ԱՆԳԱՐԱ ՄԻՇՏ ՊԱՂԱՐԻՒՆ
Թուրքիա-Սուրիա սահմանին վրայ Ռուսաստանի ռազմաօդանաւի խոցուելուն հետեւանքով Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ ծագած լարուածութիւնը կը շարունակէ առաջնահերթօրէն զբաղեցնել օրակարգը։ Արտաքին գործոց նախարար Մեւլիւտ Չավուշօղլու այս մթնոլորտին մէջ երէկ հարցազրոյց մը տուաւ ռուսական ԹԱՍՍ գործակալութեան։ Ան շարունակեց Անգարայի պաղարիւն պատգամները փոխանցել՝ Մոսկուայի հետ յառաջացած լարուածութեան յաղթահարման որոնումներուն շրջագծով։ Հանրապետութեան նախագահ Րէճէպ Թայյիպ Էրտողան շաբաթավերջին յստակօրէն տուած էր այն պատգամը, թէ Թուրքիոյ տնտեսական հաւասարակշռութիւնները չեն ազդուիր Ռուսաստանի կողմէ ձեռնարկուած առեւտրական շրջափակումէն։ Այս տուեալով հանդերձ, Մեւլիւտ Չավուշօղլու ռուսական գործակալութեան տուած հարցազրոյցին մէջ արտայայտեց շինիչ մօտեցումներ։ Նախարարը համոզուած է, թէ լարուածութեան թափ տալու փոխարէն՝ պաղարիւն մօտեցումով մը պէտք է ժամ առաջ յարաբերութիւնները վերադարձուին իրենց բնականոն հունը։ Նախարարը ըսաւ, թէ Ռուսաստանի կողմէ Թուրքիոյ դէմ ձեռնարկուած տնտեսական բռնամիջոցները ուղղակի ազդեցութիւններու ծնունդ պիտի տան երկու երկիրներուն վրայ։ Հետեւաբար, Չավուշօղլու պաղարիւնութեան կոչ ուղղեց ռուսական կողմին եւ արտայայտեց այն համոզումը, թէ յանուն երկու երկիրներու շահերուն եւ ապագային՝ այդ պատժամիջոցները պէտք է ժամ առաջ ենթարկուին վերատեսութեան ու չնչուին։
«Տնտեսութիւնն ու առեւտուրը միշտ կարեւոր տեղ ունեցած են մեր երկկողմանի յարաբերութիւններուն մէջ։ Ճիշդ չենք նկատեր, որ այս ցաւալի դէպքին պատճառով վնասուին մեր յարաբերութիւնները, որոնք ամուր հիմքի մը վրայ զետեղուած են տարիներու ջանքերու շնորհիւ։ Տնտեսական յարաբերութիւնները կառուցուած են փոխադարձ շահերու վրայ։ Այս պատճառով, ի սկզբանէ մեր երկիրներուն մօտեցումը եղած է տնտեսական մեր յարաբերութիւնները զերծ պահել քաղաքական տարաձայնութիւններու ազդեցութենէն», շեշտեց Չավուշօղլու եւ աւելցուց, թէ այլապէս ցաւալի այս դէպքը ծնունդ պիտի տայ մշտական հետեւանքներու ու պիտի վնասէ երկու ժողովուրդներու յարաբերութիւններուն։ Նախարարը համոզուած է, թէ առնուազն թուրք ժողովուրդին չափ ռուս ժողովուրդն ալ վնաս պիտի կրէ այդ պատժամիջոցներէն։
Հարցումի մը պատասխանելով Մեւլիւտ Չավուշօղլու շեշտած է, որ ինչպէս միշտ, ապագային եւս Թուրքիա Մոնթրէօի համաձայնութիւնը պիտի շարունակէ գործադրել անկողմնակալ, թափանցիկ եւ բծախնդիր ձեւով։ «Կարեւորութիւն կը ներկայացնէ, որ պատկան բոլոր կողմերը խուսափին այնպիսի նախաձեռնութիւններէ, որոնք պատճառ կրնան դառնալ Մոնթրէօի դրութեան մաշեցման եւ չարաշահման», ըսաւ Չավուշօղլու։
Մոնթրէօի համաձայնութեան վերաբերեալ նախարարին խօսքերը առկայ պայմաններուն ներքեւ մասնաւոր ուշադրութեան առարկայ դարձան։ Արդարեւ, շաբաթավերջին ռուսական նաւատորմէն ռազմանաւ մը անցաւ Վոսփորէն եւ այդ ժամանակ անոր տախտակամածին վրայ նկատուեցաւ ռուս զինուոր մը, որ իր ուսին վրայ կը կրէր շարժական հրթիռ մը։ Թուրքիա այս երեւոյթը գնահատեց որպէս ակնյայտ խափանարարութիւն եւ այս պատճառով երէկ հերթական անգամ Արտաքին գործոց նախարարութիւն հրաւիրուեցաւ Անգարայի մօտ Ռուսաստանի դեսպան Անտրէյ Քարլով։
