ԴԱՒԱՃԱՆՈՒԹԵԱՆ ՄԵՂԱԴՐԱՆՔ
Հայաստանի Հանրապետութեան Ազգային անվտանգութեան ծառայութեան կողմէ իրականացուած համալիր հետախուզական միջոցառումներու շրջագծով ձերբակալուեցաւ Արմաւիրի մարզի բնակիչ Գարիկ Խաչիկի Մարուքեան (1977)։ Վերոյիշեալ միջոցառումներուն ընթացքին ապահովուած տուեալներու լոյսին տակ 4 Դեկտեմբեր 2015 թուականին ձերբակալուած է երկրի քաղաքացիներէն Գարիկ Մարուքեան, որ եղած է պահեստազօրի գնդապետ։ Ան երկար տարիներ զբաղեցուցած է Հայաստանի Պաշտպանութեան նախարարութեան զանազան զօրամասերու հետախուզութեան պետի պաշտօններ։ Վերոյիշեալ միջոցառումներուն ընթացքին ստուգուած է, որ համացանցի ընկերային կայքէջերուն միջոցաւ ան կապ հաստատած է Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններուն հետ։ Այդ ծառայութիւնները եղած են Ատրպէյճանի յատուկ ծառայութիւններու Թուրքիոյ մէջ գործող լծակները։ Գարիկ Մարուքեան վարձատրութեան դիմաց անոնց փոխանցած է ծառայութեան բերումով իրեն յայտնի դարձած տուեալներ, որոնք կը պարունակէին նաեւ պետական գաղտնիքներ։
Պաշտօնական աղբիւրներու հաղորդումներով, այս կապակցութեամբ յարուցուած է քրէական գործ՝ Հայաստանի Հանրապետութեան Քրէական օրէնսգրքի 299-րդ յօդուածի առաջին մասի յատկանիշներով եւ Գարիկ Մարուքեանին մեղադրանք առաջադրուած է պետական դաւաճանութեան համար։ Այժմ կը կատարուի նախաքննութիւն։