ՀԱԼԷՊԱՀԱՅ ԱՐԻՆԱ ԹԷՔԷԵԱՆ ՉՈՐՍ ԺԱՄ ԼՈՂԱԼԷ ՎԵՐՋ ՓՐԿՈՒԵԼՈՎ ՀԱՍԱԾ Է ԻԶՄԻՐ

«Ա­րե­ւելք» կայ­քէ­ջին վրայ կը կար­դանք.-

Հա­լէ­պա­հայ Ա­րի­նա Թէ­քէեան (19 տա­րե­կան) չորս ժամ լո­ղա­լէ ետք փրկուած ու հա­սած է Իզ­միր: Այս մա­սին տե­ղե­կու­թիւն ստա­ցանք մեր աղ­բիւ­րէն: «Ա­րե­ւել­ք­»ի աղ­բիւ­րը նաեւ յայտ­նեց, որ Իզ­միր հա­սած է նաեւ Ա­րի­նա­յի Գեր­մա­նիա բնա­կու­թիւն հաս­տա­տած մօ­րա­քոյ­րը՝ վեր­ջի­նիս օ­ժան­դա­կու­թիւն ցոյց տա­լու նպա­տա­կով: «Ա­րե­ւել­ք» ե­րէկ տեղեկութիւն փո­խան­ցած էր Ա­րի­նա­յի հա­րա­զատ­նե­րուն ան­հե­տաց­ման մա­սին: Ա­նոնք շուրջ շա­բաթ մը ա­ռաջ Պէյ­րու­թէն Թուր­քիա հաս­նե­լով լաս­տա­նա­ւով փոր­ձած էին հա­տել թրքա­կան ջու­րե­րը եւ հաս­նիլ Յու­նաս­տան: Մին­չեւ այս պա­հը Ա­րի­նա­յի  հա­րա­զատ­նե­րուն՝ ա­նոր հօր, մօր, մեծ­մօր եւ տա­սը տա­րե­կան եղ­բօր՝ Վա­հա­նին մա­սին տե­ղե­կու­թիւն­ներ  չկան: Թէ­քէեան­նե­րու ըն­տա­նի­քը ո­րո­շած էր Յու­նաս­տա­նէն ցա­մա­քի ճա­նա­պար­հով Գեր­մա­նիա հաս­նիլ: 

ԴԻ­ՄՈՒՄ՝ ՊԱՏ­ՐԻԱՐ­ՔԱ­ՐԱՆ

Միւս կող­մէ, են­թա­կա­յին ըն­տա­նի­քը օգ­նու­թեան հա­մար դի­մած է նաեւ Պատ­րիար­քա­րան՝ նա­մակ մը ու­ղար­կե­լով Պատ­րիար­քա­կան Ընդ­հա­նուր Փո­խա­նորդ Տ. Ա­րամ Արք. Ա­թէ­շեա­նին։ Յո­վիկ Պաթ­րու­նեա­նի կող­մէ ստո­րագ­րո­ւած նա­մա­կին մէջ նշո­ւած է հե­տե­ւեա­լը.

«Ստո­րագ­րեալս՝ Յո­վիկ Պաթ­րու­նեան, նախ­կին հա­լէ­պա­հայ, ներ­կա­յիս Ե­րե­ւա­նի բնա­կիչ, մէկ շա­բա­թէ ի վեր ծանր տագ­նա­պի մէջ ըլ­լա­լով կը շա­րու­նա­կեմ տե­ղե­կու­թիւ­ննե­րու սպա­սել իմ քրոջս՝ Թա­լին Պաթ­րու­նեա­նի, ա­նոր ա­մուս­նոյն՝ Յով­հան­նէս Թէ­քէեա­նի, ա­նոնց տա­սը տա­րե­կան զաւ­կին՝ Սե­րուժ Վա­հան Թէ­քէեա­նի եւ մօրս՝ Սե­դա Գրի­գո­րեա­նի (Գար­գուր)  մա­սին:

«Մե­զի հա­սած տե­ղե­կու­թեանց հա­մա­ձայն նշեմ, թէ իմ քրոջս դուստ­րը՝ Ա­րի­նան, 19 տա­րե­կան, որ կը գտնուէր իր ըն­տա­նի­քի միւս ան­դամ­նե­րուն հետ Թուր­քիա­յէն դէ­պի Յու­նաս­տան ուղ­ղուղ լաս­տա­նա­ւին վրայ, նա­ւի ընկղ­մու­մէն ետք փրկուած ըլ­լա­լով հա­սած է Իզ­միր, եւ ներ­կա­յիս ո­րոշ աշ­խա­տան­քեր կը տա­րուին ա­նոր Գեր­մա­նիա մուտ­քի ար­տօ­նու­թիւ­նը հեշ­տաց­նե­լու հա­մար:

«Տե­ղին կը հա­մա­րեմ  սրբա­զան հօր ը­սել, թէ Գեր­մա­նիա բնա­կող քոյրս՝ Նա­յի­րի Պաթ­րու­նեան այս տագ­նա­պին պատ­ճա­ռով  հա­սած  է Իզ­միր, որ­պէս­զի իր օ­ժան­դա­կու­թիւ­նը բե­րէ Ա­րի­նա­յին եւ զայն իր հետ Գեր­մա­նիա տա­նե­լու կար­գադ­րու­թիւն­նե­րը կա­տա­րէ:

«Սրբա­զան հայր, քաջ գի­տակ­ցե­լով, որ դուք մեծ հե­ղի­նա­կու­թիւն ու­նիք Պոլ­սոյ հա­յոց հա­մայն­քին եւ Թուր­քիոյ պե­տա­կան շրջա­նակ­նե­րուն մօտ, ան­վա­րան պի­տի խնդրեմ ձեր օրհ­նա­բեր մի­ջամ­տու­թիւ­նը յա­ւե­լեալ ճշգրիտ եւ ման­րա­մասն տե­ղե­կա­նա­լու հա­մար մօրս, քրոջս եւ իր պա­րա­գա­նե­րու ճա­կա­տագ­րին մա­սին:

«Կը մնամ սպա­սող ձեր թե­լադ­րանք­նե­րուն եւ կը հա­ւա­տամ, որ ձեր հայ­րա­կան ճի­գը պի­տի ներդ­նէք այս խնդրի բար­ւոք լուծ­ման հա­մար»:

Չորեքշաբթի, Դեկտեմբեր 9, 2015