպանտեան եւ Մոկերինի, որոնք հանդէս եկան նաեւ համատեղ յայտարարութիւններով։
Երեւանի պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, Նալպանտեան-Մոկերինի զրոյցի ընթացքին երկուստեք գոհունակութիւն յայտնուեցաւ բանակցութիւններու սկիզբին կապակցութեամբ։ Նախարար Նալպանտեան այս ամբողջին մէջ յոյս յայտնեց, որ աշխոյժ քննարկումներու միջոցաւ Հայաստան եւ ԵՄ պիտի կարենան համաձայնութեան հասնիլ նոր շրջանակային համաձայնագրի մը շուրջ եւ այս վերջինը պիտի արտացոլէ երկկողմանի յարաբերութիւններու ծաւալն ու խորութիւնը եւ նոր ուղենիշեր պիտի սահմանէ փոխադարձ շահաւէտ համագործակցութեան համար։
Նախարար Նալպանտեան կարեւորեց ԵՄ-ի խորհուրդի որոշումը, որով արտացոլուած է գործընկերներու նկատմամբ գործադրուելիք տարբերակման սկզբունքը՝ հաշուի առնելով ժողովրդավարական բարեփոխումներու, մարդու իրաւանց պաշտպանութեան, օրէնքի գերիշխանութեան եւ արդիւնաւէտ կառավարման ոլորտներէն ներս անոնց յանձնառութիւններու իրականացման գործին մէջ արձանագրած յառաջընթացը։ Զրուցակիցները անդրադարձ կատարեցին նաեւ մուտքի արտօնութիւններու դրութեան ազատականացման շուրջ երկխօսութեան։ Նալպանտեան տեղեկացուց օր մը առաջ Հայաստանի մէջ տեղի ունեցած Սահմանադրական բարեփոխումներու հանրաքուէին եւ անոնց արդիւնքներուն մասին։ Զրուցակիցները անդրադարձան նաեւ ահաբեկչութեան դէմ միջազգային պայքարին, Մերձաւոր Արեւելքի առկայ իրավիճակին, շարք մը այլ տարածքաշրջանային եւ միջազգային խնդիրներու։ Քննարկուեցաւ նաեւ Իրանի միջուկային ծրագրի շուրջ համաձայնութեան կատարման ընթացքը։
Եդուարդ Նալպանտեան Ֆետերիքա Մոկերինիին ներկայացուց Հայաստանի եւ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներուն կողմէ ձեռնարկուած ջանքերը՝ Լեռնային Ղարաբաղի հիմնախնդրի խաղաղ կարգաւորման նպատակով։ Ֆետերիքա Մոկերինի հերթական անգամ ընդգծեց Եւրոմիութեան աջակցութիւնը՝ ի նպաստ ԵԱՀԿ-ի Մինսքեան խմբակի համանախագահներու գործունէութեան։
Եդուարդ Նալպանտեան վերահաստատեց նաեւ Ֆետերիքա Մոկերինիին ուղղեալ հրաւէրը՝ Երեւան այցելելու համար։