Անգարայի եւ Մոսկուայի միջեւ առկայ լարուածութիւնը դրսեւորումներ կ՚ունենայ նաեւ միջազգային զանազան բեմահարթակներուն վրայ։ Ռուսաստան ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի օրակարգին վրայ բերաւ թրքական զօրքերու Մուսուլի մէջ կատարած վերջին կուտակումը։ Պաղտատի ղեկավարութիւնը միջազգային գետնի վրայ ահազանգ կը հնչեցնէ այս նիւթին շուրջ ու նոյնիսկ ժամկէտ սահմանած է, որպէսզի Թուրքիա ետ քաշէ իր զինուորները։ Բնականաբար, Անգարայի ղեկավարութիւնը այդպիսի քայլ մը առնելու մտադրութիւն չունի, մանաւանդ, որ Փոխ-վարչապետ Նուման Քուրթուլմուշ երէկ յայտարարեց, թէ Թուրքիոյ ներկայութիւնը կը զօրացնէ Իրաքը։ ՄԱԿ-ի Անվտանգութեան խորհուրդի ժողովը նախատեսուած է այսօր, մինչ Ուաշինկթընի ղեկավարութիւնն ալ այս մասին արտայայտեց իր վերաբերմունքը։ Միացեալ Նահանգներու Պաշտպանութեան նախարարութիւնը տեղեկացուց, թէ առանց Իրաքի կառավարութեան հաւանութեան այդ երկրէն ներս զօրքերու տեղակայումը չի խրախուսուիր իրենց կողմէ։ Փենթակոնի բանբերը նշեց, որ այս մօտեցումը կ՚ընդգրկէ ինչպէս ԱՄՆ-ի զինուորներու, այնպէս ալ հարեւան որեւէ երկրի զինուորներու պարագան։ Թուրք եւ իրաքցի իրաւասուներու միջեւ յարմար միջոցներով այս նիւթին քննարկումը Փենթակոնի կողմէ կը համարուի յուսադրիչ։ Բաց աստի, Միացեալ Նահանգներու Արտաքին գործոց նախարարութիւնն ալ կոչ ուղղեց, որպէսզի Թուրքիա եւ Իրաք երկխօսութիւն մշակեն այս հարցին շուրջ։
Ծանօթ է, որ Թուրքիա զինուորներ ուղարկած է Հիւսիսային Իրաք եւ այսօր արդէն կը հաղորդուի, թէ շրջանի քրդական ինքնավարութեան ղեկավարը՝ Մեսուտ Պարզանի կը պատրաստուի այցելել Անգարա, ուր նախատեսուած է իր տեսակցութիւնը Վարչապետ Ահմէտ Տավուտօղլուի հետ։ Իսկ Պաղտատի ղեկավարութիւնը երէկ հրաւէր ուղղեց Պերլինի իշխանութիւններուն՝ որպէսզի գերմանական կողմը մարզէ իր զինուորները։ Այս յայտարարութիւնը երէկ կատարուեցաւ Գերմանիոյ Արտաքին գործոց նախարար Ֆրանք Վալթէր-Շթայնմայէրի Պաղտատի մէջ ունեցած շփումներուն ընթացքին։ Իրաքի Վարչապետ Հայտար Էլ Ապատի խնդրեց, որ Գերմանիա աւելցնէ իր օգնութիւնը Իրաքին ի նպաստ՝ «Իրաք-Շամի իսլամական պետութիւն» ահաբեկչական խմբաւորման զինեալներուն դէմ ուղղուած պայքարին շրջագծով։ Էլ Ապատի շեշտեց, թէ ահաբեկչութիւնը ոչ միայն Իրաքի, այլեւ ամբողջ Եւրոպայի համար սպառնալիք մըն է։ Գերմանացի նախարարը Պաղտատի մէջ նշած է, թէ ուշադրութեամբ լսած է այդ խնդրանքը։
Իր կարգին, ԱՄՆ-ի Նախագահ Պարաք Օպաման ալ երէկ ամերիկեան ժողովուրդին խօսք ուղղելու ժամանակ յայտնեց, թէ ԻՇԻՊ-ի դէմ կ՚աշխատին Թուրքիոյ հետ միասին։ Ան նշեց, թէ ներկայիս ԱՄՆ եւ դաշնակիցները աշխատանք կը տանին Թուրքիա-Սուրիա սահմանը արգելափակելու նպատակով։ Սպիտակ տունը չորս հանգրուաններէ բաղկացեալ ծրագիր մը մշակած է ԻՇԻՊ-ը ոչնչացնելու համար։ Այս ծրագիրը կը ներառնէ նաեւ Սուրիոյ ճգնաժամին քաղաքական լուծում մը գտնելու հեռանկարը։ Ամերիկացի ղեկավարը այս ծիրին մէջ զգուշացումներով հանդէս եկաւ նաեւ իսլամատեացութեան դէմ։
Միւս կողմէ, Մոսկուա վերջին օրերուն կուտակումներ կը կատարէ նաեւ Հայաստանի տարածքէն ներս գտնուող իր ռազմախարիսխներուն մօտ, ինչ որ արձագանգ կը գտնէ միջազգային աղբիւրներուն մօտ եւս։